Ներքին Գործոց Նախարարի Օգնական Մուհթէրէմ Ինճէ Պատրիարքարան Այցելեց

Համայնքա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Ընտրու­թեան Կա­նոնագ­րութեան պատ­րաստա­կան աշ­խա­տանքներ տա­նելու գծով լիազօ­րուած յանձնա­խումբը զա­նազան փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնքնե­րու հետ շփումներ ու­նե­նալու առա­ջադ­րութեամբ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րի Օգ­նա­կան Մուհթէ­րէմ Ին­ճէ­յի նա­խագա­հու­թեամբ Ան­գա­րայէն քա­ղաքս ժա­մանած էր։

Այս առու­մով Յար­գարժան Մուհթէ­րէմ Ին­ճէ եւ յանձնա­խումբի ան­դամներ՝ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան Նա­հան­գա­յին Վար­չութեան Ընդհա­նուր Տնօ­րէն Քիւրշաթ Աք­պը­յըք, Նա­հան­գա­յին Վար­չութեան Շրջա­նային Տնօ­րէն Մէհ­մէտ Եիւ­զէր, Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնի Օգ­նա­կան Րը­ֆաթ Թիւրքէր 19 Մարտ, Շա­բաթ յետ մի­ջօրէի Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լեցին եւ հան­դի­պում ու­նե­ցան Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք հօր հետ։ Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էր նաեւ Աք­փարթի (Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում) Կու­սակցու­թեան Կեդ­րո­նական Վար­չութեան ան­դամնե­րէն Տքթ. Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լու։

Յանձնա­խումբի ան­դամնե­րը այս հան­դիպման ըն­թացքին իրենց տա­րած աշ­խա­տանքնե­րու հետ առըն­չո­ւած զար­գա­ցումնե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցե­ցին եւ ու­նե­ցան գա­ղափա­րի փո­խանա­կումներ։

Ըստ յանձնա­խումբի ան­դամնե­րուն ընտրու­թիւննե­րու կա­տար­ման հա­մար տա­րուած աշ­խա­տանքնե­րը, բա­ցի գործնա­կան քա­նի հար­ցե­րէ, հա­սած էին վերջնա­կան փու­լի եւ ըստ կա­րել­ւոյն ամե­նակարճ ժա­մանա­կի մէջ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեանց ընտրու­թիւննե­րու կա­տարո­ւիլը կը նա­խատե­սուէր։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ի տես ար­ձա­նագ­րո­ւած զար­գա­ցումնե­րուն իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնեց եւ յան­ձին Յար­գարժան Նա­խարա­րի Օգ­նա­կան Մուհթէ­րէմ Ին­ճէ­յի յանձնա­խումբի ան­դամնե­րուն շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով, յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց բո­լորին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ