Մեր դպրոցներու մասին...

Ի՞նչ Կը Թե­լադ­րեն Վի­ճակագ­րա­կան Տո­ւեալ­նե­րը

Ներ­կա­յիս ակնյայտ երե­ւոյթ մըն է թէ, կարգ մը Հայ ըն­տա­նիք­ներ իրենց զա­ւակ­նե­րը կ՛առաջ­նորդեն Գօ­լէժ անուն մաս­նա­ւոր կամ պե­տական որե­ւէ Անա­տօլու լի­սէ մը...

Ինչպէս միշտ եղեր էր, այ­սօր եւս պի­տի ըլ­լան ան­շուշտ յա­ջողա­գոյն տղոց­մէ եւ նիւ­թա­պէս աւե­լի բար­ւոք ըն­տա­նիք­նե­րէ օտար վար­ժա­րան մը կամ մի քա­նի որա­կեալ պե­տական վար­ժա­րան նա­խընտրող­ներ... Ասոնք եղած են բա­ցառիկ պա­րագա­ներ՝ ըն­դունե­լի նաեւ յաչս հա­մայնքին։

Ներ­կայ վի­ճակը տար­բեր է սա­կայն, քա­նի այ­սօր աւե­լի մեծ թի­ւով տղաք կ՛ուղղո­ւին նոյ­նիսկ ակա­դէմա­կան մա­կար­դա­կով, դպրո­ցի մշա­կոյ­թով եւ ըն­կե­րային մթնո­լոր­տով ոչ գե­րազանց մի­ջավայր մը քան Հայ դպրո­ցը... Դեռ պա­տանի հա­սակին տղան հե­ռաց­նել իր մի­ջավայ­րէն եւ թո­ղուլ զայն ան­ծա­նօթին... Ան­խուսա­փելի է, նոյ­նիսկ նա­խընտրե­լի, երբ ատի­կա գի­տակ­ցօ­րէն կը պա­տահի, երբ տղան ար­դէն հա­սած է իր ինքնու­թեան գի­տակ­ցութեան...։

Հարց տանք թէ ի՞նչն է պատ­ճա­ռը, որ կարգ մը ծնողք նա­խակրթա­րանէ սկսեալ մեծ սպա­սումնե­րով իրենց զա­ւակը կ՛առաջ­նորդեն դէ­պի այլ մի­ջավայ­րեր եւ հայ դպրո­ցի աշա­կեր­տութիւ­նը կը նո­ւազի...

Հայ Դպրո­ցին հան­դէպ
կաս­կա­ծը... Ար­դեօ՞ք

- Ծնողք ակա­դէմա­կան տե­սակէ­տէ ան­բա­ւարար կը նկա­տեն նա­խակրթա­կան կամ լի­սէի ուսման մա­կար­դա­կը, լի­սէի եւ հա­մալ­սա­րան մուտքի քննու­թեանց ար­դիւնքը

- Ծնողք ըն­կե­րային ձեռ­նարկնե­րու, ակումբնե­րու գոր­ծունէու­թեան տե­սակէ­տէ ան­բա­ւարար կը նկա­տեն Հայ վար­ժա­րանը

- Ան­բա­ւարար են դպրո­ցի շէն­քին հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը

- Ծնողք կը նա­խընտրեն անվճար պե­տական որե­ւէ Անա­տօլու լի­սէ մը

- Օտար լե­զուն տկար է Հայ վար­ժա­րանին, մինչդեռ տղան ար­տա­սահ­մա­նի մէջ բարձրա­գոյն ուսման պի­տի հե­տեւի IB (international Baccaloria) վկա­յակա­նովը... եւլն., եւլն....

Ըն­կե­րա-մշա­կու­թա­յին
պա­րագան... Ար­դեօ՞ք

- Հայ ծնող­նե­րու ծննդա­բերու­թիւննե­րը կը պակ­սին

- Հայ ըն­տա­նիք­նե­րու գաղ­թը աւել­ցած է

- Օտար ամուսնու­թիւննե­րու թի­ւը կ՚աճի

- Ծնող­քին Հա­յու ինքնու­թեան եւ հա­յերէ­նի հետ կա­պը նո­ւազած է

- Ծնող­քը ըն­կե­րային եւ դա­սակար­գա­յին բարձրաց­ման հա­մար լծակ կը նկա­տէ օտար կամ թրքա­կան վար­ժա­րանի մթնո­լոր­տը, եւլն., եւլն....

Վար­կածնե­րու շար­քը կա­րելի է եր­կա­րել ականջ տա­լով հա­մայնքին բո­լոր հա­տուած­նե­րուն՝ ծնողք, աշա­կերտ, շրջա­նաւարտ, ու­սուցիչ, վար­չա­յին...

Հայ Դպրո­ցին հան­դէպ
կաս­կածնե­րու մա­սին...

Ակա­դէմա­կան մա­կար­դա­կով, հա­մալ­սա­րան մուտքի առու­մով մեր լի­սէնե­րը կ՛ար­ձա­նագ­րեն նա­խան­ձե­լի յա­ջողու­թիւն...

Հայ միջ­նա­կար­գե­րէ տղաք իրենց մտա­յին կա­րողու­թեան, ըն­դունա­կու­թեան, աշ­խա­տելու ու­նա­կու­թեան հա­մեմատ ոչ թէ նո­ւազ, այլ շատ աւե­լի եր­ջա­նիկ եւ յա­ջող կը դառ­նան Հայ լի­սէի մը մէջ... Քա­նի Հայ վար­ժա­րանը իր աշա­կեր­տին հետ կը հե­տաքրքրո­ւի ոչ թէ որ­պէս յա­ճախորդ, այլ որ­պէս իր ապա­գայ սե­րունդը...

Օտար լե­­զուի՝ անգլե­­րէնի պա­­րագան նա­­խակրթա­­րան­­նե­­­րէ սկսեալ գրե­­թէ լու­­ծո­­­ւած կը նկա­­տենք... Քա­­նի մեր բո­­լոր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ կի­­րար­­կո­­­ւած անգլիերէ­­նի ծրագ­­րին կա­­նոնա­­ւոր հե­­տեւող տղան նոյ­­նիսկ առանց նա­­խապատ­­րաստա­­կան ու­­սա­­­նելու կրնայ ուղղա­­կի առա­­ջին դա­­սարան հե­­տեւիլ Թուրքիոյ լա­­ւագոյն հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րուն մէջ... Օրի­­նակ­­ներ բազ­­մա­­­թիւ են։

Ար­­տա­­­սահ­­ման ու­­սա­­­նելու հա­­մար պար­­տա­­­դիր չէ IB (international Baccaloria) վկա­­յակա­­նի տէր ըլ­­լալ, ու­­նե­­­ցանք աշա­­կերտներ որոնք թո­­ւաբա­­նու­­թեան եւ անգլիերէ­­նի քննու­­թեան մէջ յա­­ջողե­­լով եւ կամ Թուրքիոյ մէջ հա­­մար­­ժէք ճիւ­­ղը շա­­հելով մուտք գոր­­ծե­­­ցին ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի իրենց նա­­խընտրած բա­­ժինը։

Այ­­սօր մեր դպրոց­­նե­­­րուն մօ­­տէն ծա­­նօթ Թուրք ու­­սուցիչ­­ներ, բա­­րեկամ­­ներ գնա­­հատե­­լով Հայ վար­­ժա­­­րանը յա­­ճախ կ՛ընդվզին թէ ին­­չո՞ւ իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը չեն ըն­­դունո­­ւիր այս դպրոց­­նե­­­րը կամ ին­­չո՞ւ Հայ հա­­մայնքը լիովին չ՛օգ­­տա­­­գոր­­ծեր իրեն ըն­­ծա­­­յուած այս առի­­թը...

Ըն­­կե­­­րամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին
պա­­րագա­­ներուն մա­­սին...

Դժո­­ւար է խօ­­սիլ... Մար­­դիկ իրենց ընտրու­­թիւննե­­րուն, իրենց մտա­­հոգու­­թիւննե­­րուն, եր­­բեմն ալ հան­­դի­­­պումնե­­րու հե­­տեւան­­քով կը ձե­­ւաւօ­­րէն իրենց կեան­­քը... Եր­­բեմն օրի­­նակ հան­­դի­­­սանա­­լով, եր­­բեմն ալ օրի­­նակ առ­­նե­­­լով իրենց մօ­­տիկ շրջա­­նակը... Ազ­­գա­­­յին, մշա­­կու­­թա­­­յին ինքնու­­թեան մը պահ­­պանման պայ­­քա­­­րը կրնայ նո­­ւազ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­նալ ան­­հա­­­տէ ան­­հատ...

Բա­­րելաւ­­ման առա­­ջարկներ,
կի­­րար­­կե­­­լի՝ հա­­մայնքին բո­­լոր խա­­ւերուն միատեղ
աշ­­խա­­­տան­­քով...

- Լուրջ ներդրումներ ընել մար­­դու... Դպրոց­­նե­­­րու պա­­րագա­­յին ու­­սուցի­­չին վե­­րապատ­­րաստման, անոր աշ­­խարհա­­հայեաց­­քի ընդլայնման, զար­­գացման հա­­մար պիւտճէ տրա­­մադ­­րել, եւ մօ­­տէն հե­­տեւիլ ըն­­թացքին, ծրա­­գիր­­նե­­­րու իրա­­կանաց­­ման

- Ու­­սուցչու­­թիւնը նա­­խընտրե­­լի աս­­պա­­­րէզ դարձնել հա­­մայնքին յա­­ջողա­­գոյն երի­­տասարդնե­­րուն հա­­մար ալ։ Ու­­սուցի­­չը նիւ­­թա­­­պէս գո­­հաց­­նել

- Զար­­գացնել՝ ըն­­կե­­­րային եւ մշա­­կու­­թա­­­յին ձեռ­­նարկնե­­րը... Հան­­դի­­­պումներ ու­­նե­­­նալ հա­­մայնքին եւ երկրին մտա­­ւորա­­կան դա­­սակար­­գին հետ, օտար կամ Թուրք անո­­ւանի վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կեր­­տութեան հետ ծրա­­գիր­­ներ մշա­­կել, որ­­պէսզի Հայ տղան դառ­­նայ ա՚լ աւե­­լի ինքնավստահ, ակա­­դէմա­­կան յա­­ջողու­­թեան կող­­քին...

- Ար­­հեստից վար­­ժա­­­րան մը՝ յար­­մա­­­րագոյն բա­­ժին­­նե­­­րով... Հայ վար­­ժա­­­րանը մեծ մա­­սամբ զուրկ է հա­­մայնքին բո­­լոր զա­­ւակ­­նե­­­րը ընդգրկող ծրա­­գիր­­նե­­­րէ...

Հայ դպրո­­ցը այս հո­­ղերու վրայ ար­­դէն իսկ ու­­նէր տղան ար­­հեստի մը տէր դարձնե­­լով կեան­­քի պատ­­րաստե­­լու մի­­ջոց­­ներ... Գա­­րակէօզեանը որ­­պէս ման­­չե­­­րու որ­­բա­­­նոց, ու­­նէր զա­­նազան ար­­հեստա­­նոց­­ներ, Գալ­­ֆաեանը հիմ­­նո­­­ւեր էր որ­­բուհի­­ներու ձե­­ռագործ ջամ­­բե­­­լու հա­­մար։ Իսկ Էրզրու­­մի Սա­­նասա­­րեանը ու­­նէր նաեւ ար­­հեստա­­նոցի բա­­ժին մը։

- Յու­­զիչ է... Նա­­խակրթա­­կան վար­­ժա­­­րան­­ներ յա­­ջողու­­թիւն կը նկա­­տեն իրենց աշա­­կեր­­տին նոյ­­նիսկ հա­­սարակ թրքա­­կան մաս­­նա­­­ւոր կամ Անա­­տօլու լի­­սէ մը մուտքը, զա­­նոնք որա­­կաւոր վար­­ժա­­­րան­­ներ անո­­ւանե­­լով... Թեր­­թե­­­րու եւ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մէջ տղոց անուննե­­րը յայ­­տա­­­րարել եւ բնաւ նկա­­տի չու­­նե­­­նալ կամ երկրորդ աս­­տի­­­ճանի դա­­սել հայ­­կա­­­կան լի­­սէներ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւող­­նե­­­րը...

- Ին­­չո՞ւ չու­­նե­­­նալ Ու­­սումնա­­կան Խոր­­հուրդ մը... Ու­­սուցիչ­­նե­­­րու, դպրոց­­նե­­­րու աշ­­խա­­­տան­­քը հա­­մակար­­գող, խոր­­հուրդ մը...

Մին­­չեւ քսա­­ներորդ դա­­րու սկիզ­­բը, նոյ­­նիսկ մին­­չեւ 1950-ական թո­­ւական­­ներ դպրոց­­նե­­­րը կը գոր­­ծէին նկա­­տի ու­­նե­­­նալով նաեւ ու­­սումնա­­կան խոր­­հուրդը, որուն կ՛ատե­­նապե­­տէին ու­­սուցչա­­պետ կո­­չուած ման­­կա­­­վարժ ու­­սուցիչ­­ներ...

Այ­­սօր այդ պաշ­­տօ­­­նը ստանձնե­­լու յար­­մա­­­րագոյն հաս­­տա­­­տու­­թիւնը կրնայ հա­­մարուիլ Ու­­սուցչաց Միու­­թիւնը, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով իր կա­­նոնագ­­րութեան մէջ ու­­սուցիչ պատ­­րաստե­­լու յօ­­դուա­­ծին գո­­յու­­թիւնը։

Տե­­ղեկագ­­րութիւններ,
Վի­­ճակագ­­րա­­­կան Տո­­ւեալ­­ներ...

Դաս­­տիարա­­կու­­թիւն, ու­­սում... Գրե­­թէ ամե­­նադ­­ժո­­­ւարին եւ խնդրա­­յարոյց բնա­­գաւա­­ռը, նոյ­­նիսկ յա­­ռաջա­­ցեալ եր­­կիրնե­­րու հա­­մար... Որ­­պէս Պոլ­­սա­­­հայ փոքր հա­­մայնք մենք եւս ձգտե­­լով լա­­ւագոյ­­նին ջա­­նացած ենք յաղ­­թա­­­հարել ոլոր­­տի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։

Ահա անձնա­­կան կամ խմբա­­յին աշ­­խա­­­տանքնե­­րով լոյս տե­­սած շարք մը տե­­ղեկագ­­րութիւններ, մեր կրթա­­կան կեան­­քը բա­­րելա­­ւելու յիս­­նա­­­մեայ որո­­նումներ...

- Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թեան Յիս­­նա­­­մեակին Իս­­թանպու­­լա­­­հայ Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Վի­­ճակը-

Օն­­նիկ Ֆչը­­ճեան (Շո­­ղակաթ-1973)

Բաղ­­կա­­­ցեալ տա­­սը գլուխնե­­րէ՝ Ար­­հեստից Վար­­ժա­­­րան­­ներ, Ու­­սուցչին Մտա­­ւոր Վի­­ճակը Եւ Նիւ­­թա­­­կան Կա­­ցու­­թիւնը, Դա­­սէ Դուրս Աշ­­խա­­­տանք եւլն...

- Վի­­ճակագ­­րա­­­կան Տե­­ղեկու­­թիւններ Իս­­թանպու­­լի Հայ Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Մա­­սին 1971-72 Տա­­րեշրջա­­նի Յա­­տուկ- Տքթ. Շահ­­նուր Շա­­հէն (Շո­­ղակաթ-1973)

- Eğitimi Yeniden Yapılandırma Komisyonu Raporu (Kasım 2002- İstanbul)

Հա­­մայնքիս խումբ մը մտա­­ւորա­­կան, ար­­հեստա­­վարժ ու­­սուցիչ եւ տնօ­­րէն­­նե­­­րու կող­­մէ պատ­­րաստո­­ւած եւ թո­­ւային տո­ւեալ­­նե­­­րով ճո­­խացո­­ւած տե­­ղեկա­­գիր մը

- Ակ­­նարկ Մը Իսթան­­պուլա­­հայ Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Իրա­­կանու­­թեան- Սիլ­­վա Գո­­յումճեան (2000 եւ 2010)

Եւ ահա պոլ­­սա­­­հայ դպրոց­­նե­­­րու վեր­­ջին յի­­սուն տա­­րուան վի­­ճակագ­­րա­­­կան պատ­­կե­­­րը...

Բա­­նաս­­տեղծ, կրթա­­կան մշակ Օն­­նիկ Ֆչը­­ճեանի կող­­մէ 1973-ին գրի առ­­նո­­­ւած տե­­ղեկագ­­րութիւ­­նը եւ նոյն թո­­ւական­­նե­­­րուն Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի եւ Միու­­թեան գոր­­ծօն ան­­դամ Տօքթ. Շահ­­նուր Շա­­հէնի քա­­ղած վի­­ճակագ­­րա­­­կան տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը կ՛ար­­ժէ կրկին ու­­սումնա­­սիրել։ Յի­­սուն տա­­րի առաջ գրի առ­­նո­­­ւած Ֆչը­­ճեանի տե­­ղեկա­­գիրը գրե­­թէ նոյ­­նութեամբ կը ցո­­լաց­­նէ մեր կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու այ­­սօ­­­րուայ իրա­­կանու­­թիւնը։

Իսկ 2002-ին Պոլ­­սա­­­հայ ակա­­դէմի­­կոս եւ կրթա­­կան մշակ­­նե­­­րու կող­­մէ պատ­­րաստո­­ւած լայ­­նա­­­ծաւալ տե­­ղեկա­­գիրը ման­­րակրկիտ աշ­­խա­­­տան­­քի մը ար­­դիւնքն է։ Դժբախ­­տա­­­բար չէ ու­­նե­­­ցած գործնա­­կան կի­­րար­­կում...

2000-ին գրի առ­­նո­­­ւած եւ 2010-ին այժմէակա­­նացո­­ւած Ակ­­նարկ Մը՝ Պոլ­­սա­­­հայ Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Իրա­­կանու­­թեան խո­­րագ­­րով գրքոյ­­կը եւս լոյս կրնայ սփռել մե­­րօրեայ պա­­հանջնե­­րուն...

Ու­­րեմն... Ինչպէ՜ս բարձրաց­­նել թի­­ւը կամ գո­­նէ կա­­սեց­­նել թո­­ւային ան­­կումը Հայ դպրո­­ցի աշա­­կեր­­տութեան...

Ի մի հա­­ւաքո­­ւիլ... Խօ­­սիլ... Քննար­­կել... Գոր­­ծի լծո­­ւիլ...

Բաժ­­նել ամէն ինչ նիւ­­թա­­­կան, գա­­ղափա­­րական, գործնա­­կան գետ­­նի վրայ...

02 Սեպ­տեմբեր, 2022

Սիլ­վա Գո­յումճեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ