Ատրպէյճանի Առաջարկներուն Մասին

«Արմէնփրէս».- Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան 21 Մար­տին՝ Ազ­գա­յին ժո­ղովի ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մնա­յուն յանձնա­ժողո­վի նիս­տին, Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան 28 Փետ­րո­ւար 2022ի «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րու­թեան ծրագ­րի (2021-2026 թթ.) 2021 թո­ւակա­նի կա­տար­ման ըն­թացքի եւ ար­դիւնքնե­րի զե­կոյ­ցի մա­սին» հա­մապա­տաս­խան որո­շու­մով հա­ւանու­թեան ար­ժա­նացած զե­կոյ­ցի ներ­կա­յաց­ման ըն­թացքին յայտնեց, որ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բո­լոր իրա­ւունքնե­րը եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի կար­գա­վիճա­կի հար­ցը Հա­յաս­տա­նի հա­մար կը մնան սկզբունքա­յին եւ առանցքա­յին։

«Հա­յաս­տան» խմբակ­ցութե­նէն Ար­մէն Ռուստա­մեան հար­ցուց, եթէ նա­խարա­րը կրնա՞յ յստա­կօրէն յայ­տա­րարել, որ Հա­յաս­տան բա­նակ­ցութիւննե­րուն մէջ մտած է՝ բա­ցառե­լու Ար­ցա­խի կար­գա­վիճա­կը Ատրպէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ, բա­ցառե­լու Ար­ցա­խի անկլա­ւային (մի­ջեր­կիր ըլ­լա­լու) վի­ճակը եւ վե­րականգնե­լու Հա­յաս­տա­նի յանձնա­ռու­թիւնը՝ ըլ­լա­լու Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքը իրա­կանաց­նող։

«Մեր կա­ռավա­րու­թեան ու­ղե­նիշն է կա­ռու­ցել խա­ղաղու­թիւն տա­րածաշրջա­նում։ Ան­շուշտ դրա կա­րեւո­րագոյն մաս է դրա շուրջ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի շուրջ խա­ղաղ բա­նակ­ցութիւննե­րի վերսկսու­մը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ հա­մապար­փակ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի բա­նակ­ցումը եւ յե­տոյ կնքու­մը։ Մեզ հա­մար սկզբունքա­յին եւ առանցքա­յին է ար­ցա­խահա­յու­թեան իրա­ւունքնե­րի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի կար­գա­վիճա­կի հար­ցը», պա­տաս­խա­նեց նա­խարար Միր­զո­յեան։

Անդրա­դառ­նա­լով Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ փո­խան­ցո­ւած առա­ջարկնե­րուն՝ Միր­զո­յեան ըսաւ. «Մար­տի 10-ին մեզ փո­խան­ցո­ւած ատրպէյ­ճա­նական առա­ջարկնե­րում, մեծ հա­շուով, մեզ հա­մար անըն­դունե­լի ոչինչ չկայ։ Այլ բան, որ այդ առա­ջարկներն ամ­բողջա­պէս չեն հաս­ցէագ­րում Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան հա­մապար­փակ խա­ղաղու­թեան հնա­րաւոր օրա­կար­գը։ Ահա մեր պա­տաս­խաննե­րը եկել են ամ­բողջաց­նե­լու այս օրա­կար­գը։ Մեր պա­տաս­խաննե­րում առանցքա­յին եւ սկզբունքա­յին ենք հա­մարում ԼՂ հա­յու­թեան իրա­ւունքնե­րը եւ ԼՂ կար­գա­վիճա­կի հար­ցի հաս­ցէագ­րումը։ Ահա այս ամ­բողջա­կան հեն­քի վրայ մենք պատ­րաստ ենք սկսել բա­նակ­ցութիւններ։ Եւ հէնց այս առա­ջար­կով էլ մենք դի­մել ենք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի հա­մանա­խագա­հու­թեանը կազ­մա­կեր­պե­լու խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի շուրջ բա­նակ­ցութիւններ՝ հիմք ըն­դունե­լով ՄԱԿ կա­նոնադ­րութիւ­նը, Քա­ղաքա­կան եւ քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունքնե­րի մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­գիրը, Հել­սինկեան եզ­րա­փակիչ ակ­տը»։

Միր­զո­յեան դի­տել տո­ւաւ, որ Հա­յաս­տա­նին փո­խան­ցո­ւած առա­ջարկնե­րուն մէջ կայ հա­մընդհա­նուր ըն­կա­լում, որ հա­ղոր­դակցու­թեան եր­թե­ւեկի կա­պերու ապաշրջա­փակ­ման պա­րագա­յին ճամ­բա­ները պի­տի գոր­ծեն ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ օրէնսդրու­թեան այն եր­կիրնե­րուն, որոնց տա­րած­քով կ՚անցնին։ Ան նշեց, թէ ասի­կա ար­տա­քին քա­ղաքա­կան աշ­խա­տան­քի կա­րեւոր ուղղու­թիւննե­րէն մէկն է, որուն հա­մար ալ կազ­մո­ւեցաւ եռա­կողմ աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ ու­նե­ցաւ 8 աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պումներ եւ կազ­մո­ւեցան են­թախմբեր։

«Որ­պէս ար­դիւնք 2021ի Նո­յեմ­բե­րի 26-ին Սո­չիում Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սաստա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի ղե­կավար­նե­րի եւ Դեկ­տեմբե­րի 15-ին Պրիւ­սե­լում Հա­յաս­տա­նի, ԵԽի եւ Ատրպէյ­ճա­նի ղե­կավար­նե­րի մի­ջեւ կա­յացած հան­դի­պումնե­րին՝ Երասխ-Ջուլֆա-Օր­դուբադ-Մեղ­րի-Հո­րադիս եր­թուղին վե­րագոր­ծարկե­լու պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւն է ձեռք բե­րուել։ Եւ այժմ աշ­խա­տանքներ են տար­ւում այդ պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւննե­րը դէ իւ­րէ (իրո­ղապէս) ամ­րագրե­լու ուղղու­թեամբ», ըսաւ Միր­զո­յեան՝ աւելցնե­լով. «Ատրպէյ­ճա­նում դե­ռեւս ապօ­րինա­բար պահ­ւում են հայ ռազ­մա­գերի­ներ եւ քա­ղաքա­ցիական ան­ձինք։ Եւ Հա­յաս­տա­նը շա­րու­նա­կում է մի­ջազ­գա­յին տար­բեր ձե­ւաչա­փերով բարձրա­ձայ­նել Ատրպէյ­ճա­նում պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ների, պա­տանդնե­րի եւ այլ պա­հուող ան­ձանց ան­յա­պաղ վե­րադար­ձի հար­ցը։ Ատրպէյ­ճա­նը դե­ռեւս պա­հում է 38 ան­ձի՝ ռազ­մա­գերի, պա­տանդ եւ այլ կար­գա­վիճա­կով պա­հուող ան­ձինք։ 38-ից 3-ը քա­ղաքա­ցիական ան­ձինք են։ Ու­շագրաւ է, որ 38-ից 2-ը գե­րեվա­րուել են նախ­քան Նո­յեմ­բե­րի 16-ը տե­ղի ու­նե­ցած էս­կա­լացիան (մար­տա­կան մագլցու­մը)»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ