Կամարակի հայոց գերեզմանը պարսպապատուած

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Պարսպա­­պատո­­ւած է Սե­­բաս­­տիոյ Կա­­մարակ գա­­ւառի հայ­­կա­­­կան գե­­րեզ­­մա­­­նը։ Կա­­մարա­­կի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ նա­­խորդ ամիս մեկ­­նարկած պարսպա­­պատ­­ման աշ­­խա­­­տանքնե­­րը աւար­­տին հա­­սած է։ Գե­­րեզ­­մա­­­նատան պարսպա­­պատու­­մը գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած է նաեւ գա­­ւառի բնակ­­չութեան։ «Ակօս»ին բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւող Կա­­մարա­­կի քա­­ղաքա­­պետ Ռեմ­­զի Քը­­լըչ­­տա­­­ղը նշած է, որ պարսպա­­պատու­­մէն ետք յա­­ջորդ աշ­­խա­­­տան­­քը պի­­տի ըլ­­լայ ծա­­ռատունկը։ Մօ­­տաւո­­րապէս 5 ար­­տա­­­վար տա­­րածք զբա­­ղեց­­նող գե­­րեզ­­մա­­­նը նա­­խորդ քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րու շրջա­­նին ան­­տե­­­սուած էր։ «Կա­­մարա­­կի նախ­­կին հայ բնա­­կիչ­­նե­­­րու այս մա­­սին պա­­հանջնե­­րը նկա­­տի առ­­նե­­­լով ձեռ­­նարկած ենք այս աշ­­խա­­­տան­­քին։ Հի­­մա կը պատ­­րաստուինք գե­­րեզ­­մա­­­նատան մուտքի դար­­պա­­­սի շի­­նու­­թեան։ Կ՚ակնկա­­լեմ որ նախ­­կին կա­­մարակ­­ցի հա­­յերն ալ աւե­­լի մեծ ու­­շադրու­­թիւն ցու­­ցա­­­բերեն իրենց ան­­ցեալը խորհրդան­­շող այս տա­­րած­­քին հան­­դէպ» ըսած է քա­­ղաքա­­պետ Ռեմ­­զի Քը­­լըչ­­տա­­­ղը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ