Մեկնակէտ նախագահի եօթամեայ ծառայութեան

13Մարտ կի­րակի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղովի յա­տուկ նիս­տին Վա­հագն Խա­չատու­րեան կա­տարեց նա­խագա­հական եր­դումը ձեռ­քը դնե­լով Վե­համօր Աւե­տարա­նին եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Սահ­մա­նադ­րութեան վրայ։ Ան այսպէ­սով պաշ­տօ­նապէս ստանձնած եղաւ հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի պաշ­տօ­նը։ Հա­յաս­տա­նի հին­գե­րորդ նա­խագահ Վա­հագն Խա­չատու­րեանի երդման հա­մար Ազ­գա­յին Ժո­ղովի յա­տուկ նի­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կա­րէն Տե­միր­ճեանի անո­ւան մար­զա­համեր­գային հա­մալի­րին մէջ։ Նիս­տը վա­րեց Ազ­գա­յին Ժո­ղովի լիազօ­րուած փոխ­նա­խագահ Յա­կոբ Ար­շա­կեանը։ Երդմնա­կալու­թե­նէն ետք հնչեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ազ­գա­յին Քայ­լերգը, Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը հայ­րա­պետա­կան օրհնու­թեան խօսք ար­տա­սանեց։

Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, նա­խագա­հի լիազօ­րու­թիւննե­րը մին­չեւ այդ թո­ւակա­նը կա­տարող Ազ­գա­յին Ժո­ղովի Նա­խագահ Ալեն Սի­մոնեան, նա­խարար­ներ, Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան եւ այլ պաշ­տօ­նատար ան­ձեր։ Ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րու պատ­գա­մաւոր­նե­րը չմաս­նակցե­ցան յա­տուկ այդ նիս­տին։

Վա­հագն Խա­չատու­րեան Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի պաշ­տօ­նը պի­տի վա­րէ եօթը տա­րուայ ժամ­կէ­տով։

Վա­հագն Խա­չատու­րեանի երդմնա­կալու­թեան առի­թով Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Արամ Ա. Վե­հափառ Հայ­րա­պետը շնոր­հա­ւորա­կան հե­տեւեալ ուղերցձյղեց նո­րըն­տիր նա­խագա­հին.

«Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թեան Ան­թի­լիասի մայ­րա­վան­քէն քրիս­տո­նէական ջերմ սի­րով ու հայ­րա­պետա­կան օրհնու­թեամբ կ՚ող­ջունենք ձեզ, եւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւորենք ձեր ընտրու­թիւնը՝ իբ­րեւ նա­խագահ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան։

Հա­մաշ­խարհա­յին բազ­մա­զան ու այ­լա­զան տագ­նապնե­րով յղի այս օրե­րուն, մեր հայ­րե­նիքը իր կար­գին կը դի­մագ­րաւէ ներ­քին խոր մտա­հոգու­թիւններ, եւ են­թա­կայ է շրջա­նային թէ մի­ջազ­գա­յին աշ­խարհա­քաղա­քական իրա­դար­ձութիւննե­րու ազ­դե­ցու­թեան։ Ար­ցա­խի պա­տերազ­մին յա­ռաջա­ցու­ցած ծանր հե­տեւանքնե­րը տա­կաւին կը մնան ան­լոյծ ու Ար­ցա­խի ապա­գան անո­րոշ։

Ար­դա­րեւ, ներ­կայ ճգնա­ժամա­յին շրջա­նին ձեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը՝ իբ­րեւ նա­խագահ, ձեզ կը դնէ լուրջ մար­տահրա­ւէր­նե­րու դի­մաց։ Մեր յոյսն է ու սպա­սու­մը միան­գա­մայն, որ կա­րենաք խո­հեմու­թեամբ ու քա­ջու­թեամբ դի­մագ­րա­ւել բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րը՝ մեր հայ­րե­նիքը հե­ռու պա­հելով ներ­քին բե­ւեռա­ցումներէ, ամ­րապնդե­լով մեր ժո­ղովուրդին միաս­նա­կանու­թիւնը, ամուր հի­մերու վրայ դնե­լով Հա­յաս­տա­նի հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թիւնը, անվտան­գութիւնն ու ան­կա­խու­թիւնը եւ միշտ հե­տապնդե­լով հա­մազ­գա­յին շա­հերը, ինչպէս խոս­տա­ցաք կա­տարել այս առա­ւօտ ձեր երդման արա­րողու­թեան ըն­թացքին։

Յա­նուն Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թեան եւ անձնա­պէս կը վստա­հեց­նենք ձեզ, որ մեր սուրբ աթո­ռը պի­տի շա­րու­նա­կէ զօ­րավիգ կանգնիլ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ամ­րացման, Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակցու­թեան առա­ւել ծա­ւալ­ման, եւ մեր ազ­գի ու հայ­րե­նիքի գե­րագոյն եւ ընդհան­րա­կան շա­հերու հե­տապնդման ու իղ­ձե­րու իրա­գործման նպաս­տող ծրա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տանքնե­րուն։

Կ՚աղօ­թենք առ բարձրեալն Աս­տո­ւած, որ ձե­զի շնոր­հէ քա­ջառող­ջութիւն եւ իմաս­տութիւն, որ­պէսզի ձեր նա­խագա­հու­թեան ներ­քեւ մեր հայ­րե­նիքը ապ­րի խա­ղաղ ու բար­գա­ւաճ տա­րիներ։ Թող Աս­տո­ւած պա­հէ ու պահ­պա­նէ մեր սի­րելի ժո­ղովուրդը ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ