Վերամեկնարկեց Երեւան-Իսթանպուլ Թռիչքները

«Ֆլայ Ուան Ար­մե­նիա» Օդա­յին ըն­կե­րու­թիւնը նա­խորդ 2 Փետ­րո­ւար չո­րեք­շաբթի օր կա­տարեց դէ­պի Իս­թանպուլ առա­ջին չո­ւեր­թը։ Աւե­լի քան 60 ու­ղե­ւոր­նե­րով Իս­թանպու­լի օդա­կայան վայ­րէջք կա­տարող ուղղա­թիռը դի­մաւո­րուե­ցաւ ծաղ­կե­փունջե­րով եւ քաղցրա­ւենիի հիւ­րա­սիրու­թեամբ։ Ու­ղե­ւոր­նե­րու մէջ էր նաեւ ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Արամ Անա­նեան եւ իր հրա­ւէրին ըն­դա­ռաջող խումբ մը լրագ­րողներ։

Արամ Անա­նեան յա­ջորդ օր Պոլ­սա­հայ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Հա­յաս­տա­նի Մշտա­կան Ներ­կա­յացուցչու­թեան գրա­սենեակին մէջ։ Տնօ­րէնը այդտեղ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ այս նոր ու­ղե­գիծի ծրագ­­րա­­­ւորան մա­­սին։ «Ֆլայ Ուան Ար­­մե­­­նիա» ըն­­կե­­­րու­­թեան մի­­ջոցաւ Երե­­ւան ճամ­­բորդել ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րը տոմ­­սե­­­րը պի­­տի հայ­­թայթեն ըն­­կե­­­րու­­թեան կայ­­քէ­­­ջի մի­­ջոցաւ։

«Տոմ­­սե­­­րու ար­­ժէ­­­քը ճշդո­­ւած է 39 Եւ­­րո­­­յէն սկսեալ գի­­ներով։ Մէկ ուղղու­­թեան հա­­մար ճշդո­­ւած այս գի­­նը երթ ու դար­­ձի պա­­րագա­­յին մին­­չեւ 20 քկ.-ի ճամբրու­­կով կը հաս­­նի 100 Եւ­­րո­­­յի» պար­­զեց Արամ Անա­­նեան։

Հայ­­կա­­­կան ըն­­կե­­­րու­­թեան վայ­­րէջք կա­­տարած այդ նոյն օր երե­­կոյեան ժա­­մերուն թրքա­­կան «Փե­­կասուս» ըն­­կե­­­րու­­թիւնն ալ Սա­­պիհա Կէօք­­չեն Օդա­­կայա­­նէն մեկ­­նե­­­լով կը կա­­տարէր դէ­­պի Երե­­ւան իր առա­­ջին թռիչ­­քը։ Տե­­ղական մա­­մու­­լը փո­­խադարձ թռիչքնե­­րու սկսի­­լը վե­­րագ­­րեց 14 Յու­­նո­­­ւար 2022-ին Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ բա­­նագ­­նացնե­­րու Մոս­­կո­­­վեան հան­­դի­­­պու­­մով մեկ­­նարկող եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման գոր­­ծընթա­­ցին։ Նման տպա­­ւորու­­թիւն մը ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Մինչդեռ Իս­­թանպուլ-Երե­­ւանի մի­­ջեւ թռիչքնե­­րը ու­­նին աւե­­լի քան քա­­ռորդ դա­­րի ան­­ցեալ մը։

Եր­­կու քա­­ղաք­­նե­­­րու մի­­ջեւ կա­նոնա­ւոր եր­թե­ւեկու­թիւնը կանգ առած էր ոչ քա­ղաքա­կան պատ­ճառնե­րով, այլ՝ «Ատ­լաս Կլո­պալ» ըն­կե­րու­թեան սնան­կացման հե­տեւան­քով։ Այդ ընդհա­տու­մին վրայ հա­սաւ 2020-ի տա­րես­կիզբէն սկսեալ ամ­բողջ աշ­խարհը իր ճի­րան­նե­րուն մէջ առած Քո­վիտ 19-ի հա­մավա­րակը։ Որոշ ժա­մանակ ընդհա­տուե­ցան աշ­խարհի երե­սին բո­լոր թռիչքնե­րը, գրե­թէ բո­լոր ուղղու­թիւննե­րով։ Ան­շուշտ որ յատ­կա­պէս Թուրքիոյ հա­յու­թեան հա­մար ու­րախ առիթ եւ ող­ջունե­լի զար­գա­ցում մըն է Հա­յաս­տա­նի հետ օդա­յին կա­պի վե­րահաս­տա­տու­մը։ Պար­տինք նշել նաեւ թէ Երե­ւան-Իս­թանպուլ թռիչքնե­րէն մե­ծագոյնս օգ­տո­ւող­նե­րը Հա­յաս­տա­նի առեւտրա­կան շու­կա­յի գոր­ծիչներն էին, որոնք բա­ւական տու­ժած էին զրկո­ւելով ճամ­բորդու­թեան այդ հեշ­տա­գոյն եղա­նակէն։ Իսկ բա­նագ­նացնե­րու հեր­թա­կան հան­դի­պումնե­րը ինչ դրա­կան ար­դիւնքներ պի­տի ու­նե­նան առ այժմ ան­յայտ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ