Մեղանչում բացթողման եօթը տարիներուն համար

«Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ միշտ զգա­լի եղաւ իր բա­ցակա­յու­թիւնը։ Զգա­լի ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թի ամե­նավառ ապա­ցոյցն է առօ­րեայ եռու­զե­ռի մէջ յա­ճախ զինք յի­շելու առիթ­նե­րը։ Որ­պէս հա­յերէն էջե­րու խմբագ­րութիւ­ն, խոս­տո­վանինք որ չենք յա­ջողած իր բա­ցակա­յու­թիւնով գո­յացած բաց­թո­ղու­մը վե­րաց­նելու։ Այս մէ­կը կը զգանք յատ­կա­պէս աւան­դա­կան յի­շատակ­ման օրե­րուն։ Գա­ւառի մեր եր­բեմնի ապ­րումնե­րը, քրիս­տո­նէական եւ նա­խաք­րիստո­նէական շրջան­նե­րէն մեր օրե­րուն հա­սած աւան­դութիւնննե­րը իր ան­մի­ջական ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի նիւ­թերն էին։

28 Մար­տին կը լրա­նայ «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն, հա­յերէն էջե­րու բազ­մա­մեայ աւագ խմբա­գիր մեր շատ սի­րելի Սար­գիս Սե­րով­բեանին մա­հուան Է. տա­րելի­ցը։

Կ՚ապա­ւինինք իր նե­րողամ­տութեան, որ անցնող եօթը տա­րինե­րու ըն­թացքին չենք կրցած ար­դա­րաց­նել մե­զի վստա­հած կտա­կը։ Խունկ ու յար­գանք իր յի­շատա­կին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ