Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեան Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ

Իսի-լէ-Մուլինոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսիայի ծուխերու կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորները Փետրուարի 12-ին Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ ընտրած են Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանը։

Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցած է Իսի-լէ-Մուլինոյի ծուխի սարկաւագ, Armenews-Nouvelles d՛Armenie-ի աշխատակից Սահակ Սուքիասեանը։

«48 տարեկան, Հայր Գրիգորը կը դառնայ Ֆրանսայի թեմի 3-րդ առաջնորդը՝ յաջորդելով Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանին եւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանին», նշած է սարկաւագ Սուքիասեանը։

Ան նաեւ կը յայտնէ, որ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը յառաջիկայ օրերուն կը ներկայացուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ իր օրհնութիւնը ստանալու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ