Նոր կուսակցութիւն, հին աւանդ

Հանրա­պետա­կան­Թուրքիոյ կու­սակցու­թիւննե­րու պատ­մութեան մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող թո­ւական մըն է 13 Փետ­րո­ւար 1961-ը։ Այդ օր առա­ջին ան­գամ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու գոյ­նապնա­կին վրայ աւել­ցաւ հա­մայ­նա­վար սկզբունքնե­րով նոր օրի­նակ մը, որ կո­չուե­ցաւ Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թիւն։ Միայն կու­սակցու­թիւննե­րու պատ­մութիւ­նով զբա­ղող մաս­նա­գէտ­ներ պի­տի կա­րենան ճշդել թէ այդ անու­նով հիմ­նո­ւած քա­նի կու­սակցու­թիւններ ար­գի­լուե­ցան, փա­կուե­ցան, իրենց կա­լուած­նե­րը ու ինչքե­րը գրա­ւուե­ցան եւ ապա կրկին ու կրկին կեան­քի կո­չուե­ցան։

Ահա 13 Փետ­րո­ւար 2022 թո­ւակա­նը դար­ձեալ յատ­կանշա­կան էր, քա­նի որ նո­րաս­տեղծ Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թիւնը կու գար տօ­նելու հիմ­նադրու­թեան 61 ամեակը։

Այդ օր Հա­լիչի հա­մագու­մարնե­րու դահ­լի­ճը ապ­րե­ցաւ եզա­կի օր մը, շնոր­հիւ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ մէկ­տե­ղուած երի­տասարդ կու­սակցա­կան­նե­րու եւ հա­մակիր­նե­րու։

Առա­ջին կու­սակցու­թիւնը իր հիմ­նադրու­թեան հետ միասին ստեղ­ծած էր ար­տա­կարգ հե­տաքրքրու­թիւն մը։ Ան­նա­խադէպ երե­ւոյթ մըն էր Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տին վրայ հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան մը օրի­նական գետ­նի վրայ աշ­խա­տանք ծա­ւալե­լը։ Ան­ցեալին Մարքսա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թե­նէ ներշնչո­ւած քա­ղաքա­կան շար­ժումնե­րը հար­կադրուած էին ընդյա­տակեայ գոր­ծունէու­թեան։ Իսկ հի­մա քիչ մըն ալ նոր սահ­մա­նադ­րութեան ընդձե­ռած առիթ­նե­րէն օգ­տո­ւելով հա­մայ­նա­վար­նե­րը կը մաս­նակցէին ընտրու­թիւննե­րու եւ շօ­շափե­լի ար­դիւնքներ կը ձեռքբե­րէին։ Այսպէս Թուրքիոյ բա­նու­րա­կան կու­սակցու­թիւնը 1965-ի ընտրու­թիւննե­րէն ետք յա­ջողե­ցաւ Թուրքիոյ խորհրդա­րանին մէջ ներ­կա­յանալ 15 պատ­գա­մաւոր­նե­րով։ Այդ տա­րինե­րու չա­փանիշ­նե­րով 450 պատ­գա­մաւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցող խորհրդա­րանին մէջ 15 պատ­գա­մաւոր­նե­րը թէեւ լուրջ հա­մեմա­տու­թիւն մը չէին կազ­մեր, բայց անոնց դրսե­ւորած աշ­խոյժ ընդդի­մու­թիւնը ամ­բողջո­վին կը զբա­ղեց­նէր խորհրդա­րանի օրա­կար­գը։ Այնքան որ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն Կու­սակցու­թիւնը ճա­րահատ կը մնար անոնց դի­մաց եւ յա­ճախ կը ստի­պուէր բռնու­թեան դի­մելու։ Այ­սօր ալ նոյն անու­նը կրող կու­սակցու­թիւնը միայն չորս պատ­գա­մաւոր­նե­րով կը ներ­կա­յանայ 600 պատ­գա­մաւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցող խորհրդա­րանի մէջ եւ դար­ձեալ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րը կը պար­տադրէ իրենց ընդդի­մու­թեան դէմ բռնու­թեան դի­մելու։

Հիմ­նադրու­թեան 61-րդ տա­րեդար­ձին ձօ­նուած մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ ու­նե­ցաւ երես­փո­խան Սեր­րա Քա­տըկիլ, որ խոս­տո­վանե­ցաւ իր մատ­նո­ւած յու­զումը, տես­նե­լով դահ­լի­ճի բազ­մութիւ­նը եւ տի­րող մեծ ոգե­ւորու­թիւնը։ Յա­ճախ վան­կարկումնե­րով ընդհա­տուած իր ելոյ­թի աւար­տին շեշ­տեց հետքրքրա­կան հա­մեմա­տու­թիւն մը. «Այս երկրի իշ­խա­նաւոր­նե­րը յա­ճախ կը շեշտեն երկրի 99 տո­կոսին մահ­մետա­կան ըլ­լա­լու պա­րագան։ Մենք մարդկանց հա­ւատքնե­րուն հետ գործ չու­նինք, բայց մենք ալ ու­նինք նման սահ­մա­նում մը։ Մենք աշ­խա­տող­ներս, ար­տադրող­ներս 99 տո­կոսն ենք, իսկ դուք յափշտա­կող­ներդ, լա­փող­ներդ 1 տո­կոս միայն»։

Այս մէկ­տեղման ըն­թացքին եր­կու երաժշտա­կան խումբեր ալ ելոյթ ու­նե­ցան։ Անոնցմէ առա­ջինն էր «Մո­ղոլ­լար», որ ինք եւս բա­զում տաս­նա­մեակ­նե­րու ան­ցեալ ու­նի։ Բայց միշտ կը յա­ջողի նոր շունչով ներ­կա­յանալ հան­դի­սատե­սին։ «Մո­ղոլ­լար» ան­ցեալին զա­նազան ալ­պոմնե­րու ձայ­նագրու­թեան կամ հա­մերգնե­րու ըն­թացքին ըն­կե­րակ­ցած էր ռաք երաժշտու­թեան անո­ւանի եր­գիչ Ճեմ Քա­րաճա­յին։ Իսկ այ­սօր կ՚ըն­կե­րակ­ցէր որդւոյն՝ Էմ­րէ Քա­րաճա­յին։

Օրո­ւան երկրորդ երաժշտա­կան խումբն էր «Պա­ժար»ը, որ ծա­նօթ է քրտե­րէն ռաք երաժշտու­թիւն կա­տարե­լով։

Մի­ջոցառ­ման վերջին ատե­նախօսն էր կու­սակցու­թեան նա­խագահ Էր­քան Պաշ, որ խիստ իմաս­տա­լից ելոյ­թով մը խօսք ուղղեց հան­դի­սատե­սին, յատ­կա­պէս ընդգծե­լով կու­սակցու­թեան հիմ­նադրու­թեան յա­ջոր­դող կարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին վա­յելած մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թիւնը։ Անդրա­դար­ձաւ նաեւ ընդդի­մադիր վեց կու­սակցու­թիւննե­րու նա­խագահ­նե­րուն մէկ օր առաջ կա­յացած կլոր սե­ղանի հա­ւաքոյ­թին։ Քննա­դատեց այդ հա­ւաքոյ­թը կազ­մա­կեր­պողնե­րու Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թիւնը ան­տե­սելու կամ շրջան­ցե­լու ջան­քե­րը։ Նշեց որ իր կու­սակցու­թիւնը պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնած է Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան հետ եր­րորդ դա­շինք մը ձե­ւաւո­րելու հա­մար, որուն պի­տի մաս­նակցին նաեւ ձա­խակող­մեան այլ կու­սակցու­թիւններ կամ շար­ժումներ։ Թուրքիոյ Բա­նու­նո­րական Կու­սակցու­թիւնը իր նոր կազ­մով յոյ­սեր կը ներշնչէ հետզհե­տէ յե­տադի­մական­նե­րու ծան­րակշիռ դար­ձած Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ