Արցախի նոր մարտահրաւէրը՝ ջեռուցում

Հայաստա­նի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Քրիս­տի­նէ Գրի­գորեան յայտնեց թէ Ատրպէյ­ճան կը դժկա­մի դէ­պի Ար­ցախ կա­զի մա­տակա­րար­ման խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Գրի­գորեան յայտնեց թէ Ատրպէյ­ճան շա­բաթ մըն է, որ կ՚ար­գի­լէ կա­զատար խո­ղովա­կի նո­րոգու­մը, որու հե­տեւան­քով աւե­լի քան 100 հա­զար բնակ­չութիւն կը զրկո­ւին ջե­ռու­ցումէ։

«Բա­ցի կա­զի մա­տակա­րար­ման դադ­րե­լէն որոշ հեր­թա­կանու­թեամբ կ՚ան­ջա­տուի նաեւ ելեկտրա­կան հո­սան­քը։ Այսպէ­սով հի­ւան­դա­նոց­ներ, դպրոց­ներ եւ տնա­զուրկ մնա­ցած բնակ­չութեան ապաս­տան գտած շէն­քե­րը կը զրկո­ւին կեն­ցա­ղային հիմ­նա­կան մի­ջոց­նե­րէ։ Այս բո­լորի կող­քին յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը յա­ճախ կ՚են­թարկո­ւին Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու հրաձ­գութեան։ Աս­քե­րանի շրջա­նի Խրա­մորթ գիւ­ղը, Մար­տունիի Կար­միր Շու­կայ եւ Հնու­շի­նակ գիւ­ղե­րը նման հրաձ­գութիւննե­րու թի­րախ կը դառ­նան։ Սոյն կրա­կոց­նե­րու հե­տեւան­քով Խրա­մորթ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը վի­րաւո­րուած է։ Այս բո­լորը հե­տեւանքն են Ար­ցա­խի հա­յերը վախ ու սար­սա­փի մատ­նե­լով տա­րած­քաշրջա­նէն հե­ռաց­նե­լու ռազ­մա­վարու­թեան» ըսած է իր «Ֆէյսպուք»եան գրա­ռու­մի մէջ Քրիս­տի­նէ Գրի­գորեան։

Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը 14 Մար­տին հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պած է երկրի մէջ գոր­ծող դես­պա­նատու­նե­րու անձնա­կազ­մին հետ։

Ժո­ղովի ըն­թացքին դես­պաննե­րուն բա­ցատ­րութիւն տրո­ւած է Ար­ցա­խի մէջ կա­զի մա­տակա­րար­ման ընդհա­տու­մին տե­ղի տո­ւած դժո­ւարու­թիւննե­րու մա­սին։ Նշուած է թէ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն դի­մաց կեն­ցա­ղային ճգնա­ժամի մը գո­յանա­լուն ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան յստակ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը։

Մինչ այդ Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նական շրջա­նակ­նե­րու հա­մաձայն 8 Մար­տէն այս կողմ շա­րու­նա­կուող բա­նակ­ցութիւննե­րու հե­տեւան­քով սկսած է կա­զամու­ղի նո­րոգ­ման աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ