Ճատրակի այս փուլի յաղթողը Փութինն է

21 Ապրիլ եր­կուշաբ­թի օր Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագահ Վի­լատ­միր Փու­թին իր ժո­ղովուրդին դի­մեց ու­ղերձով մը եւ յայ­տա­րարեց թէ պաշ­տօ­նապէս պի­տի ճանչնայ Ուքրա­ինոյ մէջ որոշ ինքնա­վարու­թիւն վա­յելող Տո­նեց­կի եւ Լու­գանսկի ժո­ղովրդա­կան հան­րա­պետու­թիւննե­րու ան­կա­խու­թիւնը։

Ինչպէս ծա­նօթ է բո­լորին, ամ­բողջ աշ­խարհ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին ու­շադրու­թիւնը սե­ւեռած էր Ուքրաինոյ եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան հա­կադ­րութեան վրայ։ Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ԱՄՆ եւ Մեծ Բրի­տանիա գրգռիչ յայ­տա­րարու­թիւննե­րով եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան ուղղեալ սպառ­նա­լիք­նե­րով կը հրահ­րէին տա­րակար­ծութիւ­նը։ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիրնե­րը գլխա­ւորու­թեամբ Դաշ­նակցա­կան Գեր­մա­նիոյ եւ Ֆրան­սա­յի, միանա­լով հան­դերձ սպառ­նա­լիք­նե­րու շա­րանին միշտ, մատ­նա­ցոյց կ՚ընէին խնդրի բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոցաւ լու­ծումը։

ԱՄՆ Նա­խագահ Ճօ Պայ­տըն բա­ւակա­նին յստակ պնդումներ ու­նէր Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան զօր­քե­րուն Ուքրաինա խու­ժե­լուն մա­սին։ Փու­թին այս թո­հու­բո­հի մէջ ճատ­րա­կի տախ­տա­կին վրայ առած քայ­լե­րով յա­ջողե­ցաւ անսպա­սելի պա­հուն եւ անսպա­սելի եղա­նակով կա­ցու­թիւնը փո­խել ի շահ իրեն։ Ար­դա­րեւ եր­կու ժո­ղովրդա­կան հան­րա­պետու­թիւննե­րու ան­կա­խու­թիւնը ճանչնա­լով կրկնեց ան­ցեալին Վրաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրած ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Պի­տի յի­շենք որ Աբ­ղա­զիա եւ Հա­րաւա­յին Օսե­թիա ան­ջա­տուե­ցան Վրաս­տա­նէն եւ մաս կազ­մե­ցին Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան։ Այս քայ­լով Վլա­տիմիր Փու­թին Վրաս­տա­նէ ետք յա­ջողե­ցաւ Ուքրաինա­յի ալ Հիւ­սիս Ատ­լանտեան Դա­շին­քի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը կան­խել։

Այս պա­հուն պի­տի տե­նենք թէ արեւմտեան կող­մի սպառ­նա­լիք­նե­րը ի՞նչ հե­տեւանքներ պի­տի կա­րենան ու­նե­նալ։ Բայց Փու­թին ար­դէն ու­նէր հա­մապա­տաս­խան լծակ­ներ եւ առանց վա­րանե­լու յայ­տա­րարեց թէ Եւ­րո­պան պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ բնա­կան կա­զի սա­կին կրկնա­պատ­կո­ւելով 2000 Եւ­րո­յի հաս­նե­լուն։

Թուրքիա կը մեր­ժէ
ան­կա­խու­թիւնը ճանչնալ

Այս մա­սին Նա­խագահ Էր­տո­ղան յայտնած է թէ Թուրքիա թէ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան եւ թէ Ուքրաինոյ հետ ու­նի քա­ղաքա­կան, զի­նուո­րական եւ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւններ։ «Ու­րեմն մենք չենք կրնար հրա­ժարիլ այդ եր­կու եր­կիրնե­րէն ալ, քա­նի որ եր­կու պե­տու­թիւննե­րու հետ ալ բա­ւական զար­գա­ցած յա­րաբե­րու­թիւն ու­նինք։ Պի­տի սպա­սենք ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գաթ­նա­ժողովը եւ վե­րադար­ձին մեր ըն­կերնե­րու հետ պի­տի որո­շենք մեր ուղղու­թիւնը» ըսաւ Նա­խագահ Էր­տո­ղան։

Հա­յաս­տան ալ իր կար­գին յայտնեց թէ Տո­նեցկ եւ Լու­գանսկը իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թիւն ճանչնա­լու վե­րաբե­րեալ օրա­կարգ մը չու­նի։ Այս մա­սին «Ար­մենպրես»էն կ՚ար­տատպենք հե­տեւեալ լրա­տուու­թիւնը։

«Տո­նեց­կի եւ Լու­գանսկի
ան­կա­խու­թիւնը ճանչնա­լու
հարց չկայ»

Երե­ւան, 23 Փետ­րո­ւարի, «Ար­մենպրես»- «Հա­յաս­տա­նի օրա­կար­գին Տո­նեց­կի եւ Լու­գանսկի ժո­ղովրդա­կան հան­րա­պետու­թիւննե­րը ճանչնա­լու հարց չկայ»։ «Ար­մենպրես»-ի հար­ցին ի պա­տաս­խան այս մա­սին ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ մա­մու­լի խօս­նակ Վա­հան Յու­նա­նեանը։

Ինչպի­սի՞ դիր­քո­րոշում ու­նի Հա­յաս­տա­նը ռուս-ուքրաինա­կան յա­րաբե­րություննե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցումնե­րու վե­րաբե­րեալ։

Վ.Յ.- Մենք, բնա­կանա­բար, կը ցան­կա­նանք, որ եր­կու բա­րեկամ պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ առ­կայ խնդիր­նե­րը լու­ծո­ւին դի­ւանա­գիտա­կան երկխօ­սու­թեան եւ բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոց­նե­րով. մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի նոր­մե­րու ու սկզբունքնե­րու, ՄԱԿ-ի կա­նոնադ­րութեան հի­ման վրայ։ Եւ յոյ­սով ենք, որ անհրա­ժեշտ քայ­լեր կը ձեռ­նարկո­ւին՝ լա­րուա­ծու­թեան նո­ւազեց­ման եւ իրա­վիճա­կի խա­ղաղ հան­գուցա­լուծման հա­մար։

Ար­դեօք հա­ւանա­կան կը հա­մարէ՞ք Տո­նեց­կի եւ Լու­գանսկի ժո­ղովրդա­կան հան­րա­պետու­թիւննե­րու ճա­նաչու­մը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կող­մէ։

Վ.Յ.- Նման հարց օրա­կար­գին չկայ։

Ան­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան Դի­մատետ­րի գրա­ռու­մով մը յայտնեց թէ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը դի­մաւո­րեն Ռու­սիոյ Նա­խագա­հի եր­կու ժո­ղովրդա­կան հան­րա­պետու­թիւննե­րու ան­կա­խու­թիւնը ճանչնա­լու որո­շու­մը։ «Ազ­գե­րուն իր ապա­գան որո­շելու եւ պե­տակա­նաց­ման իրա­ւունքը ամ­փո­խարի­նելի է բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րու հա­մար եւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւաբա­նու­թեան հիմ­նա­կան մէկ սկզբունքը» ըսած է Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ