Աշխատանոց՝ Հայ-Օսմանեան մշակոյթի մասին

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տան «Եսա­յեան» սրա­հը առ­ցանց աշ­խա­տանոց մը կը կազ­մա­կեր­պէ «Հա­յեացք Հայ-Օս­մա­նեան Մշա­կոյ­թին» խո­րագի­րով։ Պե­թիւլ Պա­քըր­ճը Քե­լէշի ժո­ղովա­վարու­թեամբ կա­յանա­լիք աշ­խա­տանո­ցը 6 Ապ­րիլ- 25 Մա­յիս 2022 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ 8 շա­բաթ­նե­րու տեւողութեամբ պի­տի կա­յանայ ամէն չե­րոք­շաբթի 19.00-22.00 ժա­մերուն։

Մաս­նակցու­թիւնը սահ­մա­նափա­կուած է 15 անձերով։

Աշ­խա­տանո­ցի ըն­թացքին Օս­մա­նեան հա­յերու մշա­կոյ­թի, պատ­մութեան եւ գրա­կանու­թեան շուրջ ԺԹ. դա­րու քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րու եւ ըն­կե­րային ճգնա­ժամե­րու առանցքով վեր­լուծումներ պի­տի կա­տարո­ւին։

ԺԹ. դա­րը յատ­կանշա­կան է կայսրու­թե­նէ ներս ազ­գութիւննե­րու դրու­թեան վե­րացու­մով եւ հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րու խան­գա­րու­մով։

Աշ­խա­տանո­ցը կը մտադ­րէ դէ­պի 1915 աճող քա­ղաքա­կան լա­րուա­ծու­թիւնը եւ 1909-ի Ատա­նայի կո­տորած­նե­րու գրա­կանու­թեան վրայ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւննե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւնը քննարկել։

Ժո­ղովա­վար Պե­թիւլ Պա­քըր­ճը Քե­լէշ Իս­թանպու­լի «Շե­հիր» հա­մալ­սա­րանի Թրքե­րէն լե­զու եւ գրա­կանու­թեան բա­ժինը աւար­տե­լէ ետք, նոյն հա­մալ­սա­րանի մէջ 2010 թո­ւակա­նին շա­րու­նա­կեց բարձրա­գոյն ու­սում եւ աւար­տա­ճառը ներ­կա­յացուց ԺԹ. դա­րու վեր­ջե­րուն հա­յերէն եւ թրքե­րէն գրա­կանու­թեան բաղ­դա­տական քննար­կումով։ Աշ­խա­տակ­ցած է «Տեր­կահ», «Ակօս Քի­թափ-Գիրք», «Զ», պար­բե­րական­նե­րուն եւ յօ­դուած­ներ ստո­րագ­րած է «K24» եւ «Ակօս» թեր­թե­րու մէջ։

Պե­թիւլ Պա­քըր­ճը Քե­լէշ այժմ կ՚աշ­խա­տակ­ցի «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան, որ­պէս խմբա­գիր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ