«Բարեկամ» նախաձեռնութիւնը ներկայացաւ հանրութեան

Հա­մա­վա­­րա­կի պայ­­մաննե­­րուն մէջ, երբ ըն­­կե­­­րային կեան­­քը ամ­­բողջո­­վին ամա­­յացած էր, վեր­­ջերս յա­­ճախա­­կի հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ կը յայտնո­­ւին նոր միաւորումներ։ Այս տե­­սակի հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րէն մէկն ալ հան­­դի­­­սացաւ «Բա­­րեկամ»ը, որ իր գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րուն մա­­սին բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ 7 Ապ­­րիլ Հինգշաբ­­թի երե­­կոյ Ֆե­­րիգիւ­­ղի Եկե­­ղեց­­ւոյ յա­­րակից Նա­­զար Շի­­րինօղ­­լու սրա­­հին մէջ։

Ծա­­նօթաց­­ման բնոյ­­թով այս մի­­ջոցառ­­ման ներ­­կայ գտնո­­ւեցաւ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. Սրբա­­զանը, խումբի գլխա­­ւոր հո­­վանա­­ւորող՝ Գա­­րակէօզեան Որ­­բա­­­նոցի խնա­­մակա­­լու­­թեան Ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ, զա­­նազան թա­­ղային խոր­­հուրդներու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ եւ պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թիւնը։

Գա­­րին Ըշըք­­չըի հան­­դի­­­սավա­­րու­­թեամբ ըն­­թա­­­ցող մի­­ջոցառ­­ման բաց­­ման խօս­­քը ար­­տա­­­սանեց Հե­­րա Մի­­մար։ Ան իր ելոյ­­թին սկսաւ նախ նո­­րօք հան­­գուցեալ ար­­ձա­­­կագիր Մկրտիչ Մար­­կո­­­սեանը յի­­շատա­­կելով։ Ապա բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ խումբի ստեղծման գոր­­ծընթաց­­քի մա­­սին, որուն նա­­խաձեռ­­նո­­­ղը եղած էր Աւե­­տիս Սէյ­­րան։

Հե­­րա Մի­­մար յի­­շատա­­կեց նաեւ Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեց­­ւոյ Թա­­ղական Խոր­­հուրդի նախ­­կին Ատե­­նապետ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըն, որ կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցած էր խումբի մէկ­­տեղման գոր­­ծընթա­­ցի մի­­ջոցին։

Խումբը այժմ կը զբա­­ղուի երի­­տասարդնե­­րու ուղղեալ ֆօ­­թօշո­­փի ու­­սուցմամբ։ «Այս մար­­զէ ներս մեզ ներշնչո­­ղը եղաւ նկա­­րիչ Ռո­­պին Եայ­­լան։ Այս աշ­­խա­­­տու­­թեան հա­­մար որ­­պէս ու­­սուցիչ նշա­­նակո­­ւած է Էպ­­րու Արըղ»։

Հե­­րա Մի­­մարի ելոյ­­թէն ետք յու­­շա­­­նուէր­­ներ յանձնո­­ւեցան նա­­խաձեռ­­նութեան զօ­­րակ­­ցողնե­­րուն եւ ի մաս­­նա­­­ւորի Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կի­­­լին։

Սա­­հակ Պատ­­րի­­­րաք Մա­­շալեան ար­­տա­­­սանած հուսկ բան­­քին մէջ գնա­­հատեց նո­­րակազմ խումբին աշ­­խա­­­տու­­թիւնը, յայտնե­­լով որ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դու­­ռը միշտ բաց պի­­տի ըլ­­լայ նման նա­­խաձեռ­­նութին­­նե­­­րու հա­­մար։

Ապա տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ քոք­­թէյլի ըն­­դունե­­լու­­թիւն, որու մի­­ջոցին ներ­­կայնե­­րը առի­­թը ու­­նե­­­ցան օրո­­ւայ նիւ­­թին մա­­սին իրա­­րու հետ զրուցելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ