Բազմահազարներ մէկտեղուեցան Նեւրոզի տօնակատարութեան առթիւ

21Մարտ եր­­կուշաբ­­թի, Ամի­­տայի մէջ կա­­յացաւ գար­­նա­­­նամու­­տը խորհրդան­­շող Նե­­ւորո­­զի եզ­­րա­­­փակիչ հա­­ւաքոյ­­թը։ Նա­­խորդ տա­­րինե­­րու մնան այս տա­­րի ալ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը անվտան­­գութեան մի­­ջոցառ­­ման) պատ­­րո­­­ւակով իր ձեռ­­քէն եկա­­ծը ըրաւ հան­­րա­­­հաւա­­քի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը զզուեց­­նե­­­լու հա­­մար։ Նեւ­­րո­­­զի դաշտ փու­­թա­­­ցող զան­­գո­­­ւած­­ներ կու­­տա­­­կուե­­ցան ոս­­տի­­­կանու­­թեան ստուգման կէ­­տերու ետին եւ ոս­­տի­­­կան­­ներ կա­­մայա­­կան կեր­­պով ար­­գի­­­լեցին ՀՏՓ-ի վեր­­տա­­­ռու­­թիւններ, Քիւրտիս­­տա­­­նի դրօ­­շակը խորհրդան­­շող կար­­միր, կա­­նանչ, դե­­ղին գոյ­­նե­­­րու հա­­մադ­­րութեամբ ամէն ինչ, նոյ­­նիսկ կա­­նանց տօ­­նական զգեստնե­­րը։

Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը ան­­հանդուրժող էին նաեւ երկնա­­կամա­­րի գոյ­­նե­­­րուն դի­­մաց, որոնք խորհրդա­­նիշը դար­­ձած են միասե­­ռակա­­նու­­թեան կամ ար­­հա­­­մարո­­ւած սե­­ռական հա­­կումնե­­րու։

Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու պատ­­ճա­­­ռած ար­­գելքնե­­րու բեր­­մամբ հան­­րա­­­հաւա­­քը սկսաւ որոշ ու­­շա­­­ցու­­մով։ Տի­­յար­­պե­­­քիրի ոս­­տի­­­կանա­­պետի յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ 298 քա­­ղաքա­­ցիներ բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան, իսկ 15 ոս­­տի­­­կան­­ներ ալ թե­­թեւօ­­րէն վի­­րաւո­­րուե­­ցան։

Ամ­­պիոնէն ելոյթ ու­­նե­­­ցող վաս­­տա­­­կաւոր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Ահ­­մետ Թիւրք ակ­­նարկեց Այ­­սել Թուղլու­­քի առող­­ջա­­­կան վի­­ճակին եւ պա­­հան­­ջեց անոր ան­­յա­­­պաղ ազատ ար­­ձա­­­կու­­մը։ Ան նաեւ խօսք ուղղեց քիւրտ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րուն, ազ­­դա­­­րարե­­լով որ միաս­­նութիւ­­նը այժմու հրա­­մայա­­կանն է։

Ըն­­դերցո­­ւեցաւ քիւրտ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Լէյ­­լա Կիւ­­վե­­­նի եւ Տի­­յար­­պե­­­քիրի բան­­տարկեալ հա­­մաքա­­ղաքա­­պետ տոք­­թոր Սել­­չուք Մըզ­­րաքլըի բան­­տէն ուղղար­­կած պատ­­գամնե­­րը։

Ժո­­ղովուրդին խօսք ուղղեց նաեւ ՀՏՓ-ի հա­­մանա­­խագահ Փեր­­վին Պուլտան. «Այ­­սօր խա­­ղաղու­­թեան օրն է, այ­­սօր ազա­­տու­­թեան օրն է, այ­­սօր Նեւ­­րոզ է» ըսե­­լով։ Ան ող­­ջունեց բազ­­մա­­­հազար ժո­­ղովուրդը եւ իր ելոյ­­թը շա­­րու­­նա­­­կեց ըսե­­լով թէ «Թուրքիոյ ամէն մի կէ­­տին բռնկած խա­­րոյկնե­­րու մօտ Սել­­լա­­­հատ­­տին Տե­­միր­­թա­­­շը կանգնած է, Ֆի­­կեն Եիւքսեք­­տա­­­ղը, Այ­­սել Թուղլու­­քը, Սա­պահատ Թունճե­­լիը կանգնած են։ Բո­­լորն ալ մեզ հետ են։ բո­­լորն ալ այս հրա­­պարա­­կին վրայ»։

Ան նաեւ անդրա­­դար­­ձաւ դա­­ժանօ­­րէն սպան­­նո­­­ւած Տե­­նիզ Փոյ­­րազ եւ Քե­­մալ Քուրքու­­թին։

«Նեւ­­րոզ ազ­­գա­­­յին միաս­­նութեան կամ­­քի դրսե­­ւորումն է։ Վայ­­րագնե­­րու դի­­մադ­­րող տու­­ժածնե­­րու տօնն է։ 9 տա­­րի առաջ այս հրա­­պարա­­կին վրայ յայ­­տա­­­րարո­­ւած էր քրտա­­կան խնդրի լուծման եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Անցնող ժա­­մանա­­կը ապա­­ցու­­ցեց թէ այդ առա­­ջարկնե­­րը ինչպի­­սի անհրա­­ժեշ­­տութիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։ Մենք որ­­պէս ՀՏՓ, որ­­պէս քիւրտ ժո­­ղովուրդ ան­­գամ մը եւս կը յայ­­տա­­­րարենք թէ 2013-ի Ամե­­տի Նեւ­­րո­­­զին ըն­­թերցո­­ւած այդ նա­­մակին հա­­ւատա­­րիմ ենք, ինչպէս 2015-ի Տոլ­­մա­­­պահ­­չէի հա­­մաձայ­­նութեան։ Մե­­զի դէմ տան­­ջանքներ գոր­­ծադրե­­ցին, բայց տե­­սան որ չեն յա­­ջողած։ Այս զան­­գո­­­ւածը տես­­նե­­­լով կը կրկնենք՝ պի­­տի չյա­­ջողիք։ Այս հրա­­պարա­­կը եւ այս զան­­գո­­­ւածը կ՚ապա­­ցու­­ցեն թէ Սե­­լահատ­­տիննե­­րու, Ֆի­­կեն­­նե­­­րու, Կիւլթեն­­նե­­­րու, Սա­­պահատ­­տիննե­­րու եւ բան­­տարկո­­ւած բո­­լոր ըն­­կերնե­­րու կող­­քին ենք։ կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ կը մեր­­ժենք մե­­ծայարգ Էօճա­­լանի դէմ գոր­­ծադրո­­ւած մե­­կու­­սա­­­ցու­­մը։ Մենք իբրեւ քիւրտ ժո­­ղովուրդ, իբ­­րեւ Թուրքիոյ ժո­­ղովուրդներ, իբ­­րեւ ՀՏՓ ան­­գամ մը եւս կը յայ­­տա­­­րարենք թէ խա­­ղաղու­­թիւնը ահ­­րա­­­ժեշ­­տութիւն է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամ­­բողջ աշ­­խարհի հա­­մար։ Եթէ այս եր­­կի­­­րը խա­­ղաղու­­թեան պի­­տի հաս­­նի, եթէ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը պի­­տի հաս­­տա­­­տուի, եթէ ար­­դար ու ազատ կեանք մը պի­­տի կեր­­տո­­­ւի, այդ մեր շնոր­­հիւ պի­­տի ըլ­­լայ։ Այս հա­­մոզու­­մով կ՚ող­­ջունեմ ձեզ- Ժին, Ժիան, Ատա­­զի (Կին, Կեանք, Ազա­­տու­­թիւն)»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ