Իրան Կապանի մէջ հիւպատոսարան կը բանայ

Պարսկաս­տան Հա­յաս­տա­նի Կա­պան քա­ղաքին մէջ ձեռ­նարկած է հիւ­պա­տոսա­րան մը բա­նալու։ Այս մա­սին «Նիւզ ԱՄ» կայ­քին տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցած է Իրա­նի Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Ռո­պէրթ Պեկ­լա­րեան։

Տրո­ւած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն աւագ հիւ­պա­տոսի պաշ­տօ­նին նշա­նակո­ւած է Ապե­տին Վա­րանին, որ այժմէն ձեռ­նարկած է իր դի­ւանա­գիտա­կան շփումնե­րուն մայ­րա­քաղաք Երե­ւանի մէջ։

Իրա­նի Հա­յաս­տա­նի աւագ դես­պան Ապ­պաս Պա­տաք­շան Զու­հուրի նա­խապէս ալ յայտնած էր թէ եր­կու պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ հա­մաձայ­նութիւն մը գո­յացած էր Սիւ­նի­քի մար­զի Կա­պան քա­ղաքի մէջ հիւ­պա­տոսա­րան հաս­տա­տելու մա­սին։

Կա­պան ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղաք մըն է, յատ­կա­պէս Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքի մա­սին Թուրք-Ատրպէյ­ճա­նական պա­հանջնե­րու յա­ճախա­կի դար­ձած այս օրե­րուն։

Իրան ալ իր կար­գին յայ­տա­րարած էր թէ իրեն հա­մար շատ կա­րեւոր է հայ-իրա­նական սահ­մա­նի ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ