Յայտարարութին 14 Փետրուար Պատմուածքի Համաշխարհային օրուայ

Գրողներու «Փեն» համաշխարհային միութիւնը նախորդ տարի նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Միութեան 68-րդ համագումարին կայացած որոշումով մը 14 Փետրուարը նշուած է իբրեւ Պատմուածքի Միջազգային Օր։ Այս տարի սոյն օրուայ յայտարարգիրը գրելու հրաւիրուած էր թերթիս հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Էսդուգեանի խմբագրած յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Բացի այդ, նոյն շրջագծի ծիրէն ներս 19-րդ Անգարայի Միջազգային Պատմուածքի օրերը պիտի կայանան 20-28 Մայիս 2022 թուականին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Բագրատ Էսդուգեանի խմբագրած յայտարարագրին հայերէն տարբերակը։

Պապը կամ տա­­տը այլ տեղ, հայ­­րը կամ մայ­­րը ու­­րիշ տեղ հո­­ղին յանձնուած, ինք տար­­բեր եւ հա­­ւանա­­բար զա­­ւակ­­նե­­­րը բո­­լորո­­վին տար­­բեր վայ­­րեր թա­­ղուե­­լիք մար­­դիկ ճանչցայ։ Դրա­­մի իշ­­խա­­­նու­­թեան տակ մար­­դիկ կը հար­­կադրո­­ւին իրենց ծնած, աճած հո­­ղերը լքե­­լով օտար եր­­կիրներ թա­­փարե­­լու։ Գաղ­­թը եւ գաղ­­թա­­­կանու­­թիւնը օտա­­րու­­թեան մէջ նոր զրկանքներ, ու­­ծա­­­ցում եւ այ­­լա­­­սերում կը պար­­տադրէ ան­­հա­­­տին։ Ան­­ձը գաղ­­թի ճամ­­բուն վրայ կը կորսնցնէ զինք շրջա­­պատող մշա­­կու­­թա­­­յին են­­թա­­­հողը ու ի ծնէ ծա­­նօթ կեն­­ցա­­­ղը։ Պատ­­մե­­­լը ար­­գելք է մո­­ռացու­­թեան, կամ յի­­շելու երաշ­­խի­­­քը։ Պատ­­մո­­­ւած­­քը բեռ­­նէ բե­­րան, գրչէ գրիչ շրջե­­լով հին ապ­­րումնե­­րու, պատ­­մութեան, նախ­­նի­­­ներու, կարճ խօս­­քիով ար­­մատնե­­րու կը կա­­պէ մեզ։

Հինգ դար առաջ Իպե­­րեան թե­­րակղզիէն վտա­­րուած­­նե­­­րու, հա­­րիւր յի­­սուն տա­­րի առաջ Կով­­կա­­­սեան լեռ­­նե­­­րէն պո­­կուե­­լով Սեւ Ծո­­վու ալիք­­նե­­­րուն կեան­­քեր զո­­հաբե­­րող­­նե­­­րուն, Պալ­­քա­­­նեան ապաս­­տա­­­նեալ­­նե­­­րուն թոռ­­նե­­­րը այ­­սօր նող­­կանքով կը նա­­յին Սու­­րիայէն, Աֆ­­ղանստա­­նէն, Իրա­­քէն փախ­­չե­­­լով եկած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն։ Մի­­ջերկրա­­կանի ծո­­վափին խեղ­­դա­­­մահ եղած գաղ­­թա­­­կանի մը մար­­մի­­­նը ծած­­կած են քուրչե­­րով ու կը սպա­­սեն դա­­տախա­­զի քննու­­թեան, մինջ ան­­մի­­­ջապէս կող­­քին զբօ­­սաշրջիկ­­ներ կը շա­­րու­­նա­­­կեն վա­­յելել արե­­ւի ջեր­­մութիւ­­նը կամ ծո­­վու հմայ­­քը։ Պոտ­­րումի ծո­­վեզ­­րին չոր­­սա­­­մեայ երա­­խայի մը ան­­շումչ մար­­մի­­­նը գրկած զի­­նուո­­րի ար­­ցունքը սա­­ռած է այ­­տե­­­րուն։ Իսկ այդ ոճի­­ռի հե­­ղինակ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ նոյն նկա­­րին նա­­յելով կո­­կոր­­դի­­­լոսի ար­­ցունքներ կը հո­­սեց­­նեն։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքա­­կանո­­թեան ստեղ­­ծած այս խա­­ւարին մէջ արո­­ւեստն է որ կը ձգտի հո­­գինե­­րը սփո­­փելու։ Գրա­­կանու­­թիւնն է որ պի­­տի դպչի մարդկա­­յին զգա­­ցումնե­­րու, խղճի եւ ի վեր­­ջոյյ մտքին։ Ար­­գելք պի­­տի ըլ­­լայ սրտե­­րու սա­­ռուցման, չա­­րիքի հետ հաշ­­տո­­­ւելու։

Ան­­գա­­­րա Պատ­­մո­­­ւած­­քի Օրե­­րու այս տա­­րուայ գլխա­­ւոր նիւ­­թին գաղթն ու գաղ­­թա­­­կանու­­թիւնը ըլ­­լա­­­լով ճշդո­­ւիլը, մե­­րօրեայ իրո­­ղու­­թիւնը մատ­­նանշե­­լու առու­­մով խիստ իմաս­­տա­­­լից է։ Մար­­դուն մար­­դը հասկնա­­լուն, խիղ­­ճե­­­րուն չժան­­գո­­­տելուն ու չա­­րիքին վե­­րաց­­ման յոյ­­սով...

Պատ­­մո­­­ւած­­քը ար­­ձակ գրա­­կանու­­թեան իրա­­տես եղա­­նակն է։ Ան հա­­յելի մըն է մեր դի­­մաց։ Խօս­­քը կ՛ուղղէ ըն­­թերցո­­ղին եւ զայն ալ կը ներ­­քա­­­շէ եր­­կը խո­­սու­­թեան։ Մի­­ջոց կը դառ­­նայ «այ­­լէ հա­­մարո­­ւածը ըն­­կա­­­լելու։ Գրա­­կան այս ոճը ու­­շադրու­­թեան կի­­զակէ­­տին բե­­րելու եւ ող­­ջունե­­լու հա­­մար առիթ մըն է 14 Փետ­­րո­­­ւար թո­­ւակա­­նը, որ ձօ­­նուած է Պատ­­մո­­­ւած­­քի Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Օրո­­ւան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ