Հակազդեցութիւնը կը ծաւալի սղաճի եւ աղքատութեան դէմ

Տնտեսա­կան ճգնա­ժամը վեր­ջերս սկսած է աշ­խա­տող­նե­րու աշ­խա­տավար­ձի յա­ւելու­մի պա­հանջնե­րուն իրա­րու ետե­ւէ յայտնու­թեան։ ԱՔՓ-ի իշ­խա­նու­թեան տակ ան­ցած վեր­ջին 20 տա­րինե­րու ըն­թացքին զգա­լիօրէն սահ­մա­նափա­կուած էին աշ­խա­տող­նե­րու արհմիու­թիւննե­րու ան­դա­մակ­ցութիւ­նը։ Աշ­խա­տան­քա­յին իրա­ւունքնե­րու պա­հան­ջով կա­տարո­ւած իւ­րա­քան­չիւր բո­ղոք կը բա­խէր ոս­տի­կանա­կան բռնու­թեան։ Բայց սղա­ճի վեր­ջին երե­ւոյթնե­րը, յատ­կա­պէս ելեկտրա­կան հո­սան­քի եւ բնա­կան կա­զի սա­կերուն ան­հա­մեմատ սղա­ճը տե­ղի տո­ւած է աշ­խա­տող­նե­րու բո­ղոքին։ Նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավար­ձի 50 տո­կոսով բարձրա­ցու­մը հա­լած է սպառ­ման նիւ­թե­րու գի­ներու շատ աւե­լի բարձր սղա­ճին դի­մաց։ Այսպէս Թուրքիոյ բազ­մա­թիւ հան­րա­ծանօթ ըն­կե­րու­թիւննե­րէ ներս աշ­խա­տող­ներ կը դի­մեն գոր­ծա­դու­լի։ Աշ­խա­տավար­ձի բարձրաց­ման պա­հան­ջով կա­տարո­ւած այդ գոր­ծա­դու­լե­րը երբ կը հաս­նին ակնկա­լուած ար­դիւնքին, խրա­խու­սիչ կը դառ­նան ու­րիշ օրի­նակ­նե­րու հա­մար ալ։ Ի վեր­ջոյ ոս­տի­կանա­կան բռնու­թիւնն ալ սկսած է ան­բա­ւարար մնալ այդ պոռթկումնե­րուն դի­մաց։

Բա­ցի աշ­խա­տող­նե­րէ, մանր առեւ­տուրով զբա­ղուող խա­նութպան­ներն ալ բո­ղոքի ար­շաւ մը կը գոր­ծադրեն մա­նաւանդ ելեկտրա­կան հո­սան­քի սա­կերուն հան­դէպ։ Այս բո­լորին մէջ դար­ձեալ օրա­կար­գի եկած է ալե­ւինե­րու աղօ­թատե­ղինե­րը, որոնք չեն վա­յելեր աղօ­թատե­ղինե­րուն, այ­սինքն մզկիթ­նե­րուն եւ եկե­ղեցի­ներուն շնոր­հուած ձրի հո­սան­քի իրա­ւունքէն։ Իշ­խա­նու­թիւնը կը մեր­ժէ ալե­ւինե­րու տա­ճար­նե­րը աղօ­թատե­ղի հա­մարե­լ, քա­նի որ այդ մա­սին ան­ցեալին մեր­ժո­ղական գտնո­ւած էր Կրօ­նից Տես­չութիւ­նը։ Կա­ռավա­րու­թիւնը այդ հաս­տա­տու­թեան հար­ցուցած էր թէ ալե­ւինե­րու տա­ճարը ար­դեօք կա­րելի՞ է աղօ­թատե­ղի հա­մարել։ Իսկ տես­չութիւ­նը պա­տաս­խա­նած էր ըսե­լով թէ մահ­մե­տական­նե­րու աղօ­թատե­ղին մզկիթ­ներն են։ Այժմ ալե­ւի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը կոչ կ՚ընեն ելեկտրա­կան հո­սան­քի վարձքե­րը չվճա­րելու հա­մար։ «Այստեղ գոր­ծա­տեղի չէ, այլ աղօ­թատե­ղի։ Պի­տի չվճա­րենք հո­սան­քի փո­խար­ժէ­քը, եթէ կ՚ու­զեն թող գան ու ան­ջա­տեն» ըսո­ւած է անհնա­զան­դութեան կո­չին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ