Գաղթականաց Ֆիլմերու Փառատօն Զմիւռնիոյ մէջ

12-16 Ապրիլ թո­­ւական­­նե­­­րուն Զմիւռնիոյ մէջ երկրորդ ան­­գամ կը մեկ­­նարկէ գաղ­­թա­­­կանաց ֆիլ­­մե­­­րու փա­­ռատօ­­նը։

Հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րու բեր­­մամբ նա­­խորդ եր­­կու տա­­րինե­­րուն զան­­ց առնո­­ւած փա­­ռատօ­­նը կը մէկ­­տե­­­ղէ գաղ­­թի եւ գաղ­­թա­­­կանու­­թեան նիւ­­թի վե­­րաբե­­րեալ լիամեթ­­րաժ, կար­­ճա­­­մեթ­­րաժ կամ մուլթ բազ­­մա­­­թիւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւններ։ Ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան Ֆրան­­սա­­­կան Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նին մէջ ազատ մուտքի դրու­­թեամբ։

Ֆիլ­­մե­­­րու ցու­­ցադրու­­թեան զու­­գա­­­հեռ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած են ասու­­լիսներ եւ բե­­մադ­­րիչնե­­րու հետ զա­­նազան զրոյցներ։

Գաղ­­թա­­­կանաց Ֆիլ­­մե­­­րու Փա­­ռատօ­­նի մի­­ջոցառ­­ման գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչն է Զմիւռնիոյ մէջ գոր­­ծող «Ժո­­ղովուրդնե­­րու Կա­­մուրջը» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը։

Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը Սու­­րիոյ պա­­տերազ­­մէն ան­­մի­­­ջապէս վերջ հիմ­­նո­­­ւած է դէ­­պի Զմիւռնիոյ եկող գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն կամ փախստա­­կան­­նե­­­րուն աջակ­­ցե­­­լու նպա­­տակով։

Մեր յա­­ռաջի­­կայ թի­­ւով ման­­րա­­­ման­­սօ­­­րէն պի­­տի անդրա­­դառ­­նանք փա­­ռատօ­նի հետ առնչո­ւած լուրերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ