Զգուշացէ՛ք ելեկտրական հոսանքէն

Տարեսկիզ­բին մե­ծագոյն անակնկա­լը եղաւ բնա­կան կա­զի եւ մա­նաւանդ ալ ելեկտրա­կան հո­սան­քի սա­կերուն եկած ան­հա­մեմատ գնա­ճը Սա­կայն կա­տարուածի շատ աւեի յստակ ցո­լացու­մը պար­զո­ւեցաւ Փետ­րո­ւար ամ­սո­ւայ առա­ջին շաբ­թուն, երբ մար­դիկ զար­մանքով իրա­րու ցոյց կու տա­յին իրենց վի­ճակած ահ­ռե­լի պարտքը։ Հո­սան­քի սա­կը մէկ ամ­սո­ւայ տար­բե­րու­թիւնով եռա­պատ­կո­ւած էր, շատ մը օրի­նակ­նե­րու մէջ գե­րազան­ցե­լով նոյ­նիսկ բնա­կարա­նի, կամ գոր­ծա­տեղիի վարձքե­րը։

Այս իրո­ղու­թեան դէմ ժո­ղովուրդը ստեղ­ծեց առար­կե­լու, դի­մադ­րե­լու կամ բո­ղոքե­լու զա­նազան մի­ջոց­ներ։ Բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու մէջ թէեւ սահ­մա­նափակ մաս­նակցու­թեամբ կա­տարուեցան հան­րա­հաւաք­ներ, ուր ցու­ցա­րար­նե­րը հրա­պարա­կաւ այ­րե­ցին իրենց եկած պար­տա­ցու­ցակնե­րը։ Ու­րիշներ այդ պատ­րա­ցու­ցակնե­րը կպցու­ցին իրենց խա­նութնե­րու ցու­ցա­փեղ­կե­րուն։ Շա­տեր իբ­րեւ բաղ­դա­տու­թիւն ցու­ցադրե­ցին նաեւ նա­խորդ ամ­սո­ւայ պար­տա­ցու­ցակնե­րը, որոնց շնոր­հիւ շատ աւե­լի յստակ կը դառ­նար կա­տարո­ւած յա­ւելու­մը։

Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­թա­րօղ­լու հրա­պարա­կաւ յայ­տա­րարեց թէ պի­տի չմու­ծէ պա­հան­ջո­ւած այդ գու­մա­րը, մին­չեւ որ կա­ռավա­րու­թիւնը ետ­քայլ ընէ եւ ջնջէ ելեկտրա­կան հո­սան­քի այս ան­հա­մեմատ գի­նը։

Նման յայ­տա­րարու­թիւններ ըրին նաեւ ալե­ւինե­րու աղօ­թատե­ղինե­րը, ժո­ղովա­րան­նե­րը։ Իրա­կանու­թեան մէջ Թուրքիայ կա­նոնադ­րութիւ­նով մը երկրի բո­լոր մզկիթ­նե­րը, եկե­ղեցի­ները եւ սի­նակոկ­նե­րը զերծ կը պահէ ելակտրա­կան հո­սան­քի հա­մար վճա­րումնե­րէ։ Բայց պե­տու­թիւնը կը յա­մառի ալե­ւինե­րու ժո­ղովա­րան­նե­րը այդ ցան­կէն դուրս թո­ղելու։ Ար­դա­րեւ ալե­ւիներն ալ որո­շած են չմու­ծել իրենցմէ պա­հան­ջո­ւած այդ գու­մարնե­րը եւ աս­պա­րէզ կար­դալ ըսե­լով թէ. «Եկէք ան­ջա­տեցէք հո­սան­քը»։

Այս ըն­թացքին միացող վեր­ջի­նը եղաւ «Մօ­տայի Բե­մը» անուն թա­տերաս­րա­հը, որ նոյնպէս յայ­տա­րարեց թէ կը մեր­ժէ կա­տարո­ւած յա­ւելու­մը եւ իբ­րեւ անհնա­զան­դութիւն կը յայ­տա­րարէ որ պի­տի չվճա­րէ իրեն եկած պար­տա­տոմսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ