Փաշինեան, Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ

Թերթս տպագ­րութեան պատ­րա­սուած ժա­մերուն Պրիւքսե­լի մէջ կը կա­յանար ՀՀ Վար­չա­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի Նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւի հան­­դի­­­պու­­մը, միջ­­նորդու­­թեամբ Եւոր­­պա­­­կան Խոր­­հուրդի Նա­­խագահ Շառլ Մի­­շելի։

Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան նախ­­քան եռա­­կողմ հան­­դիպման առանձնազ­­րոյց մը ու­­նե­­­ցած է Շառլ Մի­­շելի հետ ու անոնք անդրա­­դար­­ձած են եռա­­կողմ մի­­ջոցաւ երկխօ­­սու­­թեան շա­­րու­­նա­­­կակա­­նու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թեան։ Նի­­կոլ Փա­­շինեան ներ­­կա­­­յացու­­ցած է Ատրպէյ­­ճա­­­նական ստո­­րաբա­­ժանումնե­­րու վեր­­ջին գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով Ար­­ցա­­­խի մէջ ստեղ­­ծո­­­ւած իրա­­վիճա­­կը, մարդկա­­յին խնդիր­­նե­­­րը ու ընդգծած է մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան ար­­ձա­­­գան­­գի անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։

ՀՀ Վար­­չա­­­պետը եւ Շառլ Մի­­շելը միտ­­քեր փո­­խանա­­կած են նա­­խորդ տա­­րուայ 14 Դեկ­­տեմբե­­րին Պրիւքսե­­լի մէջ կա­­յացած եռա­­կողմ հան­­դիպման ըն­­թացքին ձեռք բե­­րուած պայ­­մա­­­նաւո­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րու կա­­տար­­ման գոր­­ծընթա­­ցի մա­­սին։ Կող­­մե­­­րը յոյս յայտնած են որ այ­­սօ­­­րուայ եռա­­կողմ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը կ՚ըլ­­լան ար­­դիւնա­­ւետ, կը նպաս­­տեն կա­­յու­­նութեան ու խնդիր­­նե­­­րու հա­­մապար­­փակ կար­­գա­­­ւոր­­ման։

Նի­­կոլ Փա­­շինեանը եւ Շառլ Մի­­շելը քննար­­կած են նաեւ Հա­­յաս­­տան-ԵՄ երկկողմ օրա­­կար­­գին վե­­րաբե­­րող հար­­ցեր, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս ԵՄ-ի կող­­մէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար յայ­­տա­­­րարո­­ւած 2,6 մի­­լիառ Եւ­­րո­­­յի տնտե­­սական եւ ներդրումա­­յին ծրագ­­րի իրա­­գործման ըն­­թացքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ