Կարօ Փայլան բացատրութիւն կը պահանջէ

Պատգամաւոր Կարօ Փայլան վերջերս երկրի փոքրամասնութիւնները յուզող համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցումնագիր մը յանձնած է Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարին, պահանջելով հասարակութեան մէջ տարածուած շշուկներու պարզաբանումը։

«Ակօս» իր երկու շաբաթ առաջուայ հաղորդումով անդրադարձած էր, այն պնդումներուն, ըստ որոնց համայնքային ընտրութիւններու կարգավիճակէն դուրս կը բերուէին հայոց, յունաց եւ հրէից հիւանդանոցները։ Զարմանալի է, որ այս շշուկներու հրապարակումէն ետք ալ ոչ մէկ մարմին փորձած է հերքել այս պնդումները։

Պաշտօնական անձերու դէպի Պատրիարքարան կատարած բոլոր այցելութիւններն ալ հասարակութեան ներկայացուեցան իբրեւ քաղաքավարական այցելութիւն։

Փայլան իր այս դիմումով պատասխան կը պահանջէ բոլոր քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքներուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ