«Մեր Տանիք» խումբի հաւաքոյթ՝ Արամեան Սանուց Միութեան մէջ

Պոլ­­սա­­­հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու խումբ մը, որ «Մեր Տա­­­նիք» անո­­­ւան տակ կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պէ զա­­­նազան ձեռ­­­նարկներ, կ՛ու­­­զէ ապ­­­րեցնել հայ ոգին եւ մշա­­­կոյ­­­թը։ Այս առ­­­թիւ՝ 10 Ապ­­­րիլ Ծաղ­­­կա­­­­­­­զար­­­դի իրի­­­կուն, Արա­­­մեան Սա­­­նուց Միու­­­թեան ատե­­­նապետ՝ Սե­­­ւան Աթաօղ­­­լո­­­­­­­ւի հրա­­­ւէրով միու­­­թեան հա­­­ւաքա­­­տեղիին մէջ «Մեր Տա­­­նիք» ի մօ­­­տաւո­­­րապէս քա­­­ռասուն ան­­­դամնե­­­րը քով քո­­­վի եկան եւ երգ ու պա­­­րով, նաեւ մտեր­­­միկ հա­­­ճելի զրոյցնե­­­րով ապ­­­րե­­­­­­­ցան ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի պա­­­հեր։ Խումբի սիւ­­­նե­­­­­­­րէն է «Աւան­­­դա­­­­­­­կան» պա­­­րախումբի պա­­­րու­­­սոյցներ՝ Յա­­­կոբ Արի Կիւ­­­լէչ եւ Նա­­­րօտ Կիւ­­­լէչ ամո­­­լի առաջ­­­նորդու­­­թեամբ ներ­­­կա­­­­­­­ները ժո­­­ղովրդա­­­կան պա­­­րեր պա­­­րեցին եւ զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­ցան։

«Մեր Տա­­­նիք»ի ձեռ­­­նարկնե­­­րուն մէջ, իր կազ­­­մա­­­­­­­կերպչա­­­կան անձնո­­­ւէր աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեամբ անու­­­րա­­­­­­­նալի անուն մըն է՝ Եաս­­­մին Ռոս­­­տո­­­­­­­մեանը, որ Ծաղ­­­կա­­­­­­­զար­­­դի առ­­­թիւ ծրագ­­­րած էր միու­­­թեան պար­­­տէ­­­­­­­զին մէջ տնկել ձի­­­թենի մը, որ հա­­­մայն աշ­­­խարհի հա­­­մար խա­­­ղաղու­­­թեան կոչ մը պի­­­տի ըլ­­­լար։ Երբ տունկը հո­­­ղին մէջ զե­­­տեղեց Վահ­­­րամ Էլա­­­կէօզ եւ ներ­­­կա­­­­­­­ները մէկ մէկ յայտնե­­­ցին իրենց գո­­­հու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը այս իմաս­­­տա­­­­­­­լից ձեռ­­­նարկի առ­­­թիւ եւ մաղ­­­թանքներ ըրին աշ­­­խարհի ու բո­­­լոր մար­­­դոց բա­­­րօրու­­­թեան հա­­­մար։

«Մեր Տա­­­նիք»ի ան­­­դամնե­­­րը իրենց պատ­­­րաստած պահ­­­քի ճա­­­շերով ընթրե­­­ցին եւ մին­­­չեւ ուշ ժա­­­մեր ապ­­­րե­­­­­­­ցան մտեր­­­միկ ան­­­մո­­­­­­ռանա­­լի պահեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ