«Հաւրիթա» անհասանալի

Միջո­­ցէ մը ի վեր յատ­­կա­­­պէս անա­­սուննե­­րու իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նող­­նե­­­րու հա­­մար գլխա­­ցաւ դար­­ձած հա­­մացան­­ցա­­­յին ծրա­­գիրը իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու որո­­շու­­մով ան­­հա­­­սանե­­լի դար­­ձած է։

Հա­­մացան­­ցի վրայ տե­­ղադ­­րո­­­ւած քար­­տէ­­­զի ծրա­­գիր մը եղող «Հաւ­­րի­­­թա» ցոյց կու տար քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ ան­­տէր անա­­սուննե­­րու՝ մա­­նաւանդ ալ շու­­նե­­­րու գտնո­­ւած վայ­­րե­­­րը։ Փո­­ղոցի անա­­սուննե­­րուն իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նորղ միու­­թիւններ շու­­տով անդրա­­դար­­ձան թէ այդ նշումնե­­րուն հե­­տեւող մար­­դիկ իս­­կոյն կը փու­­թան նշո­­ւած վայ­­րը եւ կը սպան­­նեն, այդ ան­­տէր անա­­սուննե­­րը։

Թուրքիոյ մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ հետզհե­­տէ տա­­րածուն երե­­ւոյթ մըն է տու­­նե­­­րէ ներս ըն­­տա­­­նի անա­­սուն խնա­­մելու հո­­սան­­քը։

Սա­­կայն կան նաեւ այս հո­­սան­­քին դէմ դժգո­­հու­­թիւն յայտնող զան­­գո­­­ւած մը։ Այս վեր­­ջիննե­­րը իրենց դժգո­­հու­­թիւնը առա­­ջին հեր­­թին կը ձե­­ւաւո­­րեն առող­­ջա­­­պահա­­կան պատ­­րո­­­ւակ­­նե­­­րով։ Կը պնդեն թէ անա­­սուն պա­­հող բնա­­կարան­­նե­­­րէն տհաճ հո­­տեր կը բու­­րեն։ Այս բո­­ղոք­­նե­­­րուն իբր հե­­տեւանք շէն­­քե­­­րէ ներս բնա­­կարան­­նե­­­րու մի­­ջեւ հա­­կաճա­­ռու­­թիւններ ալ կը նկա­­տուին, որոնք նոյ­­նիսկ չա­­փազան­­ցութեան հաս­­նե­­­լով կրնան աւար­­տիլ մար­­դասպա­­նու­­թեամբ։

Նիւ­­թը քա­­նի կը հրահ­­րո­­­ւի կը հնչեն նաեւ այլ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւններ։ Ոմանք նոյ­­նիսկ կրօն­­քի թե­­լադ­­րանքնե­­րու ոտ­­նա­­­կոխում կը հա­­մարեն տան մէջ անա­­սուն պա­­հելու երե­­ւոյ­­թը։

Կաս­­կած չկայ որ խնդի­­րը ու­­նի նաեւ դա­­սակար­­գա­­­յին բնոյթ։ Հա­­սարա­­կու­­թեան քաղ­­քե­­­նի հա­­տուածն է որ կը հա­­կի անա­­սուն պա­­հելու սո­­վորու­­թեան։ Նաեւ նշենք թէ այդ անա­­սուննե­­րու սնա­­նու­­մը եւ խնամքը իր կար­­գին տնտե­­սական նոր շու­­կա­­­յի մը զար­­գացման պատ­­ճառ դար­­ձած է։

Որոշ թա­­ղամա­­սերէ ներս իւ­­րա­­­քան­­չիւր քայ­­լա­­­փոխին կա­­րելի է ըն­­տա­­­նի անա­­սուննե­­րու հա­­մար սննդա­­նիւթ վա­­ճառող խա­­նութնե­­րու հան­­դի­­­պիլ։ Վեր­­ջա­­­պէս նաեւ կա­­րելի է ըն­­կե­­­րային կեան­­քէ ներս ան­­հանդուրժո­­ղակա­­նու­­թեան պատ­­կերներ ալ տես­­նել այս խնդրին մէջ։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի այս նոր հո­­սան­­քը ըն­­կե­­­րային խա­­ւերու մի­­ջեւ պա­­ռակտման նոր գոր­­ծօն մը ըլ­­լա­­­լով տա­­կաւին որոշ ժա­­մանակ պի­­տի յու­­զէ հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քը, մին­­չեւ որ մար­­դիկ ըն­­տե­­­լանան անա­­սուն պա­­հելու գա­­ղափա­րին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ