Ատրպէյճան կ՚ուրանայ Հայկական մշակութային ժառանգը

8Փետ­րո­­ւարին, հայ­­կա­­­կան եւ օտար կա­­ռոյցներ դա­­տապար­­տե­­­ցին Ատրպէյ­­ճա­­­նի, Ար­­ցա­­­խի եւ շրջա­­կայ­­քի հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը «հա­­յացուած ալ­­պա­­­նական յու­­շարձան­­ներ» ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբ կազ­­մե­­­լու նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը։

Ար­­ցա­­­խի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը խստա­­գոյնս դա­­տապար­­տեց Ատրպէյ­­ճա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն՝ այս ըն­­թացքը։

«Տո­­ւեալ քայ­­լը եւս մէկ ան­­գամ հա­­մոզիչ կեր­­պով հաս­­տա­­­տում է այն ակնյայտ փաս­­տը, որ ատրպէյ­­ճա­­­նական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րի վե­­րահսկո­­ղու­­թեան տակ յայտնո­­ւած հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեանը լիակա­­տար ոչնչաց­­ման կամ պատ­­մա­­­կան ար­­մատնե­­րից ան­­ջա­­­տուե­­լու իրա­­կան վտանգ է սպառ­­նում», յայ­­տա­­­րարած է Ար­­ցա­­­խի Ար­­տա­­­քին Քա­­ղաքա­­կանու­­թեան Գե­­րատես­­չութիւ­­նը՝ աւելցնե­­լով. «Հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան ոչնչա­­ցու­­մը ոչ միայն Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովրդին իր իրաւունքնե­­րից, այդ թւում՝ մշա­­կոյ­­թի իրա­­ւունքից զրկե­­լու փորձ է, այ­­լեւ՝ մար­­տահրա­­ւէր մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան հա­­մար եւ սպառ­­նա­­­լիք խա­­ղաղու­­թեանը եւ անվտան­­գութեանը»։

Յայտնենք, որ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մշա­­կոյ­­թի նա­­խարար Անար Քե­­րիմով 3 Փետ­­րո­­­ւարին լրագ­­րողնե­­րու հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մին ըն­­թացքին յայ­­տա­­­րարեց, թէ յա­­ռաջա­­ցած է տեղ­­ւոյն ու մի­­ջազ­­գա­­­յին մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբ, որ պի­­տի այ­­ցե­­­լէ «հա­­յացո­­ւած ալ­­պա­­­նական յու­­շարձան­­ներ»՝ ընդգծե­­լով. «Հա­­յերը հետ­­քեր ձգած են մեր յու­­շարձան­­նե­­­րուն վրայ, անոնց վե­­րաբե­­րեալ այժմ մենք ապա­­ցոյցներ կը հա­­ւաքենք»։

Ար­­ցա­­­խէն կոչ ուղղե­­ցին մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան եւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րուն՝ ան­­յա­­­պաղ անհրա­­ժեշտ քայ­­լե­­­րու ձեռ­­նարկե­­լու՝ պար­­տադրե­­լու Պա­­քուին կա­­տարել իր մի­­ջազ­­գա­­­յին պար­­տա­­­ւորու­­թիւննե­­րը՝ «պահ­­պա­­­նելով եւ յար­­գե­­­լով հայ ժո­­ղովրդի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը, եւ լիար­­ժէք կեր­­պով կա­­տարել ՄԱ­­Կի Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­տարա­­նի մի­­ջան­­կեալ մի­­ջոց­­նե­­­րի կի­­րառ­­ման մա­­սին որո­­շու­­մը»։

Իր կար­­գին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միածի­­նը, դա­­տապար­­տե­­­լով այս քայ­­լը՝ դի­­մեց ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան կար­­գա­­­ւոր­­ման մէջ ներգրա­­ւուած բո­­լոր եր­­կիրնե­­րուն, առա­­ջին կար­­գին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հա­­մանա­­խագա­­հող պե­­տու­­թիւննե­­րուն, քոյր եկե­­ղեցի­­ներուն եւ կրօ­­նական կա­­ռոյցնե­­րուն, մի­­ջազ­­գա­­­յին մաս­­նա­­­գիտա­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րուն՝ «խստա­­գոյնս ար­­ձա­­­գան­­գե­­­լու Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մից իրա­­կանա­­ցուող մշա­­կու­­թա­­­յին եղեռ­­նա­­­գոր­­ծութեան ան­­թա­­­քոյց այս փաս­­տին՝ կա­­սեց­­նե­­­լու եւ կան­­խե­­­լու հա­­մար վան­­տա­­­լիզ­­մի այս ու նմա­­նօրի­­նակ դրսե­­ւորումնե­­րը»։

Պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւանը եւս խստօ­­րէն դա­­տապար­­տեց Պա­­քուի վե­­րահսկո­­ղու­­թեան տակ յայտնո­­ւած հայ­­կա­­­կան կրօ­­նական եւ պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին կո­­թող­­նե­­­րու ինքնու­­թիւնը փո­­խելու նպա­­տակով աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբ կազ­­մե­­­լու՝ Ատրպէյ­­ճա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն որո­­շու­­մը։

«Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղում հայ­­կա­­­կան պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին եւ կրօ­­նական ժա­­ռան­­գութեան նկատ­­մամբ վան­­տա­­­լիզ­­մի եւ ոչնչաց­­ման դէպ­­քե­­­րը կրում են մի­­տումնա­­ւոր ու ծրագ­­րո­­­ւած բնոյթ», յայ­­տա­­­րարեց պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւանը՝ խստօ­­րէն դա­­տապար­­տե­­­լով Ատրպէյ­­ճա­­­նի մշա­­կոյ­­թի նա­­խարար Անար Քե­րիմովի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։

«Հա­­րեւան ժո­­ղովրդի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը մի­­տումնա­­ւոր ու ապօ­­րինի իւ­­րացնե­­լու եւ նրան պատ­­մա­­­կան յի­­շողու­­թիւնից զրկե­­լու նպա­­տակով պե­­տական մա­­կար­­դա­­­կով նման կա­­ռոյ­­ցի ստեղ­­ծումը ան­­նա­­­խադէպ է ան­­գամ հա­­կամար­­տութիւննե­­րի պատ­­մութեան հա­­մար», շեշ­­տեց Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կան գե­­րատես­­չութիւ­­նը՝ ընդգծե­­լով, թէ ասի­­կա կու գայ ան­­գամ մը եւս հաս­­տա­­­տելու, որ 44 օրեայ պա­­տերազ­­մին եւ յա­­ջոր­­դած ժա­­մանա­­կաշրջա­­նին Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի մէջ հայ­­կա­­­կան պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին եւ կրօ­­նական ժա­­ռան­­գութեան նկատ­­մամբ վան­­տա­­­լիզ­­մի եւ ոչնչաց­­ման դէպ­­քե­­­րը կը կրեն մի­­տումնա­­ւոր ու ծրագ­­րո­­­ւած բնոյթ, եւ Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղը իր բնիկ հայ բնակ­­չութե­­նէն զրկե­­լու քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մաս կը կազ­­մեն։

«Ատրպէյ­­ճա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան այս քայ­­լը բա­­ցայայտ մար­­տահրա­­ւէր է ՄԱԿ-ի Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­տարա­­նի կող­­մից 2021թ. Դեկ­­տեմբե­­րի 7-ին կա­­յացո­­ւած հրա­­տապ մի­­ջոց­­ներ կի­­րառե­­լու վե­­րաբե­­րեալ որոշ­­մա­­­նը, որը յստակ կեր­­պով պար­­տա­­­ւորեց­­նում է Ատրպէյ­­ճա­­­նին՝ «ձեռ­­նարկել բո­­լոր անհրա­­ժեշտ մի­­ջոց­­նե­­­րը՝ կան­­խե­­­լու եւ պատ­­ժե­­­լու վան­­տա­­­լիզ­­մի ու պղծման գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը՝ ուղղո­­ւած հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան, նե­­րառեալ՝ եկե­­ղեցի­­ների եւ այլ պաշ­­տա­­­մունքի վայ­­րե­­­րի, յու­­շարձան­­նե­­­րի, տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րի, գե­­րեզ­­մա­­­նատ­­նե­­­րի եւ արո­­ւես­­տի գոր­­ծե­­­րու, հնու­­թիւննե­­րու դէմ», կ՚ըսուի Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան հա­­ղոր­­դագրու­­թեան մէջ։

Պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւանը կը հաս­­տա­­­տէ, որ հայ­­կա­­­կան պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան եւ կրօ­­նական սրբա­­ւայ­­րե­­­րու ոչնչաց­­ման եւ ինքնու­­թեան խե­­ղաթիւրման այս քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը կը հա­­կասէ հաշ­­տութեան հաս­­նե­­­լու Ատրպէյ­­ճա­­­նի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն եւ լուրջ խո­­չըն­­դոտներ կը ստեղ­­ծէ տա­­րածաշրջա­­նին մէջ տե­­ւական խա­­ղաղու­­թեան հաս­­տատման ձգտու­­մին։

Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու Կրօ­­նական ազա­­տու­­թիւննե­­րու հար­­ցե­­­րու յանձնա­­ժողո­­վը իր կար­­գին մտա­­հոգու­­թիւն յայտնեց եկե­­ղեցի­­ներէն հայ­­կա­­­կան ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րը հե­­ռաց­­նե­­­լու՝ Պա­­քուի ծրա­­գիր­­նե­­­րուն գծով։ «Մենք խո­­րապէս մտա­­հոգ ենք եկե­­ղեցի­­ներէն Հայ առա­­քելա­­կան ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րը հե­­ռաց­­նե­­­լու Ատրպէյ­­ճա­­­նի ծրա­­գիր­­նե­­­րով։ Կոչ կ՚ուղղենք կա­­ռավա­­րու­­թեան՝ պահ­­պա­­­նելու եւ պաշտպա­­նելու պաշ­­տա­­­մունքի վայ­­րե­­­րը եւ այլ կրօ­­նական, մշա­­կու­­թա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րը», «Թո­­ւիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է յանձնա­­ժողո­­վի ղե­­կավար Նա­­տին Մաեն­­զա։

Այս գծով ահա­­զանգ հնչե­­ցուց նաեւ յու­­նա­­­հայ­­կա­­­կան բա­­րեկա­­մու­­թեան ըն­­կե­­­րակ­­ցութիւ­­նը՝ յայ­­տա­­­րարու­­թեան մը մի­­ջոցաւ դա­­տապար­­տե­­­լով հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցի­­ներէն հայ­­կա­­­կան ներ­­կա­­­յու­­թեան վե­­րաց­­ման հա­­մար աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբ կազ­­մե­­­լու Ատրպէյ­­ճա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը։ Յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը հա­­յերէ­­նով եւ յու­­նա­­­րէնով «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ զե­­տեղած է Յու­­նաստա­­նի մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պա­­­նու­­թիւնը։

«Յու­­նա-հայ­­կա­­­կան բա­­րեկա­­մու­­թեան ըն­­կե­­­րակ­­ցութիւ­­նը դա­­տապար­­տում է աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբ ստեղ­­ծե­­­լու՝ Ատրպէյ­­ճա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը, որի նպա­­տակն է՝ նպաս­­տել Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մից Ար­­ցա­­­խից գրա­­ւուած տա­­րածքնե­­րում հայ­­կա­­­կան տա­­ճար­­նե­­­րից հայ­­կա­­­կան ներ­­կա­­­յու­­թեան ոչնչաց­­նե­­­լը այն պատ­­րո­­­ւակով, թէ իբր այդ տա­­ճար­­նե­­­րը պատ­­կա­­­նել են Կով­­կա­­­սի ալ­­բա­­­նական եկե­­ղեցու­­ն», կը նշեն յայ­­տա­­­րարու­­թեան հե­­ղինակ­­նե­­­րը։

Ըստ անոնց՝ իրա­­կանու­­թիւնն այն է, որ Կով­­կա­­­սի ալ­­պա­­­նական եկե­­ղեցին եղած է ինքնա­­վար եկե­­ղեցի, ստեղ­­ծո­­­ւած է կարճ ժա­­մանա­­կով 5րդ դա­­րուն եւ 705 թո­­ւակա­­նին են­­թարկո­­ւած է Հայ առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ։ Ալ­­պա­­­նական այ­­բուբե­­նը ստեղ­­ծո­­­ւած է Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցին կող­­մէ՝ 405 թո­­ւակա­­նին։ «Հե­­տեւա­­բար, գրե­­թէ անհնա­­րին է, որ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցին օգ­­տա­­­գոր­­ծէր ալ­­բա­­­նական տա­­ճար­­նե­­­րը։ Ակնյայտ է, որ Պա­­քուի նպա­­տակն է՝ մշա­­կու­­թա­­­յին ֆա­­շիզ­­մի գոր­­ծո­­­ղու­­թեամբ՝ հեր­­թա­­­կան ան­­գամ մշա­­կու­­թա­­­յին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն իրա­­կանաց­­նե­­­լը», կը շեշ­­տուի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Յու­­նա-հայ­­կա­­­կան բա­­րեկա­­մու­­թեան ըն­­կե­­­րակ­­ցութիւ­­նը՝ դա­­տապար­­տե­­­լով այդ արար­­քը, կոչ ուղղեց ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ին եւ այլ մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու՝ դիր­­քո­­­րոշո­­ւելու ու ձեռ­­նարկե­­լու ամէն ին­­չի, որ անհրա­­ժեշտ է այս քայ­­լը կան­­խե­­­լու։

Տա­­կաւին ամիս­­ներ առաջ Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւ, այ­­ցե­­­լելով Հադ­­րութի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեցին՝ յայ­­տա­­­րարեց. «Հա­­յերը պղծած են թէ՚ մեր մզկիթ­­նե­­­րը եւ թէ հին ալ­­պա­­­նական տա­­ճար­­նե­­­րը։ Բայց մենք կը վե­­րականգնենք։ Այս բո­­լոր գրու­­թիւննե­­րը կեղծ են, աւե­­լի ուշ աւել­­ցո­­­ւած գրու­­թիւններ են»։

Պաշ­­տօ­­­նական տո­­ւեալ­­նե­­­րով՝ 2020-ի պա­­տերազ­­մին իբ­­րեւ ար­­դիւնք Ատրպէյ­­ճա­­­նի վե­­րահսկո­­ղու­­թեան տակ մնա­­ցած են առ­­նո­­­ւազն 1456 նշա­­նաւոր յու­­շարձան­­ներ, որոնց կար­­գին 161 վան­­քեր եւ եկե­­ղեցի­­ներ եւ 591 խաչ­­քա­­­րեր։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ