Հրաժեշտ մեծ վարպետին

Պոլսահայ գրա­կանու­թեան ներ­կայ կա­րեւո­րագոյն ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն Մկրտիչ Մար­կո­սեան մա­հացաւ 2 Ապ­րիլ շա­բաթ օր։ Մար­կո­սեան մի­ջոցէ մը ի վեր կը տա­ռապէր լեար­դա­յին հի­ւան­դութիւ­նով եւ կը դար­մա­նուէր Մալ­թե­փէ Հա­մալ­սա­րանի Հի­ւան­դա­նոցին մէջ։

«Արաս» Հրա­տարակ­չա­տան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մկրտիչ Մար­կո­սեան ան­ցեալին իբ­րեւ յօ­դուա­ծագիր աշ­խա­տակ­ցած էր նաեւ «Ակօս»ին։

Մար­կո­սեան մին­չեւ մա­հուան նա­խոր­դող եր­կու շա­բաթ­ներ մեծ պար­տա­ճանա­չու­թեամբ կա­տարեց նաեւ «Էվ­րենսել» թեր­թի յօ­դուա­ծագ­րի իր ծա­ռայու­թիւնը։

Մար­կո­սեան ծնած էր 23 Դեկ­տեմբեր 1938-ին Ամի­տայի Հան­չէ­փեկ թա­ղը, որ ծա­նօթ է նաեւ «Կա­վուրնե­րու թաղ» կո­չու­մով։

Նախ­նա­կան կրթու­թիւնը ստա­ցաւ տեղ­ւոյն վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եւ ապա Պո­լիս գա­լով յա­ճախեց Պէզ­ճեան Մայր Վար­ժա­րան ու ապա Կեդ­րո­նական երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանը։ Հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սում ստա­ցաւ Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի փի­լիսո­փայու­թեան բաժ­նին մէջ։

1966-1972 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ ստանձնեց Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը, ուր դա­սաւան­դեց նաեւ փի­լիսո­փայու­թիւն, հո­գեբա­նու­թիւն, հա­յերէն լե­զու եւ գրա­կանու­թիւն առար­կա­ները։

Իր գրա­կան առա­ջին փոր­ձե­րը լոյս տե­սան «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի սիւ­նակնե­րուն վրայ, որոնք աւե­լի ուշ հա­ւաքո­ւեցան «Մեր Այդ Կող­մե­րը» անուն հա­տորին մէջ։

Մար­կո­սեանի գրա­կանու­թիւնը 1988-ին ար­ժա­նացաւ Փա­րիզ Էլիզ Քա­ւուքճեանի անո­ւան գրա­կան մրցա­նակին։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը 1992-ին լոյս ըն­ծա­յեց Մար­կո­սեանի պատ­մո­ւածքնե­րու թարգմա­նու­թիւնը «Կա­վուր Մա­հալ­լէ­սի» անու­նով։ Ապա յա­ջոր­դե­ցին՝ «Ըսէ Մար­կոս Ուրտե­ղացի՞ Ես» եւ «Տոմ­սակնիս Դէ­պի Իս­թանպուլ» հա­տոր­նե­րը։ Այս երեք թրքե­րէն հրա­տարակ­չութիւննե­րուն յա­ջոր­դեց հա­յերէ­նով երկրորդ գիր­քը՝ «Տիգ­րի­սի Ափե­րէն»։

«Կա­ւուր Մա­հալ­լէ­սի» գիր­քի «Աւես­տա» հրա­տարակ­չութեան կող­մէ լոյս տե­սաւ քրտե­րէն թարգմա­նու­թիւնով։

Թրքե­րէնով գրի առ­նո­ւած «Համ­րի­չի Հա­տիկ­ներ» յու­շագրու­թիւն վէ­պը եւս հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծեց ըն­թերցող­նե­րու լայն զան­գո­ւածի մը մօտ։

Մար­կո­սեան բա­ցի այդ, ան­ջատ հա­տոր­նե­րու մէջ հրա­տարա­կեց իր յօ­դուած­նե­րը «Կե­ռիքով Ասեղ», «Կնքա­հօր Նա­մակ­ներ», «Զուռնայ» եւ «Քիւրտան» անուննե­րով։ Հե­ղինա­կի վեր­ջին գոր­ծը եղաւ Աշ­խարհի արար­ման ոդի­սակա­նը եր­գի­ծական մեր­ձե­ցու­մով պատ­մող. «Աս­տուծոյ Ու­ղե­ւորագ­րութիւ­նը»։

Մար­կո­սեանի թա­ղու­մը կը կա­յանայ 7 Ապ­րիլ հինգշաբ­թի Գումգա­բուի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցիէն ազ­գա­յին յու­ղարկա­ւորու­թեան ձե­ւաչա­փով ու հո­ղին կը յանձնո­ւի Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նատու­նը։

Ար­ձա­գանգներ ու պատ­գամներ

Ընդդի­մադիր հե­ռուստա­կայան­ներ մա­հուան բօ­թը իմա­ցու­ցին նախ ներքնագ­րե­րով եւ ապա լու­րե­րու հա­ղորդման ըն­թացքին։ Զա­նազան­ներ որոնց կար­գին Իս­թանպու­լի Մայր քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լու, Ժո­ղովրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան նախ­կին հա­մանա­խագահ, այժմ բան­տարկեալ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ, նոյն կու­սակցու­թեան հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան, Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու, «ՓԵՆ» գրող­նե­րու միու­թիւնը, Տի­յար­պե­քիրի կու­սա­կալ Միւ­նիր Քա­րալօղ­լու, Թուրքիոյ Գրող­նե­րու Ար­հի­մու­թեան նա­խագահ Ատ­նան Էօզեալ­չը­նէր, գրող­ներ Մու­րաթհան Մունկան եւ Ահ­մետ Իւ­միթ, Տե­ւա Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Ալի Պա­պաճան, Քա­տըգիւ­ղի քա­ղաքա­պետ Շեր­տիլ Տա­րա Օտա­պաշը, Կղզիեաց քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Կիւլ եւ այլն։ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան կեդ­րոնն ալ եռա­լեզու պատ­գա­մով մը Մկրտիչ Մար­կո­սեանի մա­հուան առ­թիւ ցա­ւակ­ցութիւն յայտնեց երկրի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ