Վեցեակի հանդիպման արձագանգները

Նախորդ շա­բաթ օր երե­կոյեան ժա­մերուն ընդդի­մադիր վեց կու­սակցու­թիւննե­րու նա­խագահ­ներ մէկ­տե­ղուե­ցան կլոր սե­ղանի շուրջ, քննար­կե­լու հա­մար իշ­խա­նափո­խու­թեան ուղղեալ իրենց ռազ­մա­վարու­թիւննե­րը։ Ժո­ղովի կո­չը եկած էր Ազ­գա­յին Դա­շինք անո­ւան տակ հա­մատեղ աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւալող Հան­րա­պետա­կան, Լաւ եւ Եր­ջանկու­թիւն կու­սակցու­թիւննե­րու հրա­ւէրով։ Հրա­ւիրեալ­ներն էին Դե­մոկ­րատ կու­սակցու­թեան նա­խագա­հը Կիւլթե­քին Ույսալ, նա­խապէս Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան շար­քե­րուն Արտա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան կամ վար­չա­պետի պաշ­տօններ զբա­ղեցու­ցած Ահ­մետ Տա­ւու­թօղլու եւ դար­ձեալ ան­ցեալին Նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած կա­ռավա­րու­թեան մէջ Ելմտա­կան Նա­խարա­րու­թիւն վա­րած Ալի Պա­պաճան։

Վեց դե­րակա­տար­նե­րու այս մէկ­տե­ղու­մը տա­րաբ­նոյթ ար­ձա­գանգնե­րու տե­ղի տո­ւաւ գրա­ւոր ու տես­լա­կան մե­տիայի վրայ։ Իշ­խա­նամէտ շրջա­նակ­ներ չգո­հացան կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թիւննե­րով եւ ան­վերջա­նալի կեր­պով են­թադրու­թիւններ ար­տադրե­ցին թէ սե­ղանա­կից­նե­րու եւ թէ անոնց ար­ծարծած նիւ­թե­րու մա­սին։

Իշ­խա­նամէտ շրջա­նակ­ներ կը պնդէին թէ թէեւ սե­ղանի վրայ չէր, բայց այս մէկ­տեղման բուն պա­տուի­րատուն եղած է Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Քայլ մը առաջ եր­թա­լով կը պնդէին նաեւ թէ օրա­կար­գը ճշդողն ալ ՀՏՓ-ն է։ Միւս կող­մէ ընդդի­մադիր մա­մու­լի մէջ ալ վե­ցեակի ուղղեալ գլխա­ւոր քննա­դատու­թիւնն է ՀՏՓ-ի բա­ցակա­յու­թիւնը։ «Առանց ՀՏՓ-ի ներ­կա­յու­թեան կա­րելի չէ Հան­րա­պետա­կան Դա­շին­քի դի­մաց հա­մոզիչ ընդդի­մու­թիւն մը ապա­հովել» կար­ծի­քը հետզհե­տէ աւե­լի լայն ըն­դունե­լու­թիւն կը գտնէ ըննդի­մադիր շրջա­նակ­նե­րէ ներս։

ՀՏՓ ալ իր կար­գին Ժո­ղովրդա­վարա­կան Դա­շինք անո­ւան տակ կը պատ­րաստո­ւի եր­րորդ միաւո­րում մը հաս­տա­տելու, որուն բա­ղադ­րիչնե­րը պի­տի ըլ­լան երկրի գլխա­ւոր ձա­խակող­մեան կու­սակցու­թիւննե­րը։ Նշենք որ այս կու­սակցու­թիւննե­րը ընտրու­թիւննե­րու պա­հուն մեծ յա­ւակ­նութիւն մը չ՚ու­նե­նալով հան­դերձ կրնան կա­րեւոր դե­րակա­տար դառ­նալ յատ­կա­պէս նա­խագա­հի ընտրու­թեան փու­լին։

Պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարո­ւած չըլ­լա­լով հան­դերձ Նա­խագահ Էր­տո­ղան նա­խագա­հական ընտրու­թեան գլխա­ւոր թեկ­նա­ծուն կը հան­դի­սանայ։ Միւս կող­մէ ընդդիմ­դիրնե­րը ցարդ չեն հրա­պարա­կած իրենց թեկ­նա­ծուն։ Միակ յայտնի հրա­պարա­կու­մը եկած է Լաւ Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Մե­րալ Աք­շե­ներէ, որ յայտնած է թէ ինք նա­խագա­հու­թեան թեկ­նա­ծու չէ, քա­նի որ պի­տի նա­խընտրէ Խորհրդա­րանա­կան դրու­թեան անցնե­լով ստանձնել վար­չա­պետի պաշ­տօ­նը։

Ճշդո­ւած թո­ւակա­նին կամ կան­խա­հաս Թուրքիա ար­դէն մտած է ընտրու­թեան հո­գեբա­նու­թեան եւ պարզ դար­ձած, որ այս մէ­կը ամե­նադ­ժո­ւարը պի­տի ըլ­լայ Նա­խագահ Էր­տո­ղանին հա­մար։ Ան բո­լորած ըլ­լա­լով իշ­խա­նու­թեան 20 տա­րինե­րը յա­ջողած էր մաս­նակցած բո­լոր ընտրու­թիւննե­րէն յաղ­թա­նակով դուրս գալ։ Այս ըն­թացքը խա­փանո­ղը եղաւ շրջա­նային վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րը, ուր Էր­տո­ղանի կու­սակցու­թիւնը պար­տութիւն կրեց Իս­թանպու­լի եւ Ան­գա­րայի նման խորհրդան­շա­կան իմաստ ներ­կա­յաց­նող մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Դէ­տեր հոս եւս իմաստներ կը որո­նեն նշե­լով թէ Իս­թանպու­լը նո­ւաճո­ղը կը նո­ւաճէ նաեւ ամ­բողջ Թուրքիան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ