Լրագրողներ դատապարտեցին Կիւնկէօր Արսլանի սպանութիւնը

Լրագրող­­նե­­­րու Միու­­թիւննե­­րը միաս­­նա­­­կան յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը դա­­տապար­­տե­­­ցին «Քո­­ճաէլի Սես» թեր­­թի խմբա­­գիր Կիւնկէօր Արսլանի սպա­­նու­­թիւնը։

Լրագ­­րո­­­ղու­­թեան աս­­պա­­­րէզի զա­­նազան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ հա­­սարա­­կական կոչ մը հրա­­պարա­­կելով անդրա­­դար­­ձան այս վեր­­ջին ոճի­­րին եւ նշե­­ցին թէ լրագ­­րողնե­­րու ուղղեալ յար­­ձա­­­կումնե­­րու ան­­պատժե­­լիու­­թեամբ աւար­­տը նոր յար­­ձա­­­կումնե­­րու գե­­տին կը պատ­­րաստէ։

Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ նշո­­ւեցաւ նաեւ Պրու­­սա­­­յի մէջ ռա­­տիօ ծրա­­գիր­­ներ պատ­­րաստող Հա­­զըմ Էօզ­­սույի ոճի­­րը եւ Մեր­­սի­­­նի քա­­ղաքա­­պետու­­թեան մօտ կա­­տարուած անօ­­րինու­­թիւննե­­րը հրա­­պարա­­կող «Հա­­պեր­­ճի» թեր­­թի դէմ ուղղո­­ւած յար­­ձա­­­կումնե­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ