Կազի մատակարարումը կրկին դադրած

Արցախի հա­ղոր­դակցու­թեան կեդ­րո­նի տե­ղեկա­ցու­մով կ՚իմա­նանք թէ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջամ­տութեամբ կրկին դադ­րած է դէ­պի Ար­ցախ կա­զի մա­տակա­րարու­մը։

Աղ­բիւրը այս մա­սին կը նշէ հե­տեւեալ լրա­տուու­թեամբ։ «Բա­ւակա­նին տե­ղեկու­թիւն ու­նինք պնդե­լու հա­մար թէ 8 Մար­տին պայ­թած կա­զամու­ղի նո­րոգ­ման աշ­խա­տանքնե­րու ըն­թացքին Ատրպէյ­ճան ծո­րակ մը զե­տեղած էր եւ կա­զի հո­սան­քը ընդհա­տած ժա­մեր առաջ։

Ատրպէյ­ճա­նի տե­ղի տո­ւած այս ժխտա­կան զար­գա­ցումնե­րը ար­ցա­խահա­յու­թեան հա­մար մարդկա­յին ու կեն­ցա­ղային խնդիր­ներ կ՚առա­ջաց­նեն։ Նման գոր­ծե­լակեր­պը յան­ցա­գոր­ծութիւն է։ Կա­ցու­թիւնը իս­կոյն տե­ղեկա­ցուած է Ար­ցա­խի մէջ խարսխած ռուս խա­ղաղա­պահ ու­ժե­րու հրա­մանա­տարու­թեան։ Կա­զի մա­տակա­րարու­մը վե­րահաս­տա­տելու հա­մար աշ­խա­տու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կուին»։

Ար­ցա­խահա­յու­թի­ւը մօտ ան­ցեալին ինը օր շա­րու­նակ զրկո­ւած էր կա­զի մա­տակա­րարու­մէն։ Ար­ցախ եկող կա­զամու­ղը Ատրպէյ­ճա­նի հսկո­ղոթեան տակ է, ար­դա­րեւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կա­զի ընդհա­տումնե­րու հա­մար Պա­քուի վար­չութիւ­նը պա­տաս­խա­նատու կը հա­մարեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ