Բոլոր վերապրողներուս համար՝

Համաշխարհային մարդկութիւնը հետզհետէ կը փորձուի աննախադէպ փորձանքներով, որոնց շղթային նոր օղակ մը ըլլալով ագուցուած էր պսակաձեւ ժահրը։ Որքան ալ բոլորովին անհետացած չըլլայ, բաղդատմամբ նախորդ երկու տարիներու առօրեայ կեանքը հետզհետէ մտած է իր սովորական հունին եւ այս տարի կանխարգելիչ զգուշացումներէն մեծաւմասամբ ձերբազատուած ձեւով կը պատրաստուինք տօնել Յիսուսի համբարձման խորհուրդը։

Կասկած չկայ որ այս տարուայ շնորհաւորութիւններու մէջ պիտի յիշենք նաեւ բազմաթիւ սիրելի դէմքեր՝ որոնք զոհը դարձան այս անիծեալ ժահրին։

Բոլոր վերապրողներուս համար՝

«Քրիստով Յարեաւ Ի Մեռելոց՝

Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ