Փայլան՝ Վանի մշակութային ժառանգի մասին

Խորհրդա­­րանի հա­­յազ­­գի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան նա­­խորդ շա­­բաթ Վան այ­­ցե­­­լելով այս պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքի եւ յա­­րակից շրջան­­նե­­­րու հայ­­կա­­­կան մշակու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի մա­­սին ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարեց։ Տպա­­ւորու­­թիւնները իր անձնա­­կան կայ­­քէ­­­ջի մի­­ջոցաւ հրա­­պարա­­կող Կա­­րօ Փայ­­լան ան­­գամ մը եւս ահա­­զանգ հնչե­­ցուց պատ­­մա­­­կան կա­­ռոյցնե­­րու ան­­տէ­­­րու­­թեան մա­­սին։

Երես­­փո­­­խան Փայ­­լան նշեց նաեւ թէ նիւ­­թը Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գին ալ պի­­տի փո­­խադ­­րէ։ Փայ­­լան իր տե­­սած­­նե­­­րը կը պատ­­մէ հե­­տեւեալ տո­­ղերով. «Մին­­չեւ 107 տա­­րի առաջ այս տա­­րած­­քաշրջա­­նին մէջ հա­­յերու, յոյ­­նե­­­րու, ասո­­րինե­­րու, վրա­­ցինե­­րու պատ­­կա­­­նող հա­­զարա­­ւոր վան­­քեր ու եկե­­ղեցի­­ներ կար։ Այ­­սօր անոնցմէ շա­­տերը փլած են եւ հա­­զիւ քա­­նի մը հա­­տը կան­­գուն մնա­­ցած։ Այդ կան­­գուն մնա­­ցած­­ներն ալ հո­­գեվար­­քի վի­­ճակի են։ Յատ­­կա­­­պէս իմ այ­­ցե­­­լած Վան, Բա­­ղէշ եւ Մուշ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ հա­­զիւ թէ կան­­գուն մնա­­ցած այդ պատ­­մա­­­կան կա­­ռոյցնե­­րը կար­­ծես մա­­հուան դա­­տապար­­տուած են։ Հաս­­տա­­­տեցի որ այս մա­­սին տի­­րող պե­­տական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը նոյ­­նութեամբ կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Նա­­խորդ կի­­րակի Աղ­­թա­­­մար կղզիի վրայ Սուրբ Խա­­չի տա­­ղաւա­­րը նշո­­ւեցաւ։ Իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կը շա­­հագոր­­ծէ Աղ­­թա­­­մարի վե­­րանո­­րոգու­­մը։ Նաեւ կ՚ան­­տե­­­սէ Վա­­նի մէջ հա­­մար­­ժէք հա­­րիւ­­րա­­­ւոր եկե­­ղեցի­­ներու անմխի­­թար վի­­ճակը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր վանք որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռանգ Պոլ­­սոյ Սուրբ Սո­­ֆիայի կամ Եգիպ­­տա­­­կան բուրգե­­րու հա­­մազօր ար­­ժէքներ են։ Մշոյ Սուրբ Կա­­րապե­­տը, Վա­­րագա­­վան­­քը եւ Սուրբ Բար­­թո­­­ղիմէոսի վան­­քը ճար­­տա­­­րապե­­տական կո­­թող­­ներ են։

Գան­­ձա­­­խոյզնե­­րը ամե­­նու­­րէք կը շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց աւե­­րիչ չա­­րագոր­­ծութիւ­­նը։ Նոյ­­նիսկ գիւ­­ղա­­­կան եկե­­ղեցի­­ները զերծ չեն այս աւե­­րէն։ Նախ շշուկներ կը տա­­րածեն ըսե­­լով թէ այս կամ այն սիւնին յա­­տակը ոս­­կի թա­­ղուած է։ Ապա կը քան­­դեն սիւ­­նե­­­րը եւ շի­­նու­­թեան կքե­­լուն պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լան։ Նա­­խապէս օրա­­կար­­գի բե­­րած էի հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատան վրայ զու­­գա­­­րան եւ սրճա­­րան կա­­ռու­­ցե­­­լու խնդի­­րը։ Այս այ­­ցե­­­լու­­թիւնով տե­­սայ թէ այդ նոյն տա­­րած­­քին վրայ դպրոց մը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է եւ սոյն տա­­րուայ ուսման տա­­րեշրջա­­նին իր դռնե­­րը պի­­տի բա­­նայ աշա­­կեր­­տութեան դի­­մաց»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ