Հնգօրեայ փառատօնի մը տպաւորութիւններով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Նախորդ շա­­բաթո­­ւայ ըն­­թացքին առի­­թը ու­­նե­­­ցանք Իզ­­մի­­­րի մէջ «Գաղ­­թա­­­կանաց Ֆիլ­­մե­­­րու Բ. Փա­­ռատօն»ին հե­­տեւե­­լու։ 12-16 Ապ­­րիլ թո­­ւական­­նե­­­րու մէջ ին­­կած, հինգ օրե­­րու ըն­­թացքին ցու­­ցադրուեցան 35 կար­­ճա­­­մեթ­­րաժ եւ 14 լիամեթ­­րաժ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան, վա­­ւերագ­­րա­­­կան կամ մուլթ ֆիլ­­մեր։ Բո­­լոր ֆիլ­­մե­­­րու հա­­սարա­­կաց եզրն էր գաղ­­թա­­­կանու­­թեան տար­­բեր երե­­ւոյթնե­­րը։ Աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէ եկած այդ ֆիլ­­մե­­­րոը առիթ դար­­ձան որ կրկին ան­­գամ մտա­­ծենք այս հա­­մաշ­­խարհա­­յին ծանր խնդրին մա­­սին։

Աշ­­խարհի ջե­­ռուցման բարձրա­­ցու­­մը իր հետ կը բե­­րէ զա­­նազան խնդիր­­ներ, որոնց մէջ կա­­րեւոր տեղ կը գրա­­ւէ սնունդի հաս­­նե­­­լու դժո­­ւարու­­թիւնը։ Մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու գու­­շա­­­կու­­թեան հա­­մաձայն աշ­­խարհի մի­­ջին ջեր­­մութեան, նոյ­­նիսկ մէկ կամ եր­­կու աս­­տի­­­ճանի բարձրա­­ցու­­մը սո­­վի երե­­ւոյթնե­­րու պատ­­ճառ պի­­տի դառ­­նայ, որուն պի­­տի յա­­ջոր­­դէ զան­­գո­ւածա­­յին գաղ­­թը։ Ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կը կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ պա­­տերազ­­մե­­­րը նոյնպէս զան­­գո­­­ւածա­­յին գաղ­­թե­­­րու պատ­­ճառ կը դառ­­նան։ Ծայ­­րա­­­յեղ աղ­­քա­­­տու­­թիւնը եւս գաղ­­թի գլխա­­ւոր պատ­­ճառնե­­րէն մէկն է։ Ցա­­ւալի է տես­­նել թէ մարդկանց եր­­կար փոր­­ձութիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով ձեռք բե­­րած բազ­­մա­­­թիւ սկզբունքեր ալ ծան­­րօ­­­րէն կը խոր­­տա­­­կուին գաղ­­թի հո­­սանքնե­­րու հե­­տեւան­­քով։

Վեր­­ջերս Ռու­­սաստա­­նի ներ­­խուժու­­մով Ուքրաինոյ մէջ ծա­­ւալած պա­­տերազմն ալ փոր­­ձա­­­ռու­­թեան նոր օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով կը պար­­զո­­­ւի մարդկանց առ­­ջեւ։ ԱՄՆ եւ այլ արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու հրահ­­րած Սու­­րիոյ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մի մեկ­­նարկու­­մէն տա­­րի մը անց, եր­­կի­­­րը լքե­­լով հա­­րեւան պե­­տու­­թիւններ ապաս­­տա­­­նող­­նե­­­րուն թի­­ւը հա­­սած էր 1 մի­­լիոնի, իսկ Ուքրաինոյ պա­­տերազ­­մէն ետք ըն­­դա­­­մէնը 1,5 ամսուայ ըն­­թացքին սե­­փական եր­­կի­­­րը լքող­­նե­­­րուն թի­­ւը հա­­սած է 5 մի­­լիոնի։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի եւոր­­պա­­­կան եր­­կիրնե­­րու ժո­­ղովուրդնե­­րը շատ աւե­­լի դիւ­­րա­­­բեկ են նման աղէտ­­նե­­­րու դի­­մաց, ինչ որ աւե­­լի մեծ մտա­­հոգու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ ապա­­գայի հա­­ւանա­­կան գաղ­­թի երե­­ւոյթնե­­րուն հա­­մար։

Վե­­րադառ­­նա­­­լով փա­­ռատա­­նի ֆիլ­­մե­­­րուն, կա­­րելի է ըսել թէ ցու­­ցադրո­­ւած ֆիլ­­մե­­­րը խոր­­քին մէջ ծանր ապ­­տակներ էին մե­­րօրեայ հա­­մաշ­­խարհա­­յին խնդիր­­նե­­­րը ան­­տե­­­սող­­նե­­­րուն հա­­մար։ Այդ ան­­տե­­­սող­­նե­­­րու ցան­­ցը բա­­ւական ըն­­դարձակ է եթէ յի­­շենք իշ­­խա­­­նու­­թեան եկած յա­­ջորդ օր Փա­­րիզի Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Կլի­­մայի հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը մեր­­ժող Տա­­նըլթ Թրամ­­բի օրի­­նակը։ Թրամբ այդ քայ­­լին կը դի­­մէր ամե­­րիկեան ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու շա­­հը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով։ Մինչդեռ սպառ­­նա­­­ցող վտան­­գը շատ աւե­­լի լուրջ է եւ զան­­գո­­­ւածա­­յին գաղ­­թի պատ­­ճա­­­ռած տե­­ղաշար­­ժը նոյ­­նիսկ կրնայ իմաս­­տա­­­զուրկ դարձնել, այդ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու գո­­յու­­թիւնը ան­­գամ։

Զմիւռնիոյ Ֆրան­­սա­­­կան Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նին մէջ ըն­­թա­­­ցող փա­­ռատօ­­նի պաշ­­տօ­­­նական բա­­ցու­­մը կա­­յացաւ 12 Ապ­­րիլ երեք­­շաբթի օր։ Այնտեղ ելոյթ ու­­նե­­­ցան միու­­թեան այժմու ատե­­նապե­­տու­­հի Նու­­րայ Փեհ­­լի­­­վան եւ նա­­խորդ շրջա­­նի ատե­­նապետ փրոֆ. Ճեմ Թեր­­զի։ Թեր­­զի նաեւ կը յի­­շուի միու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր ատե­­նապետ ըլ­­լա­­­լով։ Նշենք որ փա­­ռատօ­­նի կազ­­մա­­­կեր­­պիչ «Ժո­­ղովուրդնե­­րու Կա­­մուրջ» Միու­­թիւնը իր ու­­թա­­­մեայ ան­­ցեալին մէջ մեծ նպաստ բե­­րած է Զմիւռնիա եկած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն օժան­­դա­­­կելու գոր­­ծին մէջ։ Աւե­­լի քան 500 կա­­մաւոր­­նե­­­րու աշ­­խա­­­տու­­թիւնով Ժո­­ղովուրդնե­­րու Կա­­մուրջ Միու­­թիւնը յա­­ջողած է ապաս­­տա­­­նեալ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու առող­­ջա­­­պահա­­կան, իրա­­ւաբա­­նական եւ այլ բնոյ­­թի կա­­րիք­­նե­­­րուն անհրա­­ժեշտ լու­­ծումներ ար­­տադրել։ Այս ընե­­լու պա­­րագա­­յին միու­­թիւնը կ՚ապա­­ւինի միայն ու միայն իր ան­­դամնե­­րուն ամ­­սավճար­­նե­­րով գո­­յացած պիւտճէին։ Կը մեր­­ժեն նո­­ւիրա­­տուու­­թիւններ ստա­­նալ պե­­տական եւ ոչ պե­­տական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րէ։ Այդ սկզբունքը միայն մէկ ան­­գամ ան­­տե­­­սուե­­ցաւ, երբ աշ­­խարհահռչակ արո­­ւես­­տա­­­գէտ Այ Վայ Վայ փա­­փաք յայտնեց իրեն շնոր­­հո­­­ւած մրցա­­նակի գու­­մա­­­րը եր­­կու մար­­դա­­­սիրա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թեան նո­­ւիրե­­լու հա­­մար։ Նոյ­­նիսկ այդ գու­­մա­­­րը ըն­­դունե­­լու հա­­մար եր­­կար վա­­րանումներ ապ­­րո­­­ւած էին եւ ի վեր­­ջոյ դրա­­կան պա­­տաս­­խան տրո­­ւած էր նո­­ւիրա­­տուին յատ­­կութիւննե­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով։

Փա­­ռատ­­օնի պաշ­­տօ­­­նական բա­­ցու­­մը աւար­­տին հա­­սաւ միու­­թեան երգչա­­խումբին երաժշտա­­կան կա­­տարումնե­­րով։ Անոնք հան­­դի­­­սատե­­սին ներ­­կա­­­յացու­­ցին եր­­գե­­­րու հա­­մառօտ փունջ մը, որ կա­­տարե­­ցին թրքե­­րէն, քրտե­­րէն, զա­­զայե­­րէն, յունա­­­րէն եւ լա­­զերէն լե­­զու­­նե­­­րով։

Յա­­ջորդ օրո­­ւայ ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րու աւար­­տին կա­­յացաւ ասու­­լիս մը, դար­­ձեալ Փրոֆ. Ճեմ Թեր­­զիի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ։ Այս մի­­ջոցառ­­ման ատե­­նախօս­­ներն էին անո­­ւանի եր­­գա­­­հան Զիւլֆիւ Լի­­ւանե­­լի եւ երեք եզ­­դի կա­­նայք՝ Նա­­տիա Նաւ­­րուզով, Ֆա­­լիտա Ֆա­­լատ Ժլտօ եւ Ամի­­նա Քա­­սըմ Հա­­լաֆ։

Զիւլֆիւ Լի­­ւանե­­լի իր երի­­տասար­­դութեան տա­­րինե­­րուն ան­­ձամբ ապ­­րած էր քա­­ղաքա­­կան աք­­սո­­­րեալի ծանր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը։ Ար­­դա­­­րեւ այդ փոր­­ձի հի­­ման վրայ մեկ­­նա­­­բանեց աք­­սո­­­րուե­­լու եւ պար­­տա­­­դիր կեր­­պով գաղ­­թա­­­կան դառ­­նա­­­լու տար­­բեր բնոյ­­թի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։ Սա­­կայն ան յա­­ջողած է այդ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու մէ­­ջէն յա­­ղթանակի պատ­­կերներ ստեղ­­ծել։ Շփո­­ւած էր իր աք­­սո­­­րուած եր­­կիրնե­­րու երա­­ժիշտնե­­րուն հետ եւ այդ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը շատ մեծ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցած էին ապա­­գայի իր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն վրայ։ Երեք Էզ­­դի կա­­նանց եր­­կուքը Ֆա­­լիտա Ֆա­­լատ Ժլտօ եւ Ամի­­նա Քա­­սըմ Հա­­լաֆ ապ­­րած էին Իս­­լամ Պե­­տու­­թեան ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու ձեռ­­քով եկած ամե­­նադա­­ժան տան­­ջանքնե­­րը։ Պար­­տինք յի­­շել թէ Իս­­լամ Պե­­տու­­թիւն կո­­չեալ հրո­­սախումբե­­րը 3 Օգոս­­տոս 2014 թո­­ւին խու­­ժած էին էզ­­դիաբ­­նակ Շեն­­կալ լե­­ռը եւ քա­­նի մը ժամ տե­­ւող զի­­նեալ գոր­­ծո­­­ղու­­թե­­­նէ ետք սպան­­նած էին բազ­­մա­­­թիւ այ­­րեր եւ որ­­պէս գե­­րի տա­­րած հա­­զարա­­ւոր կա­­նայք։ Աւե­­լի վերջ այդ նոյն կա­­նայք վա­­ճառ­­քի դրո­­ւած էին Իս­­լամ Պե­­տու­­թեան հսկո­­ղու­­թեան տակ յայտնո­­ւած քա­­ղաք­­նե­­­րու փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ։ Ահա այդ սար­­սա­­­փի ար­­հա­­­ւիր­­քը ապ­­րող այդ զո­­հերը եկած էին ամ­­բողջ աշ­­խարհին լսե­­լի դարձնե­­լու իրենց են­­թարկո­­ւած ան­­մարդկա­­յին ապ­­րումնե­­րը։ Իսկ Նա­­տիա Նաւ­­րուզով այդ նոյն թո­­ւակա­­նին իբ­­րեւ Վրաս­­տան ծնած եւ Ֆրան­­սա գաղ­­թած էզ­­դի ծա­­գու­­մով երի­­տասարդ իրա­­ւապաշտպան պա­­տահած­­նե­­­րը լսե­­լով թո­­ղած էր իր բո­­լոր պաշ­­տօննե­­րը եւ լծո­­ւած էր հա­­րազատ ժո­­ղովուրդի օգ­­նութեան կո­­չու­­մին։

Խիստ տպա­­ւորիչ էր երեք էզ­­դի կա­­նանց փո­­խան­­ցածնե­­րը, որոնց մա­­սին ունկնդի­­րը թէեւ ու­­նէր որոշ պատ­­կե­­­րացում, բայց այս առ­­թիւ կը լսէր ուղղա­­կի ակա­­նատես­­նե­­­րու վկա­­յու­­թիւնը։

Փա­­ռատօ­­նի ծի­­րէն ներս կա­­յացան նաեւ ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէսներու վայր ընտրո­­ւած էր Զմիւռնիոյ հին հա­­յաբ­­նակ Պաս­­մա­­­նէ թա­­ղի մէջ գտնո­­ւող պատ­­մա­­­կան շի­­նու­­թիւն մը՝ «Պը­­չաք­­չը Հան»։ Այդ ըն­­դարձակ տա­­րած­­քի ան­­ջատ սրահ­­ներուն մէջ հե­­տեւե­­ցանք նախ Աս­­լը Ալ­­փա­­­րի «Երազ» անուն ցու­­ցադրու­­թեան եւ ապա Ուաթ­­ֆա Ուախպ եւ Ռա­­մի Ալ­­հա­­­ճալի ամո­­լին «Բնու­­թեան վե­­րացա­­կան Երե­­ւոյթնե­­րը» խո­­րագ­­րեալ ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րուն։

Աս­­լը Ալ­­բար երա­­զէ մը մեկ­­նե­­­լով նկա­­րած էր Մա­­յիս 1-եան օր մը, ուր ամէն ինչ կը սկսէր փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքը ան­­տե­­­սելով դէ­­պի քա­­ղաքին կեդ­­րո­­­նը կա­­տարո­­ւած ներ­­քա­­­ղաքա­­յին ճա­­մոր­­դութիւ­­նով մը։ Իսկ Ուախպ եւ Ալ­­հա­­­ճալի ամո­­լը ներ­­կապնա­­կի ըն­­ձե­­­ռած բո­­լոր առիթ­­նե­­­րով փոր­­ձած են ներ­­դաշնա­­կու­­թեան հա­­մանո­­ւագ մը գո­­յաց­­նել։ Իս­­կա­­­պէս տպա­­ւորիչ էր գոյ­­նե­­­րու ներ­­դաշնա­­կու­­թիւնը, որ դի­­տող­­նե­­­րը կը մղէր յա­­տուկ մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րու։ Մի գու­­ցէ վե­­րացա­­կան արո­­ւես­­տի կա­­րեւո­­րագոյն յատ­­կա­­­նիշն է այն, որ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ըն­­կա­­­լէ իր երե­­ւակա­­յու­­թեան հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պա­­­րը։ Նոյնպէս փա­­ռատօ­­նի ծի­­րէն ներս Զէյ­­նեփ Էս­­մե­­­րայ ներ­­կա­­­յացուց ան­­հա­­­տական բե­­մադ­­րութիւն մը, որ նիւթ կ՚ու­­նե­­­նար ԼԿՊԹ ան­­հատնե­­րու մատ­­նո­­­ւած խտրա­­կանու­­թիւնը։ Նշենք թէ Գաղ­­թա­­­կանաց Ֆիլ­­մե­­­րու առա­­ջին փա­­ռատօ­­նը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր 17-20 Ապ­­րիլ 2019-ին ապա վրայ հա­­սած պսա­­կա­­­ձեւ Ժահ­­րի հա­­մավա­­րակը ար­­գելք եղած էր 2020 եւ 2021 թո­­ւական­­նե­­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պութեան։

Փա­­ռատօ­­նը ան­­գամ մը եւս փաս­­տեց թէ սի­­րողա­­կան մեր­­ձե­­­ցու­­մով կա­­րելի է շատ լուրջ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն պա­­հան­­ջող նման ձեռ­­նարկ մը իրա­­կանաց­­նել, եթէ պի­­տի հա­­ւատանք կա­­տարո­­ւած գոր­­ծի նշա­­նակու­­թեան։ Ինչպէս վե­­րեւ ալ նշած էինք, մարդկու­­թեան դէմ առ դէմ մնա­­ցած այս խիստ կա­­րեւոր խնդի­­րը իր լու­­ծումնե­­րը կրնայ ու­­նե­­­նալ միայն ու միայն մարդկա­­յին մեր­­ձե­­­ցումնե­­րով։ Պե­­տական մար­­միննե­­րը ան­­զօր են մարդկա­­յին յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով գոր­­ծե­­­լու մէջ, սա­­կայն ափ­­սոս որ որո­­շումներ կա­­յաց­­նե­­­լու եւ այդ որո­­շումնե­­րը գոր­­ծադրե­­լու լիազօ­­րու­­թիւնը ահա այդ ան­­կա­­­րող­­նե­­­րուն յանձնո­­ւած է մեր իսկ կամ­­քե­­­րով։ Թե­­րեւս այս է ներ­­կայ անել­­նե­­­րու դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ