Մեծ պայթում Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ

14Օգոս­տոս կի­րակի օր, կէ­սօրո­ւան ժա­մը 1։23-ին, Երե­ւանի Ար­շա­կու­նեաց 15 հաս­ցէին գտնո­ւող «Սուրմա­լուէ» առեւ­տուրի կեդ­րո­նին մէջ մեծ պայ­թում մը պա­տահե­ցաւ։

Ըստ պաշ­տօ­նական աղ­բիւրնե­րուն, պայ­թումի հե­տեւան­քով զո­հուած­նե­րու թի­ւը ար­դէն 16-ի բարձրա­ցած է։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րու Նա­խարա­րու­թեան բան­բեր Հայկ Կոս­տա­նեան 16 Օգոս­տո­սին տե­ղեկա­ցուց, որ 16 զո­հերէ 13-ին ինքնու­թիւնը ար­դէն պար­զո­ւած է։ Զո­հերու շար­քին գտնո­ւած են յղի կին մը եւ իր երե­խան։ Ըստ վեր­ջին տո­ւեալ­նե­րուն, ներ­կա­յիս կոր­սո­ւած­նե­րու թիւն է 9։ Երե­ւանեան աղ­բիւրնե­րու հա­ղոր­դումնե­րով, զո­հերու շար­քին կան նաեւ օտա­րերկրեայ քա­ղաքա­ցիներ։ Հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ բու­ժո­ւած վի­րաւոր­նե­րու վե­րաբե­րեալ վի­ճակագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րը կ՚ապա­ցու­ցա­նեն, որ անոնց թի­ւը կը նո­ւազի։ Ըստ վեր­ջին լու­րե­րուն, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ դար­մանման տակ մնա­ցած է 7 վի­րաւոր։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րու Նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց, որ 99 տո­կոսով հա­մոզո­ւած է, որ «Սուրմա­լու» կեդ­րո­նին մէջ պա­տահած պայ­թումը ահա­բեկ­չա­կան արարք չէ։ Ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու նա­խարար Ար­մէն Փամ­բուխչեան ըսաւ, թէ պայ­թումի պա­հը ու­սումնա­սիրե­լով՝ ակնյայտ կը դառ­նայ, որ ահա­բեկ­չա­կան արար­քի տո­ւեալ­ներ չկան, որով­հե­տեւ նախ սկսած է հրդեհ, ծուխ բարձրա­ցած է, այ­նուհե­տեւ պա­տահած է պայ­թումը։ «Այ­սինքն ինչ-որ չա­փաբա­ժին կրակ է եղել, այ­նուհե­տեւ տա­րածո­ւել է պայ­թուցիկ նիւ­թե­րի վրայ։ Սա, ըստ ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րի նա­խարա­րու­թեան, 99 տո­կոսա­նոց ճշմար­տութիւն է», ըսաւ Փամ­բուխչեան։

Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու նա­խարա­րի առա­ջին տե­ղակալ Ար­տիւշ Գրի­գորեան 15 Օգոս­տո­սի երե­կոյեան յայ­տա­րարեց, որ Երե­ւանի «Սուրմա­լուէ» կեդ­րո­նի տա­րած­քին մէջ հրդե­հը մա­րելու աշ­խա­տանքնե­րը բո­լորո­վին դադ­րե­ցուած են։

Ան նաեւ նշեց, որ կը քննար­կո­ւի պայ­թումին պատ­ճա­ռով կի­սաքանդ մնա­ցած շէն­քի սիւ­նե­րու վնա­սազերծման աշ­խա­տանքներ իրա­կանաց­նե­լու հար­ցը՝ դի­տել տա­լով, որ կայ կա­ռոյ­ցի ամ­բողջա­կան փլուզման վտանգ։

Նոյն օր վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան այ­ցե­լեց Երե­ւանի «Սուրմա­լու» առեւ­տուրի կեդ­րո­նի տա­րած­քը, ուր անոր ներ­կա­յացուեցաւ որո­նողափրկա­րարա­կան եւ հրդե­հի մար­ման աշ­խա­տանքնե­րուն ըն­թացքը։

Հա­յաս­տա­նի քննչա­կան կո­միտէի Երե­ւան քա­ղաքի քննչա­կան վար­չութեան ծանր յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու քննու­թեան բա­ժինէն հա­ղոր­դե­ցին, որ, ըստ ստա­ցուած տո­ւեալ­նե­րու, պայ­թումին պատ­ճա­ռով վնա­սուած են նաեւ առեւ­տուրի կեդ­րո­նի տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող տա­ղաւար­ներ, ինչպէս նաեւ՝ յա­րակից շի­նու­թիւններ եւ հոն կանգնած ինքնա­շարժներ։

Միւս կող­մէ, 15 Օգոս­տո­սի երե­կոյեան, ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու նա­խարա­րու­թիւնը տե­ղեկու­թիւն ստա­ցաւ, որ մեթ­րո­յի բո­լոր կա­յարան­նե­րուն, զի­նուո­րական եւ քա­ղաքա­ցիական բո­լոր կա­րեւո­րագոյն կա­ռոյցնե­րուն, առեւ­տուրի բո­լոր կեդ­րոննե­րուն, կեն­դա­նաբա­նական այ­գիին, Ազ­գա­յին ժո­ղովին, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ պայ­թուցիկ սար­քեր տե­ղադ­րո­ւած են։ Իս­կոյն քա­ղաքա­ցինե­րը հա­նուած են նշեալ վայ­րե­րէն։

Աւե­լի ուշ ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու նա­խարա­րու­թիւնը հաս­տա­տեց, որ ոչինչ գտնո­ւած է, եւ մեթ­րո­յի աշ­խա­տանքնե­րը վերսկսած են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ