6. Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Երե­ւան մայ­­րա­­­քաղա­­քի մէջ, տա­­րիներ առաջ, տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «փո­­խադարձ վստա­­հու­­թիւն, միաս­­նա­­­կանու­­թիւն եւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն» խո­­րագ­­րով Հա­­յաս­­տան-Սփիւռք հեր­­թա­­­կան վե­­ցերորդ հա­­մահայ­­կա­­­կան հա­­մաժո­­ղովը։ Եր­­բեք պի­­տի չու­­զէինք յայ­­տա­­­րարել որ ան­­մի­­­ջական շտապ գործնա­­կան լու­­ծումներ կ՚ակնկա­­լէինք այս հա­­մաժո­­ղովէն, ընդհա­­կառա­­կը՝ նման ակնկա­­լու­­թիւն մը մեզ ահա­­ւաոր յու­­սա­­­խաբու­­թեան պի­­տի մատ­­նէր։ Սա­­կայն եւ այնպէս՝մխի­­թարա­­կան է ընդհա­­նուր երե­­ւոյ­­թը որով­­հե­­­տեւ նման հա­­մաժո­­ղով­­ներ կ՚ըլ­­լան պա­­տեհ առիթ­­ներ փո­­խադարձ «ճա­­նաչո­­ղու­­թեան» եւ ան­­կասկած «քա­­րոզ­­չա­­­կան» նկա­­րահա­­նումնե­­րու։

Նման հա­­մաժո­­ղովի գլխա­­ւոր նպա­­տակ­­նե­­­րէն գե­­րագոյ­­նը պէտք է ըլ­­լայ հա­­մադ­­րել եւ հա­­մախմբել հայ­­րե­­­նիքի եւ սփիւռքի նե­­րոյ­­ժը, հա­­յու­­թեան գո­­յատեւ­­ման եւ պահ­­պանման ի խնդիր։ Մեր խօս­­քը ֆի­­զիքա­­կան մեր­­ձե­­­ցու­­մի մա­­սին չէ, այլ անհրա­­ժեշտ է ստեղ­­ծել մարդկա­­յին բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­­րու եւ սկզբունքնե­­րու ներ­­դաշնա­­կու­­թիւն եւ հա­­մակար­­գում։ Հա­­յաս­­տան թէ՛ սփիւռք կը ղե­­կավա­­րուին նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու «օլի­­կարխնե­­րով» եւ ամի­­րանե­­րով, որոնք կը կար­­ծեն մե­­նաշ­­նորհեալ­­նե­­­րը ըլ­­լալ հայ ժո­­ղովուրդին։ Ո՛չ Հայ­­րե­­­նի պե­­տու­­թի­­­նը եւ ո՛չ ալ սփիւռքի ղե­­կավա­­րու­­թիւնը քա­­ջու­­թիւնը ու­­նին եր­­թա­­­լու դէ­­պի ժո­­ղովուրդ եւ խօ­­սելու անոր հետ ազ­­գա­­­յին վեհ ընբռնումնե­­րու եւ սկզբունքնե­­րու մա­­սին եւ զի­­րենք մաս­­նա­­­կից դարձնե­­լու հա­­յապահ­­պանման ծրա­­գիր­­նե­­­րու մշակ­­ման եւ գոր­­ծադրու­­թեան։

Եր­­բեք ժխտա­­կան պէտք չէ նկա­­տել յանդգնող շի­­նիչ մեր քննա­­դատու­­թիւնը, որ ապա­­հովա­­բար ան­­հանգստա­­ցու­­ցիչ է։ Ո՛չ բամ­­բա­­­սանք է եւ ո՛չ ալ ցե­­խար­­ձա­­­կում, ընդհա­­կառա­­կը՝ քննա­­դատե­­լու կա­­րողու­­թիւնը առա­­քինու­­թիւն է մեր կար­­ծի­­­քով։ Կը քննան­­դա­­­տենք որով­­հե­­­տեւ մտա­­հոգ ենք մեր ազ­­գի ապա­­գայով, որով­­հե­­­տեւ քա­­ջատե­­ղեակ ենք մեր ազ­­գա­­­յին նա­­ւաբե­­կեալ կեան­­քի մա­­կըն­­թա­­­ցու­­թիւննե­­րուն եւ հե­­տեւա­­բար հա­­մատա­­րած ան­­տարբե­­րու­­թիւնն ու յու­­սալքու­­մը կ՛ան­­հանգստաց­­նէ մեզ մղե­­լով առողջ քննա­­դատու­­թեան, որով­­հե­­­տեւ կա­­րելի չէ սառ­­նա­­­րիւն դի­­տել այս բո­­լորը երբ բա­­րելաւ­­ման եւ բա­­րօրու­­թեան, նա­­մանա­­ւանդ մարդկա­­յին տար­­րա­­­կան իրա­­ւունքնե­­րու վե­­րականգնու­­մի եւ փոխ-յար­­գանքի կա­­րիք կայ, որով­­հե­­­տեւ անոնց բա­­ցակա­­յու­­թիւնը դար­­ձած է ըն­­կե­­­րային չա­­րիք մեր ազ­­գա­­­յին եւ եկե­­ղեցա­­կան կեան­­քին մէջ։

Ինչպէ՞ս չքննա­­դատել երբ որ­­պէս ան­­հատ եւ ազգ են­­թարկո­­ւած ենք ինքնու­­թեան կո­­րուստի։ Չենք կրնար ան­­տարբեր մնալ հաշ­­տո­­­ւելով այն տկա­­րամիտ­­նե­­­րուն հետ որոնք վարժ են յայ­­տա­­­րարե­­լու թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի»։ Ընդհա­­կառա­­կը պէտք է քննա­­դատել առանց վախ­­նա­­­լու, որով­­հե­­­տեւ կայ թե­­րացումներ մեր ազ­­գա­­­յին կեան­­քին մէջ, կայ պաշ­­տօննե­­րու եւ դիր­­քե­­­րու չա­­րաշա­­հում, կան մարդկա­­յին բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­­րու հան­­դէպ ար­­հա­­­մար­­հանք, որով­­հե­­­տեւ տի­­րած են ամէ­­նու­­րեք փա­­ռասի­­րու­­թիւնը, ըն­­չա­­­քաղ­­ցութիւ­­նը, եսա­­սիրու­­թիւնը, ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը եւ ան­­բա­­­րոյու­­թիւնը՝ իր ամ­­բողջա­­կան իմաս­­տով։

Հա­­մաս­­փիւռ հա­­յու­­թիւնը շատ լուրջ խնդիր­­ներ ու­­նի, զորս կա­­րելի չէ լու­­ծել հա­­մաժո­­ղով­­նե­­­րով, տօ­­նախմբու­­թիւննե­­րով, շնոր­­հա­­­հան­­դէսնե­­րով եւ շքան­­շաննե­­րու տե­­ղի-ան­­տե­­­ղի «առատ» բաշ­­խումով։ Ամե­­նահ­­րա­­­տապ առա­­ջին խնդի­­րը պէտք է նկա­­տել հայ­­րե­­­նադար­­ձութիւ­­նը, որով­­հե­­­տեւ հա­­յաթա­­փու­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կուի ահա­­զան­­գա­­­յին հա­­մեմա­­տու­­թեամբ, որ ու­­րիշ բան չէ եթէ ոչ ինքնաս­­պա­­­նու­­թիւն, եւ ժա­­մանակն է որ լրջօ­­րէն մտա­­ծենք հայ­­րե­­­նահան­­ման ոճի­­րին սրբագ­­րութեան մա­­սին։

Յա­­ճախ կը լսենք՝ որ հայ­­րե­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան հա­­մար առաջ­­նա­­­հերթ խնդիր է ներ­­գաղթ իրա­­կանաց­­նե­­­լը, որ մին­­չեւ այ­­սօր կը մնայ լօ­­զունգի եւ բաղ­­ձանքի սահ­­մաննե­­րուն մէջ։ Սփիւռքա­­հայե­­րուս հա­­մար ալ տա­­կաւին յստակ չե­­ղաւ թէ ներ­­գաղթ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու ցան­­կութիւ­­նը ար­­դեօք հրա­­պարակ նե­­տուած է ար­­տա­­­գաղ­­թողնե­­րուն տե­­ղը լեց­­նե­­­լո՞ւ հա­­մար, թէ՞ իս­­կա­­­պէս խոր հա­­ւատ­­քով եւ հա­­մոզու­­մով ազ­­գա­­­հաւաք­­ման մեծ աշ­­խա­­­տանք կը տա­­րուի հայ­­րե­­­նիքը նոր աւիւ­­նով եւ նոր ոյ­­ժե­­­րով զօ­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար։

Հայ­­րե­­­նադար­­ձութիւ­­նը միայն քա­­րոզա­­խօսու­­թեամբ չի՚ կրնար իրա­­կանա­­նալ, յայ­­տա­­­րարե­­լով թէ Հա­­յաս­­տանն է ապ­­րե­­­լու յար­­մա­­­րագոյն եւ ճիշդ վայ­­րը, հե­­ռու այ­­լա­­­սեր­­ման վտան­­գէն։ Ինչպէս յա­­ճախ յայ­­տա­­­րարած ենք այլ առիթ­­նե­­­րով, թէ «Արի Տուն» յայ­­տա­­­րարո­­ղը՝ նաեւ տուն-տե՚ղ կը պատ­­րաստէ։ Անհրա­­ժեշտ է նախ ստեղ­­ծել խոր հա­­մոզում եւ ի գործ դնել լիակա­­տար աջակ­­ցութիւն, գաղ­­թող հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն հա­­մար պատ­­րաստե­­լով նպաս­­տա­­­ւոր պայ­­մաններ եւ կեան­­քի ու գոր­­ծի ապա­­հովու­­թիւն՝ զերծ ամէն տե­­սակի խտրա­­կանու­­թե­­­նէ։ Դժբախ­­տա­­­բար ան­­ցեալին՝ հայ­­րե­­­նի պե­­տու­­թիւնը իր աւա­­գանիով, զբա­­ղած էր տար­­բեր խնդիր­­նե­­­րով, որոնցմէ կա­­րեւո­­րագոյններն էին՝ իշ­­խա­­­նու­­թեան պահ­­պա­­­նու­­մը եւ անոր ժա­­ռան­­գա­­­կանու­­թեան ապա­­հուու­­մը, ինչպէս նաեւ քա­­ղաքա­­կան եւ տնտե­­սական շա­­հերու սե­­փակա­­նացու­­մը։

Մէ­­կդի թո­­ղունք մեր ճա­­ռերը, քա­­րոզա­­խօսու­­թիւննե­­րը եւ խորհրդա­­ժողով­­նե­­­րը, որոնք լօ­­զունգի սահ­­մաննե­­րէն ան­­դին չեն անցնիր։ Այս ճգնա­­ժամա­­յին անմխի­­թար վի­­ճակէն դուրս գա­­լու հա­­մար ձեռ­­նարկենք ու ապա­­հովենք այնպի­­սի տնտե­­սական առինքնող պայ­­մաններ, որ­­պէսզի մեր երի­­տասար­­դութիւ­­նը, մեր աշ­­խա­­­տոյ­­ժը չհե­­ռանայ երկրէն եւ սա­­տարէ երկրի բար­­գա­­­ւաճ­­ման եւ բա­­րօրու­­թեան։ Որ­­քան ալ մտա­­հոգ ենք այ­­սօր մեր ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կան մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րով – շրջա­­փակում եւ ար­­ցա­­­խեան հա­­կամար­­տութիւն - մեր ապա­­գան մեր երի­­տասարդներն են, այ­­րեր՝ որոնք պի­­տի ըլ­­լան հայ­­րե­­­նիքի պաշտպան զի­­նուոր­­նե­­­րը եւ մեր քոյ­­րե­­­րը պի­­տի ըլ­­լան այդ զի­­նուոր­­նե­­­րը ծնող մայ­­րե­­­րը։

Դժբախ­­տա­­­բար մեր ցա­­ւը մեր տան մէջ է, այ­­սինքն մեր միակ յոյս եւ ապա­­ւէն՝ հայ­­րե­­­նիքէն ներս է։ Եր­­կի­­­րը մօտ է ար­­դէն ժո­­ղովրդագ­­րա­­­կան աղե­­տալի վի­­ճակի։ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կայ եւ ան­­ցեալի իշ­­խա­­­նու­­թեանց տե­­սակէ­­տը այն է, որ ար­­տա­­­գաղ­­թը հա­­մաշ­­խարհա­­յին խնդիր է եւ մենք ալ ան­­մասն չենք կրնար մնալ այս ընդհա­­նուր երե­­ւոյ­­թէն։ Ճիշդ է որ մար­­դիկ միշտ ալ ցան­­կութիւն ու­­նին տե­­ղաշար­­ժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հե­­տեւանքնե­­րը մեր նո­­րան­­կախ հայ­­րե­­­նիքին հա­­մար՝ ահա­­ւասիկ ա՚յդ է մեր մտա­­հոգու­­թիւնը, այդ է մեզ հիւ­­ծողն ու տա­­ռապեց­­նո­­­ղը։ Որով­­հե­­­տեւ՝ բո­­լոր անոնք որոնք Հա­­յաս­­տա­­­նէն կը մէկ­­նին Ռու­­սաստան, ընդհան­­րա­­­պէս վե­­րադառ­­նա­­­լու ցան­­կութեամբ կը մէկ­­նին – թէեւ մեծ մա­­սամբ չեն վե­­րադառ­­նար զա­­նազան պատ­­ճառնե­­րով -, սա­­կայն բո­­լոր անոնք որոնք եւ­­րո­­­պական եր­­կիրներ կը մէկ­­նին, ան­­կասկած որ մշտա­­կան բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տելու երա­­զան­­քով կ՚եր­­թան։ Փաստ՝ մեր նո­­րահաս­­տատ գա­­ղութնե­­րը Եւ­­րո­­­պայի մէջ։

Զար­­մա­­­նալին ա՚յն է, որ այդ տա­­րինե­­րուն ո՚չ Հայ­­րե­­­նիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տա­­րած­­քին՝ մեր Նո­­ւիրա­­պետա­­կան Աթոռ­­նե­­­րը, հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններն ու կու­­սակցու­­թիւննե­­րը ահա­­զանգ հնչե­­ցու­­ցին, առաջ­­քը առ­­նե­­­լու հա­­մար այս ահա­­ւոր աղէ­­տին։ Հե­­տեւա­­բար հարց կու­­տանք.....Հի­­մա՛ արթնցաւ Արամ Ա. Կա­­թողի­­կոս որ հայ­­րե­­­նիքը կը պար­­պո­­­ւի...

Որ­­քան ալ ըսենք որ ար­­տա­­­գաղ­­թը բնա­­կան երե­­ւոյթ մըն է ժո­­ղովուրդնե­­րու մօտ, մեր պա­­րագա­­յին՝ ան մա­­հացու հա­­րուած է մեր դա­­տին եւ մեր գո­­յու­­թե­­­նական պայ­­քա­­­րին, որով­­հե­­­տեւ մեր մտա­­հոգու­­թեան կո­­րիզն է՝ գի­­տական, կրթա­­կան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին մեր նե­­րոյ­­ժի ար­­տա­­­հոս­­քը դէ­­պի հիւ­­րընկալ եր­­կիրներ։ Երի­­տասարդ ոյ­­ժե­­­րու հե­­ռացու­­մով՝ կը ստեղ­­ծենք ծանր պայ­­մաններ մեր ազ­­գա­­­յին գո­­յու­­թեան եւ անվտան­­գութեան ծի­­րէն ներս։ Ո՞վ պի­­տի պաշտպա­­նէ մեր հայ­­րե­­­նիքի սահ­­մաննե­­րը։ Մեր դա­­րաւոր թշնա­­մինե­­րը գի­­տակ­­ցե­­­լով այս իրո­­ղու­­թեան, ամե­­նայն լռու­­թեամբ կը սպա­­սեն հա­­յաթա­­փու­­մի այս ահա­­ւոր եղեռ­­նա­­­գոր­­ծութեան լրու­­մին...։

Հե­­տեւա­­բար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազ­­գա­­­յին գա­­հավի­­ժու­­մէն։ կրկնենք ան­­գամ մը եւս բո­­լոր անոնց հա­­մար որ փա­­կած են իրենց աչ­­քերն ու ականջնե­­րը։

Ահա­­ւասիկ մեր առա­­ջարկնե­­րը.-

1.- Ար­­դա­­­րու­­թիւն. Վար­­ձատրել բո­­լորը հա­­ւասա­­րապէս իրենց ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու հա­­մաձայն, եւ վե՛րջ խնա­­միական, ազ­­գա­­­կանա­­կան եւ բա­­րեկա­­մական առաջ­­նա­­­հեր­­դութիւննե­­րու, որոնք կը խոր­­տա­­­կեն ժո­­ղովուրդի հա­­ւատ­­քը հան­­դէպ հայ­­րե­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան։

2.- Կրթու­­թիւն. կա­­րելի չա­­փով ձրի եւ որա­­կաւոր դարձնել բո­­լոր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը նա­­մանա­­ւանդ՝ առանց կա­­շառ­­քի։

3.- Առող­­ջա­­­պահու­­թիւն. Չմեր­­ժել բո­­լոր անոնք որոնք կա­­րիքը ու­­նին բժշկու­­թեան եւ չեն կրնար ապա­­հովագ­­րութիւն գնել, դար­­ձեալ առանց կողմնա­­կի վճա­­րումնե­­րու։

4.- Օրի­­նակա­­նու­­թիւն. Ո՛չ մէկ քա­­ղաքա­­ցի, հաս­­տա­­­տու­­թիւն, կամ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն կրնայ նկա­­տուիլ օրէն­­քէ վեր։ Օրի­­նակա­­նու­­թեան բա­­ցակա­­յու­­թիւնը կը տա­­նի մեզ անիշ­­խա­­­նու­­թեան եւ հե­­ռու կը պա­­հէ սփիւռքա­­հայը որ կ՛ու­­զէ ներդրում կա­­տարել հայ­­րե­­­նիքէն ներս։

5.- Ապա­­հովու­­թիւն. Քա­­ղաքա­­ցին պէտք է իմա­­նայ թէ որ­­պէս երկրին հա­­րազատ զա­­ւակը՝ ապա­­հով է իր կեան­­քը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրա­­ւունքը իր­­մէ։ Յա­­ճախա­­կիօրէն պա­­տահող սպան­­նութիւննե­­րը, որոնց մա­­սին կը կար­­դանք մա­­մու­­լին մէջ, կը սար­­սա­­­փեց­­նեն մեզ...։

6,- Սե­­փակա­­նու­­թիւն. Աշ­­խուժաց­­նել գոր­­ծօններ, որ­­պէսզի իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­ղաքա­­ցի իր ար­­ժա­­­նավա­­յել բնա­­կարա­­նը ու­­նե­­­նայ։ Ժո­­ղովուրդը պէտք չէ պա­­հել տնա­­զուրկ մու­­րացկա­­նի հո­­գեվի­­ճակին մէջ։

7.- Գիւ­­ղատնտե­­սու­­թիւն. Զար­­գացնել եւ երաշ­­խա­­­ւորել գիւ­­ղա­­­ցիի հա­­րազատ քրտնա­­թոր աշ­­խա­­­տան­­քը։ Գիւղն է որ կը պա­­հէ քա­­ղաքը։

Վե­­րեւ յի­­շատա­­կուած առա­­ջարկնե­­րը հայ­­րե­­­նի պե­­տու­­թեան ըն­­կե­­­րային պար­­տա­­­ւորու­­թիւնը ըլ­­լա­­­լէն զատ՝ խո­­րապէս են նաեւ Եկե­­ղեց­­ւոյ կո­­չու­­մէն բխող՝ կրօ­­նաբա­­րոյա­­կան, մար­­դա­­­սիրա­­կան ծա­­ռայու­­թեան պար­­տա­­­ւորու­­թիւն մը։ Միայն այս գա­­ղափա­­րակա­­նով կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ դի­­մագ­­րա­­­ւել մեր դա­­րաշրջա­­նի բո­­լոր մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը, ինչ ալ ըլ­­լան մեր դրա­­ցի եր­­կիրնե­­րու ներ­­գաղթի քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, հայ­­րե­­­նիքի շրջա­­փակու­­մը եւ այլ քա­­ղաքա­­կան եւ ըն­­կե­­­րային ազ­­դակներ։

Հայ­­րե­­­նի պե­­տական այ­­րե­­­րուն եւ անոնց շուրջ թա­­ւալող ար­­բա­­­նեակա­­յին շրջա­­նակ­­նե­­­րուն՝ մեղմ ասած՝ ան­­կուշտ ըն­­չա­­­քաղ­­ցութիւնն ու ան­­տարբե­­րու­­թիւնը ար­­տա­­­գաղ­­թի օրէ օր խո­­րացող վտան­­գին հան­­դէպ՝ դա­­տապար­­տե­­­լի է ըստ ամե­­նայ­­նի։ Նոյնքան դա­­տապար­­տե­­­լի են նաեւ «պա­­տաս­­խա­­­նատու» եր­­կու կա­­թողի­­կոս­­նե­­­րուն --որոնց վստա­­հուած է հայ ժո­­ղովուրդի հո­­գեւոր առաջ­­նորդու­­թիւնը,-- կող­­մէ՝ գոր­­ծո­­­ւող ահա­­ւոր չա­­րիքին հան­­դէպ ցու­­ցա­­­բերո­­ւած լօ­­զունգա­­յին բարձրա­­ձայն կո­­չերը... վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ։

Ժա­­մը հա­­սած է ու չենք կրնար, եւ իրա­­ւունք ալ չու­­նինք, իրա­­կանու­­թիւնը դի­­տել մեր մատ­­նե­­­րու արան­­քէն։ Կրնա՞յ ըլ­­լալ որ կորսնցու­­ցած ենք տո­­կալու եւ պայ­­քա­­­րելու բնազ­­դը։ Պէտք է ցոյց տալ հա­­ւաքա­­կան ներ­­դաշնակ աշ­­խա­­­տանք, կամք եւ հա­­մոզուած վճռա­­կամու­­թիւն հայ­­րե­­­նիքը փրկե­­լու հա­­մար։ Ան­­գամ մը եւս կար­­ժէ այստեղ յի­­շեց­­նել մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն՝ բա­­նաս­­տեղծու­­հի Սիլ­­վա Կա­­պու­­տի­­­կեանի սրտա­­մոր­­մոք խօս­­քե­­­րը. «Ար­­տա­­­գաղ­­թը հայ­­րե­­­նիքից 1915 թո­­ւի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնից յե­­տոյ, ամե­­նամեծ ոչ բնա­­կան աղէտն է… Նա մեր հո­­ղի կա­­մաւոր զի­­ջումն է Թուրքիայի»։

Խոր ցա­­ւով կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րենք, թէ հայ­­րե­­­նաբ­­նակ ժո­­ղովուրդը կորսնցու­­ցած է իր հա­­ւատ­­քը հայ­­րե­­­նիքի ղե­­կավա­­րու­­թեան նկատ­­մամբ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ պանդխտու­­թեան ճամ­­բան բռնող­­նե­­­րուն թի­­ւը հետզհե­­տէ կը բազ­­մա­­­նայ այ­­սօր, հայ­­րե­­­նիքը թող­­լով մեր արիւ­­նարբու թշնա­­միին ճի­­րան­­նե­­­րուն զոհ։ Ամէն բա­­նէ առաջ պէտք է հա­­ւատք ներշնչել ժո­­ղովուրդին, տա­­լով անոր տնտե­­սական եւ ըն­­կե­­­րային ապա­­հովու­­թիւն՝ որ­­պէսզի տէր կանգնի իր հայ­­րե­­­նիքին։

Ժա­­մանակն է վե­­րար­­ժե­­­ւորե­­լու մեր սկզբունքներն ու մարդկա­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը։ Ան­­սա­­­սան հա­­ւատ­­քով ու կո­­րովով պար­­տա­­­ւոր ենք հե­­տամուտ ըլ­­լա­­­լու որ բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­­րը վե­­րականգնուին հայ­­րե­­­նիքէն ներս։

Եկէք պահ մը ազ­­գո­­­վին լրջօ­­րէն մտա­­ծենք առանց զգա­­ցական մօ­­տեցումնե­­րու, թէ ի՞նչ պի­­տի ըլ­­լայ մեր հայ­­րե­­­նիքին վի­­ճակը։ Ակա­­նատես­­նե­­­րու վկա­­յու­­թեամբ, Հա­­յաս­­տա­­­նի գիւ­­ղե­­­րը դա­­տար­­կո­­­ւած են երի­­տասարդ բնա­­կիչ­­նե­­­րէ, իսկ մնա­­ցող ծե­­րու­­նի­­­ները, ան­­կա­­­րող են հո­­ղը մշա­­կելու։ Հո­­ղին կա­­պուած քիչ թի­­ւով ըն­­տա­­­նիք­­ներ եթէ մնա­­ցին՝ գիւ­­ղը պահ­­պա­­­նելու նո­­ւիրա­­կան տրա­­մադ­­րութեամբ՝ անոնց ալ չտրա­­մադ­­րո­­­ւեցաւ հարկ եղած պե­­տական օժան­­դա­­­կու­­թիւնը։ Լեռ­­նա­­­յին եւ դաշ­­տա­­­յին շրջան­­նե­­­րու մէջ գիւ­­ղա­­­կան կեան­­քը մնա­­ցած է անհրա­­պոյր եւ տխուր։ Ինքնաս­­պա­­­նու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կուի եւ Հա­­յաս­­տան կը դա­­տար­­կո­­­ւի իր բնիկ ժո­­ղովուրդէն, ժո­­ղովուրդն ալ, դժբախ­­տա­­­բար, օրա­­պահիկ մը ապա­­հովե­­լու ար­­ժա­­­նապա­­տիւ մի­­ջոց­­նե­­­րու չգո­­յու­­թեան հե­­տեւան­­քով մո­­ռացու­­թեան տո­­ւած է իր հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թիւնը...ինչպէ՞ս մե­­ղադ­­րել։

Սպա­­ռած են ար­­դէն ար­­դա­­­րաց­­ման բո­­լոր փոր­­ձե­­­րը՝ յատ­­կա­­­պէս սփիւռքա­­հայու­­թեան կող­­մէ այս կեն­­սա­­­կան եւ սկզբունքա­­յին բա­­րոյա­­կան հար­­ցին նկատ­­մամբ։ Պէտք է տես­­նել եւ բա­­ցայայ­­տել ամէն ճշմար­­տութիւն, եթէ բան մը կ՚ու­­զենք փո­­խել եւ շտկել մեր հա­­ւաքա­­կան մտա­­ծողու­­թեան մէջ։ Ան­­գամ մը ար­­դէն դառ­­նա­­­պէս պար­­տադրա­­բար վճա­­րեցինք մէ­­կու­­կէս մի­­լիոն հա­­յերու ոչնչա­­ցու­­մին-հե­­ռացու­­մին գի­­նը. պատ­­մութիւ­­նը չկրկնե՚նք այս ան­­գամ՝ մե՛ր իսկ ինքնաս­­պա­­­նու­­թեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ