Արա Աբրահամեանի վկայութիւնները

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ

Աշխարահռչակ վիպագիր, պատմուածքներու եւ թատրերգութիւններու հեղինակ Ուրիլեամ Սարոյեան կամ աւազանի անունով Արամ Գարաօղլանեան Բաղէշէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ ընտանիքի մը անդրանիկ զաւակը որպէս ծնած է 31 Օգոստոս 1908-ին Գալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ գաւառը։ Առաջին պատմուածքը հրատարակուեցաւ «Սթորի» պարբերականի մէջ 1933-ին։ 39-ին «Ձեր Կեանքի Ժամանակը» թատրերգութիւնով Պլուցերեան տրամայի մրցանակը, իսկ 1943-ին ալ «Մարդկային Կատակերգութիւն» ֆիլմի սցենարով Օսքարի մրցանակը նուաճեց։ Սարոյեան իր կեանքի ընթացքին աւելի քան 60 գիրքեր հրատարակեց։ Խմիչքի եւ բախտախաղերու հանդէպ հակումին բերմամբ վերիվայրումներով անցած էիր կեանքը։ Իւրայատուկ էր Սարոյեանի արձակը։ Ի վերջոյ այդ ազատ ու խօսուն ոճը գրականութեան մէջ «Սարոյեանէսք» կոչումով իրեն վերագրուեցաւ։ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ» 2008 թուականը «Սարոյեանի Տարի» հռչակեց։ Սարոյեանի գործերը թարգմանուեցան նաեւ թրքերէնի։ Ամերիկեան գրականութեան մէջ կարճ պատմուածքներու լաւագոյն գրող ըլլլալով յիշուող Սարոյեան նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ ըրած է Գալիֆորնիոյ պայ համայնքի մասին։ Իր թատրերգութիւնները եւ պատմուածքները Ֆրեզնոյի ապրումներէն քաղուած է եւ իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է հանդիպիլ հայ կերպարի մը։ Իր արմատներուն եւ մշակոյթին սերտօրէն կապուած Սարոյեան 1964 թուին լրագրող Ֆիքրեթ Օթեամ, Պետրոս Զոպեան եւ Արա Կիւլերի ընկերակցութեամբ շրջած է հայրենի երկիր Բաղէշը։ Լուսին Տինք 2012-ին դէպի Բաղէշ այս ճամբորդութիւնը վաւերագրականի մը վերածեց, որ կը կոչուէր «Սարոյեանի Երկիրը»։

Այդ այցելութեան ընթացքին Սարոյեան այցելեց նաեւ Պոլիս։ Արա Աբրահամեան «Քուլիս»ի մէջ հրատարակելու նպատակաւ հարցազրոյց մը ընելու միտումով «Հիլթոն» հիւրանոցի մէջ այցելեց մեծ վարպետը։ «Քուլիս» պարբերականի 15 Մայիս 1964 թուակիր համարին մէջ լոյս տեսնող այդ հարցազրոյցի միջոցաւ կը վկայէ Սարոյեանի դիւրահաղորդ բնաւորութիւնը։

Շարունակութիւնը կարդանք «Քուլիս»ի էջերէն։

Պայուսա­կէս դուրս կը հա­նեմ տրցակ մը դեղ­նած թուղթ, եւ ցոյց կու­տամ պա­րոն Սա­րոյեանի, կը կար­դայ խո­րագի­րը որ անգլիերէն գրո­ւած է։

- My heart’s in the highlands.

- Ահ, կ՚ըսէ իմ գործս է այս։

- Իմ ալ թարգմա­նու­թիւնս, կ՚աւելցնեմ

Կ՚ու­րա­խանայ եւ կը հե­տաքրքրո­ւի։ կը բա­ցատ­րեմ։

1953-ին թարգմա­նեցի ըն­թացք տա­լով Մխի­թարեան Սա­նուց Միու­թեան վար­չութեան եւ ծա­նօթ արո­ւես­տա­գէտ Գէորգ Գա­պառա­ճեանի եւ աշ­խարհահռչակ լու­սանկա­րիչ՚ Արա Կիւ­լէ­րի թե­լագ­րութեանց։ Խա­ղը 1955-ի Փետ­րո­ւարին ներ­կա­յացո­ւեցաւ Մխի­թարեան Սա­նուց Միու­թեան բե­մին վրայ չորս հինգ ան­գամ եւ մեծ շա­հագրգռու­թիւն ստեղ­ծեց նկա­տելով որ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ձեր գոր­ծը հա­յերէն կը ներ­կա­կայա­ցուէր քա­ղաքիս մէջ։

-Թէեւ կարճ թատ­րերգու­թիւն մըն է սա­կայն կան մէ­ջը այնպի­սի բա­ցատ­րութիւններ, որոնք յա­տուկ են ամե­րիկեան բար­քե­րուն կրցա՞ր անոնք ալ թարգմա­նել։

-Ջա­նացինք այդ բա­ցատ­րութիւննե­րուն տե­ղական գոյն տալ։

-Լաւ, դուն տե­սա՞ր ի՞նչպէս խա­ղացին տղա­քը, լաւ ըրի՞ն, թարգմա­նու­թիւնը ինչպէ՞ս էր, հարց կու տայ պա­րոն Պ. Զո­պեանին, որ կը հսկէ դէ­պի Պիթ­լիս ճամ­բորդու­թեան իր պատ­րաստու­թեան։

Պր. Զո­պեան կը պա­տաս­խա­նէ,

-Տե­սայ լաւ խա­ղացին, թարգմա­նու­թիւնն ալ լաւ էր։

Մեր մտեր­մութիւ­նը ալ աւե­լի կը զօ­րանայ, կը լու­սանկա­րուինք քա­նիցս։

Կը հարցնեմ,

-Պա­րոն Սա­րոյեան, կ՚աշ­խա­տի՞ք նոր գոր­ծի մը վրայ։

-Այո՛, մօտ օրէն լոյս կը տես­նէ «One day in the afternoon of the world» անու­նով վէպս որուն հե­րոսը բնա­կանօ­րէն հայ մըն է Եփ­րատ Մուսքա­թեան անու­նով զոր կրճա­տելով կը կո­չեմ Եփ. Մաս­քըթ։ Մուսքա­թը լաւ խա­ղողի անուն է գի­տե՞ս։

-Պա­րոն Սա­րոյեան ի՞նչ է նիւ­թը այս գոր­ծին եւ ի՞նչպէս կրնանք հա­յերէ­նի թարգմա­նել անու­նը։

-Կե­ցիր, ըսեմ - «Օր մը աշ­խարհի կէ­սօրէն վերջ»ը յար­մար կ՚ըլ­լայ։ Նիւ­թը առ­նո­ւած է այն իրո­ղու­թե­նէն որ, ժա­մանակ կու գայ ամէն անձ կեան­քի մէջ մե­լամաղ­ձոտ յե­տադարձ եւ նրբա­խոր­հուրդ ակ­նարկ մը կը նե­տէ իր ան­ցեալին վրայ։ Ինչպէս կ՚ընէր ան­ցեալ­նե­րը մեծ Շառ­լոն թէ «Այ­լեւս մար­դիկ չեն ժպտիր եւ տխուր են»։ Նոյնպէս ալ մարդկա­յին կեան­քին մէջ կայ տխրու­թեան շրջան մը։ Այս գոր­ծը քա­ղուած է ամե­րիկեան կեան­քէ։

Սա­րոյեան կեան­քը ապ­րե­ցաւ սի­րոյ եւ յաղ­թա­նակի հա­մար, միշտ ալ զա­նոնք վա­նելով իր­մէ – բայց վեր­ջա­ցուց Յաղ­թո­ղի նման ի հե­ճուկս իրեն։ Մա­հէն 5 օր առաջ, կան­չած էր «Ասո­շէյ­թըթ Փրէսս»ի գոր­ծա­կալու­թիւնը, ըսե­լու թէ՝ ինք մեռ­նե­լու վրայ է քազցկե­զէ մը, եւ վեր­ջին յայտնու­թիւնը պի­տի ընէ ու կը խնդրէ՝ մա­հէն ետգ միայն հրա­տարա­կել զայն։ Եւ վեր­ջին խօս­քը այսպէս կ՚ար­տա­սանէր, -«Ամէն ոք պի­տի մեռ­նի, բայց ես կը կար­ծէի, մտա­ծած էի որ՝ իմ պա­րագա­յիս, բա­ցառու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար...բայց ի՞նչ...»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ