Անտրէաս Քացանյոթիս Թուրքիոյ յոյն համայնքի մասին

Յունաստանի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան փո­­խանորդ Անտրէաս Քա­­ցան­­յո­­­թիս նա­­խորդ շա­­բաթ Իս­­թանպուլ այ­­ցե­­­լեց եւ մաս­­նակցե­­ցաւ Իմ­­րոզ կղզիի մէջ Յու­­նաց Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քի մա­­տու­­ցած Սուրբ Պա­­տարա­­գին։ Այս առ­­թիւ «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­պետ Եդո­­ւարդ Տան­­ձի­­­կեան գրա­­ւոր կեր­­պով հար­­ցումներ ուղղեց նա­­խարա­­րի փո­­խանոր­­դին եւ ստա­­ցաւ բո­­վան­­դա­­­կալից պա­­տաս­­խան։

Տան­­ձի­­­կեան նախ կը հարցնէր Թուրքիոյ յոյն հա­­մայնքի կա­­րեւո­­րագոյն խնդիր­­նե­­­րը, որոնց կար­­գին նշե­­լով նաեւ Հէյ­­պե­­­լի Կղզիի Հո­­գեւոր Ճե­­մարա­­նի հար­­ցը։ Հիւր դի­­ւանա­­գէտը նախ ընդգծեց յոյն փոք­­րա­­­մաս­­նութեան բազ­­մա­­­դարեան գո­­յու­­թիւնը։ Գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն յայտնեց որ պե­­տու­­թեան յա­­րատեւ ճնշումնե­­րուն դի­­մաց այդ հա­­մայնքը թէեւ բնակ­­ցութեան թի­­ւով նո­­ւազած, կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր գո­­յու­­թիւնը ուժգնօ­­րէն պա­­հելու։ Ան անդրա­­դար­­ձաւ 2013 թո­ւակա­­նէն ի վեր առ­­կա­­­խուած հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան խնդրին։ Դի­­տել տո­­ւաւ նաեւ թէ Թուրքիա քրիս­­տո­­­նեայ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու դէմ անոնց կրօ­­նական ազա­­տու­­թիւննե­­րու առու­­մով եւս խնդիր­­ներ կ՚ապ­­րի։ Այդ խնդիր­­նե­­­րուն կա­­րեւո­­րագոյնն է Յու­­նաց Պատ­­րիար­­քի Տիեզե­­րական կո­­չու­­մի մեր­­ժումը եւ իրա­­ւական հան­­գա­­­ման­­քի զլա­­ցու­­մը։ «Հո­­գեւոր Ճե­­մարա­­նի վե­­րաբաց­­ման հա­­մար որե­­ւէ յա­­ռաջըն­­թաց չէ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած եւ այս երե­­ւոյթն ալ հիաս­­թա­­­փու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ։ Դժբախ­­տա­­­բար Թուրքիա այս նիւ­­թին մէջ անի­­մաստ կեր­­պով փո­­խադար­­ձութեան սկզբունքի մա­­սին կը խօ­­սի։ Այսպէ­­սով ալ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան որ­­դեգրած մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու եւ հիմ­­նա­­­կան ազա­­տու­­թիւննե­­րու առու­­մով վի­­ճելի կը դառ­­նայ»։

Պա­­տաս­­խա­­­նելով Հո­­գեւոր Ճե­­մարա­­նի վե­­րաբաց­­ման հա­­մար եր­­կու եր­­կիրնե­­րու կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ բա­­նակ­­ցութեան գոր­­ծընթաց մը ըլ­­լա­­­լու մա­­սին հար­­ցումին, Քա­­ցան­­յո­­­թիս պար­­զեց թէ այս նիւ­­թը եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ խնդիր մը չէ, այլ Թուրքիոյ կա­­ռավա­­րու­­թեան եւ Թուրքիոյ ա­­մայնքի մի­­ջեւ։ «Նիւ­­թը կը վե­­րաբե­­րի Թուրքիոյ Կա­­ռավա­­րու­­թեան իր քրիս­­տո­­­նեայ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու հան­­դէպ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւննե­­րուն։ Այդ առու­­մով ալ բարձրա­­ձայ­­նո­­­ւած է զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու եւ Յու­­նաստա­­նի կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու կող­­մէ»։

Հիւր դի­­ւանա­­գէտը նշած է թէ Լո­­զանի Դաշ­­նագրի ստո­­րագ­­րութեան շրջա­­նին Պոլ­­սոյ յոյն հա­­մայնքի բնակ­­չութիւ­­նը կը հաս­­նէր 120 հա­­զարի։ Այ­­սօր այդ նոյն հա­­մայնքը նո­­ւազած է մին­­չեւ 2 հա­­զարի սահ­­մաննե­­րուն, մինչդեռ արեւմտեան Թրա­­քիոյ թուրքե­­րը կը պա­­հեն Լո­­զանի Դաշ­­նագրի ստո­­րագ­­րո­­­ւած օրե­­րու բնակ­­չութիւ­­նը։

Ան նաեւ անդրա­­դար­­ձած է Ան­­տիոքի արա­­բախօս ուղղա­­փառ հա­­մայնքի Պոլ­­սոյ յոյ­­նե­­­րու հետ ապա­­հոված շի­­նիչ մեր­­ձե­­­ցու­­մին։ «Ու­­րախ եմ որ անոնք կը նա­­խընտրեն Պոլ­­սոյ յու­­նաց վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը յա­­ճախել եւ որոշ կեն­­սունա­­կու­­թիւն փո­­խան­­ցել հա­­մայնքին» նշած է Քա­­ցան­­յո­­­թիս։

Վեր­­ջա­­­պէս ան զօ­­րակ­­ցութիւն յայտնած է Իմ­­րոզ կղզիի յոյն բնակ­­չութեան։ Ող­­ջունած է այնտեղ ծա­­ւալող դպրո­­ցաշի­­նական աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը։ «Կրթու­­թեան Նա­­խարա­­րու­­թեան հետ հա­­մագոր­­ծակցե­­լով պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք ու­­սուցչա­­կան անձնա­­կազ­­մը ապա­­հովել եւ կղզիի վրայ նոր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու գո­­յաց­­ման սա­­տարել։ Ան­­շուշտ այդ ըն­­թացքի մէջ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք նաեւ Թուրքիոյ ստանձնած պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը եւ խոս­­տումնե­­րը յի­­շեց­­նե­­­լու եւ կղզիաբ­­նակ յոյ­­նե­­­րու են­­թարկո­­ւած անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րը մատ­­նանշե­­լու։ Լո­­զանի Դաշ­­նագրի 14-րդ յօ­­դուա­­ծի ապա­­ւինե­­լով քրիս­­տո­­­նեայ բնակ­­չութեան իրենց ու ինչքե­­րուն անվտան­­գութիւ­­նը ապա­­հովե­­լու հա­­մար Թուրքիոյ տեղ­­ւոյն տար­­րե­­­րէն բաղ­­կա­­­ցող յա­­տուկ վար­­չութեան մըն ալ հաս­­տատման կա­­րեւո­­րու­­թիւնը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ