Անարգանք Կորքիի աղբիւրին

Վանի Արտամէտ գաւառի մէջ անուանի հայ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի յիշատակին կառուցուած աղբիւրը օրըստօրէ կը մաշի անխնա­մու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետի պաշ­տօ­նան­կութե­նէ ետք նշա­նակո­ւած տե­ղապա­հի օրով նախ քան­դո­ւեցան աղ­բիւրի չորս ծո­րակ­նե­րը, ապա վե­րացան նկա­րիչ Ար­շի Կոր­քիի կեն­սագրու­թիւնը թրքե­րէն, հա­յերէն, քրտե­րէն եւ անգլե­րէն ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նող յու­շա­քարը։

Նոյնպէս վնա­սուած է «Կոր­քիի Աղ­բիւրը» գրու­թիւնը։ Պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան վեր­ջերս կրկին ան­գամ այ­ցե­լած է աղ­բիւրը եւ անոր տխուր վի­ճակը տես­նե­լով յայտնած է թէ այս անար­գանքը պի­տի փո­խան­ցէ Խորհրդա­րանի օրա­կար­գին եւ բա­ցատ­րութիւն պի­տի պա­հան­ջէ պա­տաս­խա­նատու­ներէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ