Նոր պատմութիւն իւրաքանչիւրիս յիշողութեան մէջ

ԴԱԼԱՐ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

Հանդիպե­ցանք, թէ­կուզ եր­կա­րատեւ բա­ցակա­յու­թե­նէ ետք, մա­սամբ շրջան­ցե­լով «Քո­րոնա» հա­մավա­րակի ստեղ­ծած ծանր եւ ճնշիչ կա­ցու­թիւնը, ճգնա­ժամա­յին օրե­րը։

Հան­դի­պեցանք կի­րակի, 13 մարտ 2022-ին, բո­լորիս ծա­նօթ եւ հո­գեհա­րազատ ժա­մադ­րա­վայր «Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան» թա­տերաս­րա­հին մէջ՝ ան­տե­սելով ջեր­մաստի­ճանի ան­հա­մեմատ նո­ւազու­մը, բուք ու բո­րանի ան­հերքե­լի ներ­կա­յու­թիւնը։

Հան­դի­պեցանք՝ չա­րեն­ցեան ոգին վառ պա­հելով, սա­ւառ­նե­լու, ճախ­րե­լու հա­մար դէ­պի հայ­կա­կան եր­գա­դարա­նի հին եւ ար­դի գո­հար­նե­րու ան­ծայրա­ծիր հո­րիզոն­նե­րը։

Հան­դի­պեցանք՝ ըմ­բոշխնե­լու պոլ­սա­հայ ան­զուգա­կան, տա­ղան­դա­ւոր արո­ւես­տա­գիտու­հի Սի­պիլի զու­լալ ձայ­նով ու բարձրո­րակ մա­կար­դա­կով հրամ­ցո­ւած հա­յաշունչ եր­գե­րը, որոնց իւ­րա­քան­չիւրին մե­ղեդին եւ ելե­ւէջը կը հպէր իւ­րա­քան­չիւրիս նե­րաշ­խարհին։

Հան­դի­պեցանք՝ հայ գրա­կանու­թեան ժա­ռան­գած փա­ռահեղ եւ հո­գեպա­րար բա­նաս­տեղծա­կան կտոր­նե­րուն ընդմէ­ջէն գո­վեր­գե­լու մայ­րե­նի լե­զուի յօ­րինած հա­րուստ բա­ռամ­թերքը, որ անընդհատ կը պատ­կե­րազար­դէ հա­յոց գրա­կան ան­դաստա­նը։

Հան­դի­պեցանք՝ վե­րանո­րոգե­լու մեր խոս­տումը, գօ­տեպնդե­լով եւ վե­րահաս­տա­տելով, որ մշա­կոյ­թը, լե­զուն, պատ­մութիւնն ու գրա­կանու­թիւնը կը հան­դի­սանան հա­յու­թեան գո­յատե­ւու­մի երաշ­խիքն ու խա­րիս­խը։

Հան­դի­պեցանք՝ գնա­հատե­լու, քա­ջալե­րելու նո­րահաս սե­րունդի ու­րուագ­ծած արո­ւես­տի նո­րանոր ու­ղի­ները։ Ու­շագրաւ եւ յոյժ գնա­հատան­քի ար­ժա­նի էին Հա­մազ­գա­յինի «Քնար» պա­րախումբի, «Գա­յեանէ» պա­րի դպրո­ցի, «Տա­ւիղ» կի­թառա­հար­նե­րու հա­մոյ­թի եւ «Բար­սեղ Կա­նաչեան» երաժշտա­կան քո­լեճի կա­տարումնե­րը, որոնք դիւ­թե­ցին ներ­կա­ները իրենց մաս­նակցու­թեամբ։

Ծա­փահա­րու­թիւննե­րու թնդիւ­նը կը շա­րու­նա­կուէր, հա­մեր­գը հա­սած էր իր աւար­տին, սա­կայն այս ան­գամ իւ­րա­յատուկ էր նաեւ աւար­տը. ար­դա­րեւ, տա­ղան­դա­ւոր արո­ւես­տա­գիտու­հի Սի­պիլ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հնչե­ցուց «Իմ թե­ւերը» նոր յօ­րինո­ւած եր­գը, որ կրցաւ իր ինքնու­րոյն ներ­կա­յու­թիւնը դրոշ­մել մեր բո­լորին սրտե­րուն մէջ։

Այո՚, բա­րեսի­րական հա­մեր­գի կազ­մա­կեր­պումը՝ ի նպաստ Հա­մազ­գա­յինի Գե­ղարո­ւես­տի դպրոց­նե­րու սա­ներու ֆոն­տին, ներ­կայ փու­լին, երկրին մէջ տի­րող տնտե­սական ահա­ւոր պայ­մաննե­րուն զու­գա­հեռ, յան­դուգն եւ դժո­ւար քայլ մըն էր, որուն ձեռ­նարկած էր Հա­մազ­գա­յինի Լի­բանա­նի Շրջա­նային վար­չութիւ­նը։

Հա­մեր­գը կրցաւ էապէս յա­գեց­նել ներ­կա­ներու տեն­չանքը եր­կար սպա­սու­մէ ետք։

Հա­մեր­գը չէ աւար­տած…

Հա­մեր­գը դար­ձած է նոր պատ­մութիւն՝ իւ­րա­քան­չիւրիս յի­շողու­թեան մէջ։

(Ազդակ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ