Հայաստան տարածաշրջանի լաւագոյնն է

Հանրածանօթ «Տը Էքոնոմիսթ» պարբերականը հրապարակեց աշխարհի վրայ ժողովրդավարական սկզբունքներու գործադրման մասին 2021 թուի գնահատականը։

Պարբերականի քննարկման կեդրոնը (Economist Intelligence Unit), աշխարհի երկիրները դիտած է չորս բաժանմունքով, որոնք են՝ կատարեալ ժողովրդավարութիւն, թերի ժողովրդավարութիւն, խառնածին վարչաձեւեր եւ բռնատիրական վարչակարգ։

Մասնագէտներ դասաւորման համար նկատի ունեցած են ընտրութիւններու գործընթացը ու բազմազանութիւնը, կառավարութեան ազդեցիկութիւնը, քաղաքական մասնակցութիւն, քաղաքական մշակոյթ եւ ազատութիւններու առկայութեան վերաբերեալ հինգ չափանիշներ։

Սոյն չափանիշներու միջոցաւ իւրաքանչիւր երկիր ընդհանուր գնահատման կ՚արժանանայ եւ ցանկի վրայ կը զբաղեցնէ համապատասխան հորիզոնականը։

Հայաստան ժողովրդավարութեան առումով 2021-ին տարածաշրջանի լաւագոյն երկիրն է եւ կը դասուի խառնածին դրութեան տէր երկիրներու կարգին։

Ընտրութիւններու գործընթացը ու բազմազանութեան ասստիճանն է 7,50, կառավարութեան արդիւնաւետութիւնը 5,71, քաղաքական մասնակցութիւնը 6,11, քաղաքական մշակոյթ 3,13 եւ քաղաքացիական ազատութիւններու առկայութեան 5 միաւորներով Հայաստան Ժողովրդավարութեան ցուցակի մէջ հաւաքած է 5,49 միաւոր ու զբաղեցուցած ցանկի 89-րդ կարգը։

Միջազգային առաջատարր մարդու իրաւունքներու կեդրոններ իրենց տարեկան տեղեկագիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան առումով Վրաստանը կը գնահատեն տարածաշրջանի ամենազարգացած երկիր ըլլալով։ Իսկ այս ցանկագրման մէջ ան ալ Հայաստանի նման խառնածին վարչաձեւ ունեցող երկիր ըլլալով դասուած ու երկու միաւորով զիջած է Հայաստանը, հաւաքելով 5,12 միաւոր ու զբաղեցնելով 91-րդ գիծը։

Հարեւան երկիր Թուրքիա եւս խառնածին վարչաձեւ ունեցող երկիրներու շարքին է 1,94 միաւորով ու 103-րդ կարգով։

Տարածաշրջանի Ռուսիոյ Դաշնութիւնը 3,24 միաւորով 124-րդ, Ատրպէյճան 2,68 միաւորով 141-րդ եւ Իրան 1,95 միաւորով 154-րդ հորիզոնականները զբաղեցնելով դասուեցան բռնատիրական երկիրներու շարքին։

Մոլտովա, Մոնթենեկրօ եւ Մակետոնիա յաջողեցան խառնածին վարչաձեւ ունեցող երկիրներու դասաւորումէն բարձրանալ թերի ժողովրդավարութեան դասաւորման։

Նորվեկիա, Նոր Զելանտիա, Ֆինլանտիա, Շուէտ, Իզլանտիա, Արլենտ, Աւստրալիա, Զուիցերիա, Հոլանտիա եւ այլ երկիրներ այս տարի ալ կը պահեն կատարեալ ժողովրդավարութիւն վայելող երկիրներու շարքը։

Սկանտինաւեան երկիրները մարդու իրաւունքներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, զարգացման եւ բարձր կենսաղի առումով բազմաթիւ տեղեկագրի մէջ կը նշուին առաջին կարգերու վրայ։

Ուշագրաւ է որ «տը Էքոնոմիսթ»ի ցուցակին վրայ Ֆրանսա, ԱՄՆ, Իսրայէլ, Չեխիա եւ Իտալիոյ նման ժողովրդավարութեան ամուր արմատներ ունեցող բազմաթիւ երկիրներ դասուած են թերի ժողովրդավարութեան հատուածին մէջ։

Նախապէս Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Ղըրկըզիստան, Ղազաքիստան, Պելառուս, Ուզպեքիստան, Թաճիկիստան եւ Թուրքմենիստան բռնակալ վարչաձեւ ունեցող երկիրներ են։

Ցանկը կ՚եզրափակուի Հիւսիսային Քորէա, Մյանմար եւ Աֆղխանստանով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ