Երկրէս մարդու կերպարներ՝ 2022 թուական

Թրքերէնի մեծագոյն բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթ Ա. Աշխարհամարտի տարիներէն նկարագրած կերպարներով հիւսած էր իր ծաւալուն բանաստեղծական հատորը «Երկրէս Մարդու Կերպարներ» խորագրով։ «Ակօս»ի աշխատակիցներէն Հերքիւլ Միլաս նոյն խորագրով Թուրքիոյ այժմու ապրումներէն կը ներկայացնէ կերպարներ, որոնք «Ահուալ» կայքէջէն թարգմանելով կը բաժնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն հետ։

ՀԵՐՔԻՒԼ ՄԻԼԱՍ

Ձիւնոտ առա­ւօտ մը, աժան հաց գնե­լու հա­մար հերթ սպա­սող տարեց հօ­բար մը։

Շու­կա­յէն եր­կու գետ­նախնձոր գնե­լով տուն վե­րադար­ձող տա­տիկ մը։

Ժպտա­ցող քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու առ­ջեւ «դա­ւաճան» գո­ռացող երա­խայ մը։

Սպան­նո­ւելէ ետք ինքնա­շար­ժի մը կա­պուե­լով փո­ղոց­նե­րը շրջող դիակ մը։

Գե­տին ին­կած հան­քա­գոր­ծի մը աքա­ցիով հա­րուա­ծող պե­տական պաշ­տօ­նեայ մը։

Կօ­շիկ­նե­րը ծակծկած, գլխուն ստա­ցած փամ­փուշտով մայ­թին վրայ փռուած մտա­ւորա­կան մը։

Տա­րինե­րէ ի վեր ճա­ղերու ետե­ւէն ար­դեօք իրաւ դա­տախազ մը, կամ դա­տաւոր մը կա՞յ ըսե­լով նա­յող ու­րիշ մտա­ւորա­կան մը։

Գաղտնա­պահու­թեան մէջ ար­տա­սահ­մա­նէն բեր­ման են­թարկո­ւած մէ­կը։

Եկեղե­ցին հրկի­զուած, խա­նու­թը թա­լանո­ւած գլխի­կոր քա­ղաքա­ցի մը։ Ամուսնա­լու­ծո­ւիլ ու­զե­լուն հա­մար սպան­նո­ւած կին մը։

Հա­ւատ­քին պատ­ճա­ռաւ գոր­ծա­զուրկ մնա­ցած պաշ­տօ­նեայ մը։

Դէպք մը լու­րի վե­րածե­լուն հա­մար ձեր­բա­կալո­ւած թղթա­կից մը։

Ըն­կե­րոջը զան­գա­հարած ըլ­լա­լուն հա­մար զղջման մատ­նո­ւած մէ­կը։

Դրա­մատան դրամ դնե­լուն հա­մար մե­ղադ­րո­ւող մէ­կը։

Ձե­խերու մէջ սո­ղալով երկրէն փախ­չել ջա­նացող մայր մը եւ զա­ւակ­նե­րը։

Լա­չակին հա­մար ար­հա­մար­հո­ւած երի­տասար­դուհի մը։

Հա­գած կարճ փէ­շին հա­մար վախ ու դո­ղի մէջ քա­լող երի­տասար­դուհի մը։

Ու­րիշ երկրի մը մէջ գործ փնտռող երի­տասարդ մը։

Դրօ­շակի փա­թաթո­ւած դա­գաղին վրայ հեծկլտա­ցող մայր մը։

Որդւոյն գե­րեզ­մա­նը փնտռող ու­րիշ մայր մը։

Ոս­տի­կանա­կան տան­ջանքի իրո­ղու­թիւնը ան­ձամբ փոր­ձած մէ­կը։

Այս բո­լորին չհան­դուրժե­լով ու­րիշ երկրի մը մէջ ապ­րիլ երա­զող երի­տասարդ մը։

Աչ­քին ար­ցունք, սրտին յոյս սնու­ցող մէ­կը։

Եւ միւս կող­մէ։

Ամէն ինչ վար­դա­գոյն տես­նե­լը ապա­հովող ակ­նոցներ դրած մէ­կը։

Հա­ցին տեղ թխո­ւածե­ղէն նա­խընտրող տի­կինը։

Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ մը, որ կ՚ըսէ թէ առար աշ­խարհ մեզ կը նա­խան­ձի։

Ապ­րո­ւած­նե­րու եւ իր քա­ղաքա­կան նա­խընտրու­թիւննե­րու յա­րաբե­րու­թիւնը տես­նե­լէ ան­կա­րող մէ­կը։

Պատ­մուճա­նին կո­ճակ կա­րած դա­տաւոր մը։

Իր կեն­ցա­ղը ընդհա­նու­րի կեն­ցա­ղը կար­ծող հա­ւատա­ցեալ մը։

Երեկ թշնա­մի ճանչցա­ծին, այ­սօր բա­րեկամ ըսող եւ երեկ բա­րեկամ ըսո­ղին, այ­սօր թշնա­մի ըսող մէ­կը։

Թշնա­մի հա­մարա­ծին դէմ անօ­րինու­թիւնը ար­դար դա­տող մէ­կը։

Շուրջբո­լորը բա­րեկամ ու թշնա­մինե­րով տես­նող քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ մը։ Ներ­կա­յին ան­վերջա­նալի ըլ­լա­լը յու­սա­ցող աչ­քը վախ, սիր­տը ոխ կա­պած մէ­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ