Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը

Ն.Ա.Տ.Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը 5 Ապ­րիլ, Երեք­շաբթի, ժա­մը 15.00-ին ըն­դունեց Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքի Վի­ճակա­ւոր Ար­հիապա­տիւ Տ. Լե­ւոն Ար­քե­պիս­կո­պոսշ Զէ­քիեանի այ­ցե­լու­թիւնը։ Գե­րապայ­ծառ Տի­րոջ կ՚ըն­կե­րանա­յին Գեր. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­թեան եւ Բրշ. Յա­կոբ Սրկ. Մի­նասեան։ Ըն­դունե­լու­թեան ներ­կայ էր Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ՝ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը իր ու­րա­խու­թիւնը յայտնեց, որ Գե­րապայ­ծառ Տէ­րը վի­րաբու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թե­նէն յե­տոյ ապա­քինած էր եւ իրեն մաղ­թեց կա­տարեալ առող­ջութիւն։

Սի­րալիր մթնո­լոր­տի մէջ կա­յացած ըն­դունե­լու­թեան ըն­թացքին եր­կու հո­գեւոր պե­տեր գա­ղափա­րի փո­խանա­կումներ ու­նե­ցան օրո­ւան ըն­կե­րային ու հո­գեւոր հար­ցե­րու մա­սին եւ մաղ­թե­ցին որ սի­րոյշ եղ­բայրու­թեան եւ իրեր­հասկա­ցողու­թեան ոգին կա­տարեալ եւ մնա­յուն կեր­պով տի­րապե­տէ աշ­խարհի վրայ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ