Ռմբակոծութիւն խաղաղ բնակիչներու դէմ

Վերեւի սիւ­նակնե­րուն մէջ անդրա­դար­ձած էինք Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի Իրա­նի մէջ մաս­նակցած եռա­կողմ վե­հաժո­ղովին։ Տա­կաւին այդտեղ խօ­սուած եւ նիւ­թե­րը բա­նակ­ցութեան ճամ­բով լու­ծե­լու մա­սին թե­լադ­րանքնե­րը կեան­քի չէին կո­չուած, երբ Թուրքիա 20 Յու­լիս չո­րեք­շաբթի օր ռմբա­կոծեց քրտաբ­նակ Զա­խօ քա­ղաքը, որու հե­տեւան­քով մա­հացան 10 հո­գի, որոնցմէ 9 արաբ զբօ­սաշրջիկ­ներ էին, ներառեալ 2 երախա եւ երեք կիներ։

Վի­րաւո­րուե­ցան նաեւ 22 ան­ձեր, որոնց մէկ մա­սը դարձեալ ան­չա­փահաս­ներ էին։ Ռմբա­կոծ­ման պա­հուն դէ­պքի վայ­րը գտնո­ւող Հիւ­սի­սային Իրա­քի Քրտա­կան Վար­չութեան հե­ռուստա­կայա­նի թղթա­կիցը ռմբա­կոծու­մը իս­կոյն վե­րագ­րեց Քրտա­կան Բա­նուորական Կու­սակցու­թեան, այ­սինքն ՓՔՔ-ի։

Սա­կայն շու­տով պար­զո­ւեցաւ ապա­տեղե­կատո­ւու­թիւնը, քա­նի որ ար­ձա­կուա­ծը Թուրքիոյ զի­նեալ Ու­ժե­րու օգ­տա­գոր­ծած թնդա­նօթ­նե­րու ռումբեր էին։ Լու­րը խմբագ­րո­ւած պա­հուն մի­ջազ­գա­յին լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւններ, Իրա­քի եւ Հիւ­սի­սային Իրա­քի իշ­խա­նու­թիւններն ալ յայ­տա­րարու­թիւններ չէին ըրած։

Տե­ղացի­ներ կը յայտնեն թէ ռմբա­կոծուած վայ­րը զբօ­սայ­գի մըն է, ուր միայն խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ կ՚ային։ Տե­ղացի­ները նա­խորդ փոր­ձե­րէն գի­տեն թէ նման դէպ­քե­րէ ետք պաշ­տօ­նական Ան­գա­րան իս­կոյն կը հրա­պարա­կէ ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի վե­րաբե­րեալ տե­ղեկու­թիւններ, որոնք բա­ցար­ձա­կապէս չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ իրո­ղու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ