Հայեցի ապրումներ Հրանդ Տինք Դպրոցի մէջ

Պոլսոյ Հրանդ Տինք Վար­­ժա­­­րանէ ներս կը տի­­րէ տօ­­նական օրե­­րու յա­­տուկ ոգե­­ւոր տրա­­մադ­­րութիւն մը։ Աւագ Շա­­բաթը՝ յա­­ջոր­­դող Սուրբ Զատ­­կի Տօ­­նը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նեան աւան­­դութիւն մը ըլ­­լա­­­լով Մայ­­րութեան Տօ­­նը առիթ դար­­ձան այս ոգե­­շունչ ապ­­րումնե­­րուն։

Հրանդ Տինք Վար­­ժա­­­րանի աշա­­կերտնե­­րը Ապ­­րի­­­լի 12-ին այ­­ցե­­­լեցին Ֆե­­րիւ­­ղի Սուրբ Վար­­դա­­­նանց եկե­­ղեցին ու մաս­­նակցե­­ցին Աւագ երեք­­շաբթի Սուրբ Կոյ­­սե­­­րու Յի­­շատա­­կի օրո­­ւայ ժա­­մեր­­գութեան։ Աշա­­կերտնե­­րը ական­­ջա­­­լուր եղան օրո­­ւայ սուրբ խոր­­հուրդին եւ աւե­­տարա­­նական ըն­­թերցումնե­­րուն։ Այս յա­­տուկ օրո­­ւայ պատ­­գա­­­մը աշա­­կերտնե­­րուն փո­­խան­­ցեց Տէր Շիր­­վան Քա­­հանայ Մուրզլեան, որ մեծ սի­­րով ու ակ­­նա­­­ծան­­քով ներ­­կա­­­յացուց հա­­յաս­­տանցի երա­­խանե­­րը եւ անոնց դպրո­­ցը՝ մաս­­նա­­­ւորա­­պէս ներ­­կա­­­ներու ու­­շադրու­­թիւնը հրա­­ւիրե­­լով այն իրո­­ղու­­թեան վրայ, թէ որ­­քան դժո­­ւար է անոնց՝ հայ­­րե­­­նիքէն հե­­ռու ապ­­րող եւ գո­­յու­­թեան պայ­­քար մղող ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հա­­մար՝ յա­­ւելե­­լով, որ անոնց պէտք է թեւ ու թի­­կունք ըլ­­լանք։ Հո­­գեւոր հայ­­րը մեծ երախ­­տա­­­գիտու­­թեամբ բարձրա­­ձայ­­նեց Հրանդ Տինք Վար­­ժա­­­րանի ստեղծման եւ գո­­յու­­թեան հա­­մար ամե­­նօրեայ աշ­­խա­­­տան­­քի լծո­­ւած դպրո­­ցի հո­­գաբար­­ձուներ տէր եւ տի­­կին Ար­­թօ եւ Դա­­լար Հո­­րոզօղ­­լունե­­րու եւ հա­­յաս­­տանցի ու­­սուցիչ­­նե­­­րու, նաեւ ծնող­­նե­­­րու կա­­րեւոր առա­­քելու­­թեան մա­­սին։ Արա­­րողու­­թեան աւար­­տին Տէր Հայ­­րը միաս­­նա­­­կան աղօթ­­քի հրա­­ւիրեց աշա­­կերտնե­­րը, իրենց կրթա­­կան մշակ­­նե­­­րը եւ բո­­լոր ներ­­կա­­­ները՝ խա­­ղաղու­­թեան եւ բա­­րօրու­­թեան մաղ­­թանքնե­­րով։

***

Պոլ­­սի Հրանդ Տինք վար­­ժա­­­րանի «Գա­­րուն» ման­­կա­­­պար­­տէ­­­զի սա­­ները ու­­սուցիչ­­ներ Մար­­գա­­­րիտ Աւա­­գեանի, Նո­­նա Յա­­րու­­թիւնեանի, Ան­­ժէ­­­լա Են­­գո­­­յեանի եւ Գա­­յանէ Ռե­­ւազեանի հա­­մատեղ ջան­­քե­­­րով Մայ­­րե­­­րու Տօ­­նին նո­­ւիրո­­ւած գար­­նա­­­նային հիանա­­լի ձեռ­­նարկ մը պատ­­րաստե­­ցին։ Ման­­կա­­­կան թո­­թովա­­խօս լե­­զուով երա­­խանե­­րը բար­­բա­­­ռեցին մայ­­րե­­­րուն նո­­ւիրո­­ւած ոտա­­նաւոր­­ներ եւ քաղցրահնչիւն եր­­գեր, որոնք յու­­զե­­­ցին բո­­լորին։ Ծնող­­նե­­­րէն Լի­­լիթ Պօ­­ղոսեանը բո­­լոր ծնող­­նե­­­րու անու­­նով երախ­­տի­­­քի խօսք ուղղեց ման­­կա­­­պար­­տէ­­­զի բո­­լոր ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն եւ տնօ­­րէնու­­հի տի­­կին Հե­­րիք­­նազ Աւա­­գեանին, ինչպէս նաեւ դպրո­­ցի թի­­կունքին կանգնած հո­­գաբար­­ձուներ տէր եւ տի­­կին Ար­­թօ Դա­­լար Հո­­րոզօղ­­լունե­­րուն իրենց մեծ նո­­ւիրու­­մին հա­­մար։ Տի­­կին Լի­­լիթ Պօ­­ղոսեան շեշ­­տեց Հրանդ Տինք Դպրո­­ցի գո­­յու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը եւ փա­­ռաբա­­նեց այն տա­­քուկ ու հա­­յաշունչ մի­­ջավայ­­րը, ուր կը կրթուին եւ կը դաս­­տիարա­­կուին հայ­­րե­­­նիքէն հե­­ռու մե­­ծացող հա­­յաս­­տանցի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու երա­­խանե­­րը։

***

Հրանդ Տինք վար­­ժա­­­րանէ ներս մեծ խան­­դա­­­վառու­­թեամբ նշո­­ւեցաւ Սուրբ Զա­­տիկը։ Տօ­­նի խոր­­հուրդը զատ­­կա­­­կան աւան­­դա­­­կան սե­­ղանի, երգ ու պա­­րի, բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու մի­­ջոցով ներ­­կա­­­յացու­­ցին տար­­րա­­­կան դպրո­­ցի սա­­ները՝ ու­­սուցչուհի Լա­­րիսա Սա­­հակեանի գլխա­­ւորու­­թեամբ։ Տօ­­նական մթնո­­լոր­­տը յա­­գեցած էր ինչպէս ման­­կա­­­պար­­տէ­­­զը, այնպէս ալ բո­­լոր դա­­սարան­­նե­­­րէ ներս։ Երա­­խանե­­րը մեծ ու­­րա­­­խու­­թեամբ իրենց ըն­­կերնե­­րու եւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու հետ հաւ­­կիթներ կռո­­ւեցու­­ցին։ Դպրո­­ցի կա­­մաւոր հո­­գաբար­­ձուներ Հո­­րոզօղ­­լու ամո­­լը սա­­ներուն բաժ­­նե­­­ցին տուրմէ հաւ­­կիթներ եւ տի­­կին Մա­­րի Սէ­­հէրել­­տը­­­զի նո­­ւիրած կար­­կանդակ­­նե­­­րը։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը աւար­­տին հա­­սաւ բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն զի­­րար ող­­ջունե­­լով, որուն բնա­­բանն էր՝ «Քրիս­­տոս յա­­րեաւ ի մե­­ռելոց, օրհնեալ է յա­­րու­­թիւնը Քրիս­տո­սի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ