Բարեկենդանը նոր ժամանակներու սահմանումով

Համավարա­կի զրկանքնե­րով այս եր­րորդ տա­րին է որ Հայ Առա­քե­լա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ հե­­տաքրքրա­­կան դրո­­ւագ­­նե­­­րէն մէ­­կը կ՚անցնի բա­­ւակա­­նին ան­­շուք, բաղ­­դատմամբ նա­­խորդ տա­­րինե­­րու։

Մե­­րօրեայ սե­­րունդը մեծ երա­­նու­­թամբ կը լսէր եր­­բե­­­նի Բա­­րեկեն­­դա­­­նի խրախ­­ճանքնե­­րու մա­­սին։ Տա­­րինե­­րու հո­­լովոյթով, երբ պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը կորսնցուց ժո­­ղովուրդ կո­­չուե­­լու յատ­­կութիւննե­­րը եւ հետզհե­­տէ վե­­րածո­­ւեցաւ կրօ­­նական հա­­մայնքի մը ճղճիմ տա­­րազին, բազ­­մա­­­թիւ բարք ու սո­­վորու­­թիւննե­­րու կար­­գին կորսնցուց նաեւ Բա­­րեկեն­­դա­­­նի աշ­­խարհիկ տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րու աւան­­դութիւ­­նը։

Հա­­զիւ վեր­­ջին տաս­­նեամեակ­­ներն էր որ, եթէ ոչ փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ, բայց գո­­նէ սրահ­­նե­­­րէ ներս կը փոր­­ձո­­­ւէր այդ աւան­­դութեան վե­­րադառ­­նա­­­լու ջան­­քեր։ Դի­­մակ­­նե­­­րով ծպտո­­ւելով մար­­դիկ կը մէկ­­տեղուէին այս կամ այն միու­­թեան եր­­դի­­­կին տակ, Մեծ Պահ­­քի զրկան­­քի օրե­­րու ըն­­դա­­­ռաջ ու­­րա­­­խու­­թեան վեր­­ջին հա­­ւաքա­­կան ապ­­րումնե­­րը վա­­յելե­­լու հա­­մար։

2020 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակը եկաւ նոր ար­­գելք մը հան­­դի­­­սանա­­լու եւ խա­­փանե­­լու այդ ճղճիմ փոր­­ձե­­­րը իսկ։ Այս տա­­րի ալ Վար­­դա­­­նանցի յի­­շատակ­­ման զու­­գա­­­հեռ դպրոց­­նե­­­րէ ներս ընդմիշտ կան­­խարգիլ­­ման կա­­նոն­­նե­­­րը յար­­գե­­­լով կը փոր­­ձո­­­ւի Բա­­րեկեն­­դա­­­նի աւան­­դութիւ­­նը կի­­րար­­կել։

Վե­­րեւի նկար­­նե­­­րը խմբագ­­րա­­­տունս հա­­սած են Պա­­քըր­­գիւղի Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանէն, ուր աշա­­կերտներ հոգ չէ թէ ոչ լիաթոք, բայց որոշ մա­­սամբ կ՚ու­­րա­­­խանան Բա­­րեկեն­­դա­­­նի խա­­ղերով։

Ինչպէս անցնող բո­­լոր տա­­րինե­­րուն այս տա­­րի ալ քա­­ղաքիս Ֆե­­րիգիւղ թա­­ղի Վար­­դա­­­նանց Երգչա­­խումբը կը նշէ իր անո­­ւան տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը պատ­­շաճ կեր­­պով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ