67 տարի ետք 6-7 Սեպտեմբերի մասին

Թուրքիոյ մօտ ան­ցեալի պատ­մութեան մէջ խիստ կա­րեւո­րու­թիւն ու­նե­ցող թո­ւական մըն է 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ը։ Այդ օր պե­տու­թեան կող­մէ յա­տուկ մշա­կուած ծրագ­րի մը հա­մաձայն խու­ժա­նը աւե­րեց ու թա­լանի են­թարկեց գլխա­ւորու­թեամբ յու­նաց եւ մա­սամբ ալ հա­յոց եւ հրէից պատ­կա­նող բազ­մա­թիւ սրբա­վայ­րեր, գե­րեզ­մաններ, գոր­ծա­րան­ներ, խա­նութներ ու տներ։ Այս առ­թիւ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Խտրա­կանու­թեան Դէմ Յանձնա­խումբը յայ­տա­րարու­թիւն մը հրա­պարա­կելով դա­տապար­տեց կատա­րուած դա­ւադ­րութիւ­նը։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կ՚ընդգծո­ւէր նաեւ հա­սարա­կու­թեան թա­լանի եւ աւա­րի դէպ­քե­րու մաս­նակցու­թիւնը։ «Երբ կը հար­ցաքննենք պաշ­տօ­նական պատ­մութիւ­նը կ՚ընդգծենք թէ պե­տու­թիւնը յան­ցանք գոր­ծած է, ու­րա­ցած ու քօ­ղար­կած է գոր­ծած յան­ցանքը։ Չէ հա­տու­ցած տու­ժածնե­րու կրած վնա­սը։ Նոյ­նիսկ նե­րողու­թիւն չէ խնդրած։ Բայց բա­ւակա­նին չենք ընդգծեր հա­սարա­կու­թեան այս յան­ցանքին մաս­նակցու­թիւնը։ Յան­ցանքը քա­նի մը պե­տական գոր­ծի­չի վե­րագ­րե­լը կը հանգստաց­նէ մեր խիղ­ճե­րը։ Իսկ ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թիւնը խօ­սիլը սիր ցա­ւեց­նող է» կ՚ըսո­ւի յայ­տա­րարու­թեան մէջ։ Յայ­տա­րարու­թիւնը կ՚աւար­տի «Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Պաշտպան­ներ, ցե­ղա­պաշտու­թեան եւ խտրա­կանու­թեան դէմ պայ­քա­րող­ներ ըլ­լա­լով մենք 6-7 Սեպ­տեմբե­րի փոկ­րո­մի 67-րդ տա­րելի­ցին ան­գամ մը եւս կը հար­ցաքննենք թէ Թուրքիոյ պե­տու­թեան աւան­դութիւ­նը եւ թէ այդ պե­տու­թեան խարսխո­ւած զան­գո­ւածը, այ­սինքն Թուրքիոյ մահ­մե­տական բնակ­չութեան պատ­մութիւ­նը։ Ան­գամ մը եւս կ՚ատենք քրիս­տո­նէից եւ հրէից հան­դէպ թշնա­մու­թեան այդ ահա­ւոր յան­ցա­գոր­ծութիւ­նը» տո­ղերով։

Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ Խորհրդա­րանին առա­ջար­կեց 6-7 Սեպ­տեմբե­րի փոկ­րո­մը յի­շողու­թեան օր ըլ­լա­լով յայ­տա­րարե­լու մա­սին օրէն­քի նա­խագիծ մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ