Պոլսոյ գրականութեան նոր փարոսը

Թերթիս վաղեմի բարեկամներէն «Արաս» հրատարակչատան խմբագիր եւ աշխատակից, հրատարակիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի հետ իր պատրաստած նորատիպ «Կապոյտ Երազ» գիրքի մասին զրուցեցինք։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Բարի եկար քա­ղաքդ։ Բա­րի եկար Պո­լիս։ Ինչքան գի­տեմ մօտ տա­սը ամիս մեզ­մէ հե­ռու էիր։ Ինչպէ՞ս կ՚ըն­թա­նայ Երու­սա­ղէմի նոր կեանքդ։

Շնոր­հա­կալ եմ, բա­րի տե­սանք։ Ամ­ռան ար­ձա­կուրդի առ­թիւ կը գտնո­ւիմ Պո­լիս եւ շու­տով ար­դէն պի­տի վե­րադառ­նամ պաշ­տօ­նատե­ղիս։ Ան­շուշտ, հոն ժա­մանա­կիս մեծ մա­սը յատ­կա­ցուած է Երու­սա­ղէմի հա­յոց պատ­րիար­քութեան զոյգ դպրոց­նե­րուն՝ Ժա­ռան­գա­ւորաց եւ Ս. Թարգման­չաց վար­ժա­րան­նե­րու, ուր կը դա­սաւան­դեմ գրա­բար, հա­յերէն, հայ գրա­կանու­թիւն եւ հա­յոց պատ­մութիւն։ Ազատ պա­հերուս կ՚աշ­խա­տիմ դու­րեանա­հիմն Կիւլպէն­կեան մա­տենա­դարա­նի, ինչպէս նաեւ Մայր դի­ւանի մէջ, բա­նասի­րական յօ­դուած­նե­րով կամ հրա­պարա­կումնե­րով կ՚աշ­խա­տակ­ցիմ «Սիոն»ին, կը մաս­նակցիմ եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւննե­րու՝ եւ այս բո­լորով հա­մեստ նպաստ մը բե­րել կը փոր­ձեմ Ս. Յա­կոբեանց զի­նուո­րեալ միաբա­նու­թեան առա­քելա­շաւիղ ծա­ռայու­թեան, աննշան յի­շատակ մըն ալ ինքս ու­նե­նալու հա­մար Սիոնի բար­ձունքին։

Ես ան­ձամբ պոլ­սա­հայ հա­մայնքին հա­մար մեծ կո­րուստ կը նկա­տէի քու Երու­սա­ղէմ եղած ժա­մանա­կաշրջա­նը։ «Ափ­սոս մենք հա­յոց լե­զուի ու գրա­կանու­թեան տի­րապե­տող, մաս­նա­գիտա­ցած երի­տասարդներ չու­նինք եւ բա­ցակա­յու­թիւնդ մեծ զրկանք է մե­զի հա­մար», կ՛ըսէի։ Բայց հի­մա կը տես­նեմ քու նոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնդ եւ կ՚ու­րա­խանամ Պոլ­սոյ հայ հա­մայնքի նո­ւիրո­ւած այս գիր­քիդ հա­մար։ Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս յղա­ցար նման գիր­քի մը գա­ղափա­րը։

Ճի՛շդ ես, սի­րելի Լուսյէն, քա­նի դեռ Իս­թանպու­լա­հայ կրթա­կան կեան­քի մէջ եօթա­նասուննոց­նե­րը զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն մըն են՝ մենք երի­տասարդ կը հա­մարուինք։ Կա­տակը մէկ կողմ, ան­շուշտ որ կը պա­հեմ կապս Պոլ­սոյ հետ. նա­խեւա­ռաջ, ըն­տա­նիքս այստեղ է։ Կը շա­րու­նա­կեմ աշ­խա­տակ­ցիլ «Արաս»ին, գիր­քեր կը հրա­տարա­կենք եւ ու­նինք նոր ծրա­գիր­ներ, որոնցմէ էր նաեւ այս մէ­կը՝ «Կա­պոյտ երազ»ը։ Գիր­քի գա­ղափա­րը ծնած էր Պո­լիս։ Յայտնի ար­ձա­կագիր Մու­րաթհան Մունկան Edebiyat Seferleri İçin Vapur Tarifeleri խո­րագ­րով կող­քի մը տակ հա­ւաքած էր թուրք գրա­կանու­թեան մէջ նա­ւու վե­րաբե­րող պատ­մո­ւածքնե­րը։ Ներշնչու­մի գլխա­ւոր ակե­րէն մէ­կը յի­շեալ հա­տորը եղած է։ Գի­տէի նաեւ որ հայ գրա­կանու­թիւնը հա­րուստ ատաղձ կրնայ մա­տակա­րարել նման հա­տորի մը հա­մար, որ վստա­հաբար պի­տի դառ­նար ըն­թերցա­սէր­նե­րու հե­տաքրքրու­թեան առար­կան։ Այդպէս ալ եղաւ… Մար­դիկ երբ կար­դան՝ կ՚ու­զեն իրենցմէ բա­ներ մը գտնել հոն՝ հա­րազատ վայ­րեր, պա­րագա­ներ, դէպ­քեր, իրենց նման ան­ձեր, մէկ խօս­քով ըն­տա­նի կեն­ցաղ մը, ծա­նօթ առօ­րեայ մը։ Կղզի­ներէ, շո­գենա­ւերէ, ծո­վէ աւե­լի ի՞նչ կայ հա­րազատ պոլ­սե­ցիի հա­մար։

Ին­չո՞ւ գիրքդ հան­րա­պետա­կան շրջա­նի Պոլ­սոյ գրա­կանու­թեան եւ վայ­րե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րով սահ­մա­նափա­կած ես։

Սահ­մա­նափա­կուիլ անհրա­ժեշտ է ընդհան­րա­պէս, այ­լա­պէս ան­կա­րելի կ՚ըլ­լայ տե­ղաւո­րուիլ հա­տորի մը մէջ, քա­նի որ եղած նիւ­թը ահա­գին է։ ԺԹ դա­րէն շատ առաջ, նոյ­նիսկ Ոս­կե­դարէն սկսեալ, հայ գրա­կանու­թեան մէջ ներ­կայ են Իշ­խա­նաց կղզի­ները, ներ­կայ է ծո­վը, կ՚եր­թան-կու գան հոն նա­ւերը… Մաշ­տոց, Խո­րենա­ցի, Քէօմիւրճեան, Կամ­սա­րական, Բա­շալեան, Զօհ­րապ, Փա­փազեան, Օտեան, Երու­խան, թո­ւելու հա­մար ամե­նայայտնի­ները, իրենց գոր­ծե­րուն մէջ կեր­պա­րի վե­րածած են ծովն ու իր բա­ղադ­րիչնե­րը։ Դուրս ձգե­ցի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը, յու­շագրա­կան գրու­թիւննե­րը, վէ­պերէն հա­տուած­ներ չքա­ղեցի, այլ միայն պատ­մո­ւածքներ եւ միայն հան­րա­պետա­կան շրջա­նէն։ Ինչպէս ըսի՝ վերջ չու­նի նիւ­թը…

Ահա­գին գրա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է դէպ­քեր եւ վայ­րե­րու մա­սին պատ­մը­ւածքներ որո­նելը։ Այս աշ­խա­տու­թիւնը ինչքա՞ն տե­ւեց։

Իրա­պէս դիւ­րին չե­ղաւ։ Իս­թանպու­լա­հայ հան­րա­պետա­կան շրջա­նի գրա­կան մա­մու­լը թեր­թե­ցի, գրե­թէ ամ­բողջու­թեամբ։ Հրա­տարա­կուած պատ­մո­ւածքնե­րու հա­տոր­նե­րը աչ­քէ ան­ցուցի՝ ծո­վու, նա­ւու, կղզիի, նա­ւամա­տոյ­ցի վե­րաբե­րեալ պատ­մո­ւածք մը աչ­քէ չփախցնե­լու հա­մար։ Օրի­նակ, Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան, հան­րա­պետա­կան շրջա­նի ամե­նաբե­ղուն գրի­չը, հո­գեբա­նական խոր­քով բազ­մա­թիւ պատ­մո­ւածքներ գրած է։ Իր­մէ գէթ հատ մը ծո­վու, նա­ւու կամ կղզիի վե­րաբե­րեալ պատ­մո­ւածք մը փնտռե­ցի ըն­դերկար, սա­կայն չկրցայ գտնել դժբախ­տա­բար։ Կամ Կո­պէլեան իր մէկ պատ­մո­ւած­քին մէջ կը խօ­սի Վա­րու­ժան Աճէ­մեանի կող­մէ գրո­ւած գոր­ծի մը մա­սին, որ կը վե­րաբե­րի կղզի մեկ­նող շո­գենա­ւու մը։ Գի­տէ՞ք ինչքան փնտռե­ցի։ Բայց ի զուր… Ոչ մէկ տեղ գտայ։ Դեռ կը փնտռեմ… Չեր­կա­րեմ. աշ­խա­տանքս մէ­կու­կէս տա­րիէ աւե­լի տե­ւեց։ Բայց զիս գո­հաց­նող հրա­տարա­կու­թիւն մը եղաւ։ Պա­կաս­ներ կա՞ն։ Վստա՛հա­բար։ Սա­կայն որ­պէս առա­ջին քայլ՝ ու­շագրաւ հա­ւաքա­ծոյ մը մէջ­տեղ ելաւ։ Ու­րիշներ վստահ եմ աւե­լի կա­տարեալ­նե­րը պի­տի ընեն։

Գի­տեմ, Գնա­լը կղզի մեծ­ցած ես։ Ման­կութեան տա­րինե­րուդ կղզի­ներու պատ­մութեան եւ գրա­կանու­թեան հան­դէպ յա­տուկ թե­քում ու­նե­ցա՞ծ ես։

Ան­շուշտ։ Հօ­րենա­կան մեծ հօր­մէս սկսեալ կղզե­ցի եղած ենք։ Նախ Գնա­լը եւ ամուսնա­նալէ ետք՝ Մեծ կղզի։ Կնոջս ըն­տա­նիքը նոյնպէս հին կղզե­ցի է։ Ի տղայ տիոց ան­դամ եմ Ներ­սէ­սեան դպրաց դա­սու։ Գի­տէք, դպրաց դասս Ներ­սէ­սեան կո­չուած է՝ ապ­րեցնե­լու հա­մար Մեծն Ներ­սէս հայ­րա­պետի Կ. Պո­լիս այ­ցե­լու­թեան եւ կղզի աք­սո­րուե­լու աւան­դազրոյ­ցը։ Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ սրբա­զանը վայ­րե­րու եւ այդ վայ­րե­րու ան­ցեալով հե­տաքրքրո­ւելու սէ­րը դրած էր մեր մէջ։ Այդ սէ­րը տա­րինե­րու ըն­թացքին ուռճա­ցաւ եւ պտուղ տո­ւաւ…

Գիրքդ գրա-գի­տական աշ­խա­տու­թիւն մըն է կրնա՞նք ըսել։ Ինչպէ՞ս նիւ­թեր կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ։

Թե­րեւս խու­սա­փէի գոր­ծա­ծելու գի­տական մակ­դի­րը։ Բայց, այո՛, գրա­կան աշ­խա­տանք մըն է։ Գիր­քը բաժ­նո­ւած է չորս մա­սի՝ ծով, նա­ւամա­տոյց, նաւ, կղզի։ Իւ­րա­քան­չիւր բա­ժին կը բա­ցուի Արա Կիւ­լէ­րէ լու­սանկա­րով մը։ Ջա­նացած եմ ըստ կա­րել­ւոյն բազ­մա­զանու­թիւն մը ստեղ­ծել. հոն կան գրող­ներ, որոնք արե­ւելա­հայե­րէնի տա­րած­քին ծնած ու յե­տոյ հա­սած են Մար­մա­րայի ափե­րը, կան գրող­ներ, որոնք հոս ծնած ու յե­տոյ ան­ցած են Արաք­սի միւս ափը, ծա­նօթ անուննե­րու քով կան ան­ծա­նօթ կամ նո­ւազ ծա­նօթ հե­ղինակ­ներ, թէեւ հե­ղինակ­նե­րը առ­հա­սարակ մե­ռած են, բայց կայ եր­կու հե­ղինակ, որոնք դեռ կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն, ծո­վը միայն Մար­մա­րան չէ, կղզի­ները միայն Իշ­խա­նաց կղզի­ները չեն, ծո­վափե­րը միայն կղզի­ներու չեն պատ­կա­նիր եւլն.։

Սա նման պա­րու­նա­կու­թեամբ առա­ջին գիրքն է։ Ծո­վով եւ հան­րա­պետա­կան շրջա­նով սկսար։ Կրկին կղզի­ներ, ծով եւ ծո­վափ­նեայ թա­ղամա­սերու գրա­կան պատ­մութիւ­նը այս ան­գամ Օս­մա­նեան շրջա­նը վե­րամ­շա­կելով աշ­խա­տիլ կը փա­փաքի՞ս։

Պի­տի ու­զէի ան­շուշտ ի մի բե­րել կղզի­ներու վե­րաբե­րեալ յու­շագրա­կան էջեր, բա­նաս­տեղծու­թիւններ… Ինտրա, Զա­րիֆեան, Սի­պիլ, Ար­մե­նու­հի Թեր­զեան, ան­շո՛ւշտ Զահ­րատ բազ­մա­թիւ քեր­թո­ւած­ներ ու­նին։ Այս պա­րագա­յին թե­րեւս հնա­րաւոր ըլ­լայ աւե­լի լայն բա­նալ կար­կի­նը, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ չա­փածոյ եր­կե­րը աւե­լի քիչ տեղ կը բռնեն։ Բա­ցի ծո­վու այս նիւ­թէն, կա­րելի է ի մի հա­ւաքել այլ նիւ­թեր եւս, որոնք առա­տօրէն մշա­կուած են մեր գրող­նե­րու կող­մէ։ Պէտք է մտա­ծել…

«Կա­պոյտ երազ»ը միայն հա­յերէն լե­զուո՞վ պի­տի հրա­տարա­կուի։ Թրքե­րէնի ալ պի­տի թար­գա­մէ՞ք։

Նպա­տակ կայ «Կա­պոյտ երազ»ը եթէ ոչ ամ­բողջու­թեամբ, բայց մեծ մա­սամբ թարգմա­նել թրքե­րէնի՝ հա­տորը հա­մալ­րե­լով նաեւ այլ հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րով։ Այ­սինքն հրա­տարա­կել տար­բե­րակ մը… Տես­նե՛նք…

Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ ձե­զի եւ «Արաս» հրա­տարակ­չութեան, որ անշքա­ցած Պոլ­սոյ գրա­կանու­թեան նոր փա­րոս­նե­րը դար­ձաք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ