Հրանդ Տինք մրցանակի 14-րդ տուուչութիւն

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը կը պատ­րաստուի Տին­քի ծննդեան օրո­ւայ՝ 15 Սեպ­տեմբե­րին թո­ւար­կո­ւած մրցա­նակա­բաշ­խութեան։

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք հաս­տա­տուած մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակը ամէն տա­րի աւան­դա­բար կը շնոր­հո­ւի մար­դու իրա­ւունքնե­րու ոլոր­տին մէջ ներդրում ու­նե­ցած ան­ձե­րու կամ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու։ Մի­ջազ­գա­յին դա­տակազ­մը ըն­դունե­լով իրեն եկած բազ­մա­թիւ առա­ջարկնե­րը կը որո­շէ եր­կու պար­գե­ւատո­ւեալ­ներ, մին Թուրքիայէն եւ միւսն ալ աշ­խարհի որե­ւէ երկրէն։

Նա­խոր­դող տա­րուան մրցա­նակա­ւոր­նե­րը յա­ջոր­դող տա­րի դա­տակազ­մին ան­դամ կը դառ­նան, իսկ դա­տակազ­մը կը նա­խագա­հէ Հրան­դի այ­րին, տի­կին Ռա­քէլ Տինք։

Նա­խապէս դահ­լի­ճի մէջ կա­յացող մրցա­նակի տո­ւու­ջութեան հան­դէ­սը հա­մավա­րակի բեր­մամբ վեր­ջին երեք տա­րինե­րուն կը կա­յանայ առ­ցանց դրու­թեամս։ Մրցա­նակա­տուու­չութեան կա­րելի է հե­տեւիլ հիմ­նարկի կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դումով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ