Աղթամարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Վան Քա­­ղաքի Աղ­­թա­­­մար Կղզիի Ս. Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, Ս. Խա­­չի Բա­­րեկեն­­դա­­­նի Կի­­րակիին, 4 Սեպ­­տեմբեր 2022-ին, այս տա­­րի եւս Ս. Պա­­տարագ մա­­տուցուե­­ցաւ։ Հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ, եր­­կու տա­­րի առանց ժո­­ղովուրդի մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւած արա­­րողու­­թե­­­նէ յե­­տոյ, սոյն արա­­րողու­­թիւնը դար­­ձեալ բազ­­մա­­­թիւ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րը հա­­մախմբեց Աղ­­թա­­­մարի մէջ։

Աղ­­թա­­­մարի Տօ­­նակա­­տարու­­թեան, այս տա­­րի նա­­խագա­­հեց Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը։ Ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան, Լու­­սա­­­րարա­­պետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­զունեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնա­­րեան, Հա­­յաս­­տա­­­նէն Արժ. Տ. Տ. Եղէ­­շէ եւ Վի­­գէն քա­­հանայ հայ­­րե­­­րը։ Բաց աս­­տի, ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան եր­­գե­­­ցու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լու հա­­մար եկած էին Սա­­մաթիոյ Ս. Գէորգ Եկե­­ղեց­­ւոյ Սա­­հակեան Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի ան­­դամնե­­րը, ինչպէս նաեւ Սա­­մաթիոյ Թա­­ղային Խոր­­հուրդէ ան­­դամներ, գլխա­­ւորու­­թեամբ՝ Ատե­­նապետ Եսա­­յի Տէ­­միրի։

Շա­­բաթ Երե­­կոյեան, Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, «Պիւ­­յիւք Ու­­րարտու» պան­­թո­­­կի ճա­­շաս­­րա­­­հին մէջ մէկ­­տե­­­ղուե­­ցաւ հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րու, սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րու եւ դպրաց դա­­սու ան­­դամնե­­րու հետ սի­­րոյ սե­­ղանի շուրջ։ Այստեղ ներ­­կա­­­ներ, ջերմ մթնո­­լոր­­տի մէջ զրու­­ցե­­­լու առիթն ու­­նե­­­ցան Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին հետ։

Իսկ յա­­ջորդ առա­­ւօտեան ժա­­մը 09.00-ին, Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր գլխա­­ւորու­­թեամբ, հո­­գեւոր հայ­­րերն ու սպա­­սար­­կողնե­­րու խումբը, ինչպէս նաեւ երգչա­­խումբի ան­­դամնե­­րը Վա­­նի Նա­­հան­­գա­­­պետա­­րանի տրա­­մադ­­րած նա­­ւով ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի Աղ­­թա­­­մար Կղզի։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը, Կղզի ժա­­մանու­­մէն յե­­տոյ, նախ այ­­ցե­­­լեց Ս. Խաչ Եկե­­ղեցին, ուր ուխտի աղօթ­­քը ըրաւ։ Մինչ այդ եկե­­ղեց­­ւոյ մկրտու­­թեան մատ­­րան մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ նաեւ ժա­­մերգրու­­թիւն։

Ժա­­մը 10.45-ին կազ­­մո­­­ւած թա­­փորը Տա­­ճարի մօ­­տակայ կի­­սաւեր մա­­տու­­ռէն Ս. Խաչ եր­­բեմնի հայ­­րա­­­պետա­­նիստ Տա­­ճար առաջ­­նորդեց պա­­տարա­­գիչ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեանը։ Կը սպա­­սար­­կէին Բրշ. Խա­­չիկ Սրկ. Սա­­րըլեան, Բրշ. Ալէն Տի­­րան Սրկ. Նէր­­կի­­­զեան, Բրկ. Ղա­­զար Կ.Սրկ. Սա­­պունճեան եւ Բրկ. Կա­­րօ Կ.Սրկ. Եոն­­թա­­­նեան, Բրկ. Պու­­րակ Ուր. Դպ. Կէօչէ­­րեան եւ Բրկ. Շանթ Ուր. Դպ. Չէ­­վիքեան։

Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան Սա­­հակեան Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի կող­­մէ, ղե­­կավա­­րու­­թեամբ եւ եր­­գե­­­հոնա­­հարու­­թեամբ՝ Սե­­ւան Ակօ­­շեանի։

Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քէն առաջ քա­­րոզեց Պատ­­րիարք Հայ­­րը, եւ տա­­ճարի գա­­ղափա­­րին մա­­սին խօ­­սեցաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Աս­­տուած հաս­­տա­­­տած է տա­­ճարի գա­­ղափա­­րը, որ­­պէսզի մե­­ղաւոր մարդկու­­թիւնը այ­­ցե­­­լէ Տա­­ճար եւ այն­­տեղ գտնէ զԱս­­տո­­­ւած։ Հին Կտա­­կարա­­նէն սկսեալ այս աւան­­դութիւ­­նը, Քրիս­­տո­­­նէու­­թեան մէջ եւս շա­­րու­­նա­­­կած է եւ հա­­մայնքներ կա­­ռու­­ցած են եկե­­ղեցի­­ներ։ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ ան­­դամնե­­րը եւս, պատ­­մութեան ըն­­թացքին հե­­տեւե­­լով տա­­ճարա­­շինու­­թեան աւան­­դութեան, իրենց ոճով, ճար­­տա­­­րապետա­­կան գի­­տու­­թեամբ եւ հան­­ճա­­­րով կա­­ռու­­ցած են շքեղ տա­­ճար­­ներ, ուր հա­­մախմբո­­ւած են զԱս­­տո­­­ւած փա­­ռաւո­­րելու հա­­մար։ Աղ­­թա­­­մարի Ս. Խաչ Եկե­­ղեցին եւս եղած է այն հսկայ կո­­թող­­նե­­­րէն, որ 10-րդ դա­­րուն Գա­­գիկ Արծրու­­նի Թա­­գաւո­­րի փա­­փաքով ու Մա­­նուէլ ճար­­տա­­­րապե­­տի աշ­­խա­­­տու­­թեամբ կա­­ռու­­ցո­­­ւած է։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը յի­­շեցուց, թէ՝ Աղ­­թա­­­մարը ու­­նէր աւե­­լի քան 1000 ամեայ պատ­­մութիւն։ Տա­­ճարին կա­­մարը, պա­­տերը, սիւ­­նե­­­րը ակա­­նատե­­սը եղած էին ինչ ինչ դէպ­­քե­­­րու եւ անոնք կը շա­­րու­­նա­­­կէին վկան դառ­­նալ ան­­ցեալին։ Իր հիանա­­լի ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեամբ նաեւ հե­­տաքրքրու­­թեան ար­­ժա­­­նացած էր, թէ՛ Հա­­յերուն եւ թէ՛ օտար­­նե­­­րուն։ Ահա, այս գե­­ղեցիկ տա­­ճարը, որ մեր­­ձա­­­ւոր ան­­ցեալին մա­­շած էր, մօ­­տաւո­­րապէս քսան տա­­րիներ առաջ երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան տնօ­­րինու­­թեամբ որ­­պէս թան­­գա­­­րան եկե­­ղեցի վե­­րանո­­րոգո­­ւած էր եւ յա­­ջոր­­դիւ աւա­­նդու­­թիւն հաս­­տա­­­տուած էր Սեպ­­տեմբեր ամ­­սո­­­ւան մէջ տօ­­նական Ս. Պա­­տարագ մա­­տու­­ցա­­­նել Աղ­­թա­­­մարի մէջ։ Այս աւան­­դութիւ­­նը, հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին դժբախ­­տա­­­բար առանց ժո­­ղովուրդի մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւած էր։ Իսկ այս տա­­րի հան­­դի­­­սաւոր տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նար Իսթան­­պուլէն եւ թէ՛ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ թէ՛ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ։ Իսկ եր­­գե­­­ղու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լու հա­­մար ուխտա­­ւորա­­բար փու­­թա­­­ցած էր Սա­­հակեան Դպրաց Դա­­սը։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը, այս առ­­թիւ մաղ­­թեց որ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն հա­­մար դառ­­նայ օրհնա­­բեր եւ հո­­գեւոր շի­­նու­­թեան առիթ։

Մեր Հո­­գեւ Պե­­տը նաեւ յի­­շատա­­կեց պաշ­­տօ­­­նական մար­­միննե­­րու ներդրու­­մը արա­­րողու­­թեանց կա­­նոնա­­ւոր ձե­­ւով կազ­­մա­­­կերպման կա­­պակ­­ցութեամբ։ Այս առ­­թիւ, յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագահ Վսե­­մաշուք Ռէ­­ճէպ Թայ­­յիպ Էր­­տօ­­­ղանին, Մշա­­կոյ­­թի եւ Զբօ­­սաշրջու­­թեան Նա­­խարար Մէհ­­մէտ Նու­­րի Էր­­սոյին, Վա­­նի Կու­­սա­­­կալ Օզան Պայ­­ճըին։

Աղ­­թա­­­մարի մէջ հո­­գեհան­­գիստ
ու ան­­դաստան

Աղ­­թա­­­մարի մէջ, յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի կա­­տարո­­ւեցաւ կարգ ի հան­­գիստ Ամե­­նայն Հա­­յոց Երա­­նաշորհ Հայ­­րա­­­պետ­­նե­­­րու, ինչպէս նաեւ Աղ­­թա­­­մարայ եր­­բեմնի Աթո­­ռոյ վախ­­ճա­­­նեալ գա­­հակալ­­նե­­­րու եւ Աղ­­թա­­­մարի Աթո­­ռոյ միաբան­­նե­­­րու, Պոլ­­սոյ երա­­նաշորհ Պատ­­րիարքնե­­րու։

Յի­­շատա­­կուե­­ցան նաեւ Ս. Խաչ Հայ­­րա­­­պետա­­նիստ Տա­­ճարի կա­­ռուցման բա­­րերար Գա­­գիկ Արծրու­­նի Թա­­գաւո­­րը, Տա­­ճարի ճար­­տա­­­րապետ Մա­­նուէլ Վար­­դա­­­պետը, Վա­­նի եր­­բեմնի թե­­մի առաջ­­նորդներն ու սպա­­սաւոր­­նե­­­րը եւ ի Քրիս­­տոս հան­­գուցեալ հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը։

Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կա­­տարո­­ւած հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րէն յե­­տոյ, Ամեն­­պա­­­տիւ Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր գլխա­­ւորու­­թեամբ հո­­գեւորական­­նե­­­րու թա­­փօրը առաջ­­նորդո­­ւեցաւ փակ, ուր, բազ­­մա­­­թիւ ­­հա­­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու եւ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ, «Ամէն, ալէ­­լուիա»նե­­րով կա­­տարո­­ւեցաւ հան­­դի­­­սաւոր ան­­դաստան։ Ան­­դաստա­­նի արա­­րողու­­թեան ըն­­թացքին, եկե­­ղեց­­ւոյ փա­­կը գրե­­թէ լե­­ցուն էր ուխտա­­ւոր­­նե­­­րուն եւ այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։

Հո­­գեպա­­րար էր այն պա­­հը, երբ թա­­փորը կը դառ­­նար, սար­­կա­­­ւագ­­ներ ու դպիր­­ներ կը կա­­տարէին եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը եւ եւ կ՚օրհնո­­ւէին աշ­­խարհի չորս ծա­­գերը, Հա­­յոց հայ­­րա­­­պետու­­թիւնը, քրիս­­տո­­­նեայ թա­­գաւո­­րու­­թիւններն ու իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը, եր­­կիրն ու ան­­դաստան­­նե­­­րը, տար­­ւոյն պտղա­­բերու­­թիւնը, վան­­քերն ու անա­­պատ­­նե­­­րը, քա­­ղաք­­ներն ու գիւ­­ղե­­­րը եւ անոնց բնա­­կիչ­­նե­­­րը։

Ան­­դաստա­­նի աւար­­տին, Պատ­­րիարք Հայ­­րը Ս. Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ զան­­գա­­­կատան ներ­­քեւ, իր մօտն ու­­նե­­­նալով հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րը եւ Սա­­հակեան Դպրաց Դա­­սու երկսեռ ան­­դամնե­­րը, «Պահ­­պա­­­նիչ» աղօթ­­քով օրհնեց բո­­լոր ներ­­կա­­­ները։ Ապա, Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, սար­­կա­­­ւագ­­ներն ու դպիր­­նե­­­րը ար­­ձա­­­կեցին սպի­­տակ աղաւ­­նի­­­ներ մաղ­­թե­­­լով խա­­ղաղու­­թիւն ամե­­նայն աշ­­խարհի։

Տօ­­նական Ս. Պա­­տարագն ու արա­­րողու­­թիւննե­­րը իրենց աւար­­տին հա­­սան խմբան­­կա­­­րով։

Իսկ Պատ­­րիարք Հայրն ու արա­­րողու­­թեան մաս­­նա­­­կից բո­­լոր սպա­­սաւոր­­նե­­­րը, նոյն երե­­կոյ­­թեան օդա­­յին ճամ­­բով վե­­րադար­­ձան Իս­­թանպուլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ