Ցեղասպանութեան մասին 1939 թ. յիշատակումները պետական արխիւներու մէջ

ՍԱԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ

Ընդհան­րա­պէս ըն­դունո­ւած է, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը յի­շատա­կելու աւան­դոյթը սկսած է 1915 թո­ւակա­նի 50-րդ տա­րելի­ցին, այ­սինքն՝ 1965 թո­ւակա­նին։ Մենք, սա­կայն, Թուրքիոյ պե­տու­թեան զե­կոյցնե­րէն կը տե­ղեկա­նանք, որ այդ աւան­դոյթը շատ աւե­լի հին է։

Հա­յերը առա­ջին իսկ օրէն եր­բեք չեն մո­ռացած 20-րդ դա­րի առա­ջին ամե­նամեծ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ անոր զոհ դար­ձած իրենց եղ­բայրնե­րը։ Որոշ աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերուն նո­ւիրո­ւած առա­ջին յու­շարձա­նը կա­ռու­ցուած էր աշ­խարհա­մար­տի աւար­տէն ան­մի­ջապէս ետք, 1919 թո­ւակա­նին, Իս­թանպու­լի մէջ (թէեւ այդ յու­շարձա­նէն հետք ան­գամ չէ մնա­ցած)։ Միեւ­նոյն ժա­մանակ ձգտած են ամէն պա­տեհ առի­թով պատ­մել հայ ժո­ղովրդի գլխուն եկած­նե­րու մա­սին, սա­կայն տո­ւեալ դա­րաշրջա­նի ռէալ փո­լիթի­կը թոյլ չէ տո­ւած, որ այդ ճի­չերը լսե­լի դառ­նան։

Ինչպէս որ հա­յերը չէին մո­ռանար ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, նոյն յա­մառու­թեամբ ալ անոնց զու­գա­հեռա­բար հե­տեւող մի ուժ կար՝ Թուրքիոյ պե­տու­թիւ՜նը։ Պե­տու­թիւնը, որ եր­բեք չմոռ­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն պա­տահա­բար ողջ մնա­ցած­նե­րը եւ անոնց զա­ւակ­նե­րը։ Չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, եթէ ըսենք, որ պե­տու­թիւնը ամե­նուր եւ ամէն պահ հե­տեւած է հա­յերուն, մին­չեւ իսկ նախ­կին ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խարա­րի մը խօս­քով՝ «նոյ­նիսկ անընդհատ ունկնդրե­ցինք հա­յերու սրտի զար­կե­րը»։ Նմա­նապէս չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, եթէ նշենք, որ Թուրքիոյ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան ար­խի­ւը լե­ցուն է անոր մա­սին դես­պաննե­րու եւ հիւ­պա­տոս­նե­րու ներ­կա­յացու­ցած փաս­տա­թուղթե­րով։

Ընդհան­րա­պէս ըն­դունո­ւած է, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը յի­շատա­կելու աւան­դոյթը սկսած է 1915 թո­ւակա­նի 50-րդ տա­րելի­ցին, այ­սինքն՝ 1965 թո­ւակա­նին։ Մենք, սա­կայն, Թուրքական պե­տու­թեան զե­կոյցնե­րէն կը տե­ղեկա­նանք, որ այդ աւան­դոյթը շատ աւե­լի հին է։

Հա­յերը ինչպէս որ ի սկզբա­նէ սկսած են ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած իրենց եղ­բայրնե­րու յի­շատա­կին նո­ւիրո­ւած յու­շարձան կա­ռու­ցել, նմա­նապէս դեռ հնուց զո­հերու յի­շատա­կի օր որո­շած են եւ աւան­դոյթ դարձցու­ցած զո­հերուն ոգե­կոչե­լը։ 1939 թ. Ապ­րի­լի 14-ին Պէյ­րութի դես­պա­նու­թեան՝ «ան­ձամբ» գրու­թամբ զե­կոյ­ցէն կը տե­ղեկա­նանք, որ հա­յերը ցան­կա­ցած են Իս­թանպու­լի մէջ եղած յու­շարձա­նի նման յու­շարձան մը կա­ռու­ցել այնտեղ.

«Ար­դէն իսկ աւան­դոյթի վե­րածո­ւած էր Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ժա­մանակ մա­հացած հա­յերու հա­մար ամէն տա­րի Ապ­րի­լի 24-ին Լի­բանա­նի մէջ հա­յերու կող­մէ կրօ­նական արա­րողու­թիւն կա­տարե­լը եւ այդ թե­մայով ելոյթներ ու ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­լով՝ Թուրքիոյ դէմ ուղղո­ւած խօս­քեր ար­տա­յայ­տե­լը։ Իմ ձեռք բե­րած տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն՝ այս տա­րի այդ ամե­նուն աւե­լացած են Ան­թի­լիաս անո­ւամբ մի լի­բանա­նեան գիւ­ղի, Սու­րիոյ, Տէր Զօ­րի եւ Ճե­զիրէի մէջ մա­հացած հա­յերուն պատ­կա­նող ոս­կորնե­րը թա­ղելու արա­րողու­թիւնը եւ այդ գե­րեզ­մաննե­րու վրայ յու­շարձա­նի մը կա­ռու­ցումը, ինչպէս նաեւ՝ զա­նազան շրջան­նե­րէն եկող հա­յերու մաս­նակցու­թեամբ մեծ մի­ջոցա­ռումնե­րու անցկա­ցու­մը, որոնց ըն­թացքին կը հնչեն Թուրքիոյ դէմ ուղղո­ւած թշնա­մական ելոյթներ։ Այդ ուղղու­թեամբ նա­խապատ­րաստա­կան եւ կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րը կը ղե­կավա­րուին Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ կա­թողի­կոսի օգ­նա­կան Սա­րաճեանի (նկա­տի ու­նի 1939 թ. վախ­ճա­նուած Ան­թի­լիասի Սահակ Բ. Կաթողիկոսին փոխարինած ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս Սարաճեանին-Ակունքի խմբ.) հսկողութեան տակ գտնուող հայկական քոմիթէի մը կողմէ»։

Հարկ չկայ նշելու, որ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը անմիջապէս անվտանգութեան կը դիմէր՝ այդ յիշատակի արարողութիւններուն եւ յուշարձանի կառուցմանը արգելք ըլլալու համար։ Որպէս ռեֆլեքս՝ ան շունչը կ՚առնէր Գերագոյն Կոմիսարութիւնի մէջ՝ դրութեան մասին այն ժամանակուայ մանդատային իշխանութեանը հաղորդելով։

Տամասկոսի հիւպատոսութիւնը եւս 1939 թ. Մայիսի 4-ին յղուած իր գրութեան մէջ կը հաղորդէր, որ յիշատակի արարողութիւնը իրականացուած է Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարի նախագահութեան ներքոյ, եւ որ Մայիսի 6-ին զոհերու յիշատակը յարգելու համար նախկին տարիներու համեմատ աւելի աքթիֆ պատրաստութիւն կը տեսնէին։ Սոյն զեկոյցով նաեւ կը հասկցուի, որ հիւպատոս Հուման Մենեմենճիօղլուն ակնդէտ կը հետեւէր իրավիճակին։

«Քանի մը օր առաջ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Անատոլիայի մէջ կատարուած հայկական փոխադարձ կոտորածի տարելիցի արարողութիւնը իրականացուցին Պէյրութի մէջ, ինչպէս նախապէս ալ յայտնած էի, Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարի ղեկավարութեան ներքեւ։ Հիմա ալ թէ՛ Լիբանանի մէջ, թէ՛ Սուրիոյ մէջ նախկին տարիներու համեմատ աւելի աքթիֆ կերպով կը նախապատրաստուին «Մայիսի 6-ի զոհերու» տարելիցի արարողութեան համար։

Սուրիոյ վարչապետ Նասուհ պէյ Ալ-Պուհարին երեկ երեկոյեան կողմ եկաւ հիւպատոսարան եւ ժամ մը մնաց այստեղ։ Արտգործ նախարար Հալիդ պէյ Ալ-Ազիմն ալ քանի որ կ՚ուղեկցէր անոր, մեր խօսակցութիւնը ընդհանուր թեմաներու շուրջ եղաւ, եւ երկուստէք խուսափեցանք քաղաքական շփումէն։

Խորին յարգանքներով»։

Պէյրութի գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ յղուած առաջին գրութիւնը յաւելեալ ուղարկուած զեկոյցին, որը կը թուագրուի 1939 թ. Մայիսի 10-ի ամսաթուով, կը հաղորդուի, որ թէեւ յիշատակի արարողութիւնը իրականացուած է, սակայն յուշարձանի կառուցումը՝ ոչ։

«Իրականացուած հետաքննութեան համաձայն՝ Ապրիլի 24-ին Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան շրջաններէն եկած հայերու մասնակցութեամբ Անթիլիասի մէջ տեղադրուելիք յուշակոթողի կառուցումը չեղարկուած է, եւ անոր կապակցութիւնով նախատեսուող ելոյթները ու ցոյցերը եւս տեղի չեն ունեցած։

Հայկական Դաշնակցութեան քոմիթէն հայերուն ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ յայտնած է, որ յուշարձանի տեղադրումը եւ անոր կապակցութիւնով ցոյցերը տեղափոխուած են մէկ այլ ժամանակուայ։

Ապրիլի 24-ին բաւարարուած են Լիբանանի զանազան հայկական եկեղեցիներուն Համաշխարհային պատերազմի զոհերու համար կրօնական արարողութիւններ անցկացնելով։ Թէեւ 1-2 տեղական հայկական թերթերուն մէջ հաղորդուած էր, թէ այդ արարողութիւններէն մէկուն մասնակցած եւ մինչեւ իսկ ելոյթով հանդէս եկած է Լիբանանի Ներքին Գործերու Նախարար Հապիփ Աբի Շահլան, սակայն մեր կողմէ կատարուած հետաքննութնւնը ցոյց տուած է, որ Լիբանանի կառավարութենէն ոչ մի պաշտօնական ներկայացուցիչ ներկայ չէ գտնուած վերոյիշեալ կրօնական արարողութեան։

Այդ գործի մէջ Գերագոյն Կոմիսարութեան կողմէ մեր ազդեցութեան արդիւնքին ձեռնարկուած կանխարգելիչ միջոցներու շնորհիւ դաշնակցականները վիրաւորուած են ֆրանսացիներէն՝ եւ կրօնական արարողությենէ ետք վերոնշեալ կոմիսարութեան ղեկավարներէն կոմս դը Լյոսը կաթողիկոսի ընդհանուր փոխանորդ Սարաճեանին անձամբ այցելելով՝ աշխատած է ձեռնարկուած միջոցները քաղաքականապէս հիմնաւորած եւ իր բարեկամութեան մասին հաւաստիացումներ տալով՝ ձգտած է սիրաշահիլ անոր։

Խորին յարգանքներով»։

Պէյրութի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, ի տարբերութիւն Տամասկոսի հիւպատոսութեան, կը յայտնէ, որ արարողութեանը ոչ մի պաշտօնեայ չէ մասնակցած, եւ որ այդ եղած է իր ազդեցութեան շնորհիւ։ Ան եւս կը յաւելէ, որ դարձեալ պաշտօնեայ մը այցելած է Սարաճեանին՝ վերջինիս սիրտը շահելու նպատակով։

Ինչպէս կը տեսնենք, հայերը 100 տարիէ աւել տեւած յոգնեցուցիչ գործընթաց մը շալակած՝ հասած են մեր օրեր։ Դեռ կը շարունակուին հայ ժողովրդի դիմադրութիւնը եւ Թուրքիոյ պետութեան անիմաստ յամառութիւնը։

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ