Աւագ դեսպան Սերտար Քըլըճի քաղաքավարական այցելութիւնը

Թուրքիա Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թեանց բնա­կանո­նաց­ման ըն­թացքի ներ­կա­յացու­ցիչ Աւագ Դես­պան Սեր­տար Քը­լըճ 22 Փետ­րո­ւար 2022, Երեք­շաբթի, ժա­մը 14.00-ին Պատ­րիար­քա­րան քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր հետ։ Մե­ծայարգ Դես­պա­նին կ’ու­ղեկցէր Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան Կով­կա­սի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան Գրա­սենեակի նա­խագահ Այ­շէ Ու­զէր։ Հան­դի­պու­մին ներ­կայ եղան Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան եւ գա­ւազա­նակիր Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեան։

Հան­դի­պու­մի ըն­թացքին մե­ծայարգ հիւ­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնեց Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցիչ Ռու­բէն Ռու­բինեանի հետ ու­նե­ցած առա­ջին հան­դի­պու­մին կա­պակ­ցութեամբ եւ յոյս յայտնեց եր­կու եր­կիրնե­րու հա­մար ալ դրա­կան զար­գա­ցումնե­րու գե­տինը պի­տի պատ­րաստո­ւի բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցի ճա­նապար­հին երկկող­մա­նի առ­նո­ւած առողջ քայ­լե­րով։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը նախ իր ու­րա­խու­թիւնը ար­տա­յայ­տեց տրուած այ­ցե­լու­թեան հա­մար եւ մաղ­թեց, որ յա­ջողու­թեամբ պսա­կուի մե­ծայարգ հիւ­րին ստանձնած դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թիւնը։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը ըսաւ թէ կը քա­ջալե­րէր Թուրքիա Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թեանց բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցը։ Ընդգծեց, թէ եւ լաւ դրա­ցու­թեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ո՛չ միայն եր­կու եր­կիրնե­րու հայ­րե­նակից­նե­րուն, այլ նաեւ՝ շրջա­նի եր­կիրնե­րուն հա­մար եւս խա­ղաղու­թեան եւ ան­դորրու­թեան մի­ջավայր մը պի­տի ստեղ­ծէր, ինչպէս նաեւ շրջա­նային տնտե­սական, ըն­կե­րային ու մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցումնե­րուն դուռ պի­տի բա­նար։

Աւագ Դես­պան Սեր­տար Քը­լըճ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան, որ այս հան­դիպման առիթ ըն­ծա­յեց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ