Բարեբախտաբար բազմութիւն ենք տակաւին

ՉԻՂՏԵՄ ՄԱԹԵՐ ՈՒԹՔՈՒ

Հոգիս Հրանդ Տինք,

Կար­­ծես պատ­­մա­­­կան զա­­ւեշտ մը ըլ­­լայ, այս տո­­ղերը կը գրեմ Պա­­քըր­­գիւղէն։ Այն թա­­ղէն, ուր ան­­ցած է իմ նա­­խակրթա­­րանի աշա­­կետու­­թեան տա­­րինե­­րը եւ խօս­­քը մեր մէջ այդքան ալ չեմ սի­­րած։

Իս­­թանպուլ պո­­ղոտան հա­­տող Մու­­հա­­­սեպե­­ճի փո­­ղոցի մեր տու­­նէն «Փի­­լոթ Ճեն­­կիզ Թո­­փել» նա­­խակրթա­­րան տա­­նող ճամ­­բուս վրայ ամե­­նասի­­րելի վայրն էր «Պէ­­յազ Ատամ» գրա­­տու­­նը։ Գրե­­նական պի­­տոյ­­քի սի­­րահա­­րիս հա­­մար իրաւ սրբա­­վայր մը։ Ման­­կութեանս ար­­ժա­­­նաւո­­րը Օշին Չի­­լին­­կի­­­րը հոն էր, դուն ալ նոյնպէս։ Սա­­կայն իմ աչ­­քը ձեզ չէր տես­­ներ։

Երբ մեծ­­ցայ եւ խելքս հա­­սունցաւ դժուարա­­ցայ Հրանդ Տին­­քին «Պէ­­յազ Ատամ» գրա­­խանու­­թի այդ հօ­­բարը ըլ­­լա­­­լը ըն­­կա­­­լելու։ Հրանդ Տին­­քը ան­­սո­­­վոր բա­­ներ կը պատ­­մէր մե­­զի։ Ոչ նա­­խակրթա­­րանի եւ ոչ ալ ու­­րիշ տեղ յի­­շուած պատ­­մութիւն մը կը պատ­­մէր։ Նախ լսե­­ցի իր խօս­­քե­­­րը, ապա իմա­­ցայ եւ բնա­­կանա­­բար սկսայ կար­­դալ։

Դէ­­պի Հա­­յաս­­տան

Հա­­յաս­­տա­­­նը հե­­ռաւոր հա­­րեւան մըն էր։ Մեծ­­ցած էի։ Սկսած էի Կարս այ­­ցե­­­լել։ Ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րը եւ ծա­­նօթու­­թիւննե­­րը ըն­­թերցե­­լու ալ աւե­­լի մեծ պա­­հանջք գո­­յացու­­ցին։ Սի­­րելի Օս­­ման Քա­­ւալա, որ այս տո­­ղերը պի­­տի կար­­դայ Սի­­լիվ­­րիի ար­­գե­­­լանո­­ցը սկսած էր մտմտալ թէ ար­­դեօք կա­­րելի է՞ այդ հե­­ռաւոր հա­­րեւա­­նը մեր­­ձա­­­ւոր դարձնել։ Ին­­ծի վի­­ճակե­­ցաւ նշո­­ւած ար­­դեօքը որո­­նելու հա­­մար Հա­­յաս­­տան ճամ­­բորդել։ Նախ­­քան մեկ­­նումս քեզ այ­­ցե­­­լեցի։

Եր­­կար ցանկ մը դրիր դի­­մացս։ Տե­­սար­­ժան վայ­­րեր, ու­­տեստներ եւ ծա­­նօթա­­նալիք մարդ։ Այդ պա­­հուն չէի գտեր թէ յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն տաս­­նեակ ան­­գամներ պի­­տի այ­­ցե­­­լեմ Երե­­ւան։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ փոր­­ձե­­­ցի բո­­լոր թե­­լադ­­րանքնե­­րը իրա­­կանաց­­նել։ Օրի­­նակ Խոր Վի­­րապի վան­­քը այ­­ցե­­­լեցի։ Աշ­­խարհի վրայ ամե­­նասի­­րելի տե­­ղերէն մէկը ին­­ծի հա­­մար։ Չէի գի­­տեր թէ աւե­­լի ետք 10 ան­­գամ եւս պի­­տի եր­­թամ այդ նոյն վայ­­րը։ Ապա խնկա­­լի կե­­րայ։ Հա­­կառակ որ չեմ հան­­դուրժեր «քիշ­­նիշ» կո­­չուած հա­­մեմունքը։ Շատ ուշ իմա­­ցայ որ կա­­րելի էր մէը օր առաջ այդ ճա­­շարա­­նը հան­­դի­­­պելով յա­­ջորդ օրուան հա­­մար առանց «քիշ­­նիշ»ի խնկա­­լի պա­­տուի­­րել։ Շրջե­­ցայ, ման եկայ, կե­­րայ, խմե­­ցի, ծա­­նօթա­­ցայ, զրու­­ցե­­­ցի եւ այ­­սօր կ՚անդրա­­դառ­­նամ որ ամե­­նակա­­րեւո­­րը՝ լսե­­ցի։

Վե­­րադար­­ձին ճամ­­բորդու­­թիւնս հա­­զիւ ոտ­­քի վրայ կրցայ պատ­­մել քե­­զի։ 2006-ի ամառն էր։ Մեծ Կղզի, ճա­­շասե­­ղանի մը շուրջն էինք՝ բազ­­մութիւն։ Ապա դա­­տարա­­նի դռնե­­րէն բա­­ցի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը առի­­թով տե­­սայ քեզ։ Այդ վերջնն էր։ Ան­­գամ մըն ալ չհե­­սայ քեզ։

19 Յու­­նո­­­ւար 2007 Էլ­­մա­­­տաղ, «Ակօս»ին հա­­զիւ 1,5 քմ. հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ «Անա­­տոլու Քիւլթիւ­­ր»ի գրա­­սեղանս էի, երբ հե­­ռախօսս հնչեց։ Մու­­րա­­­տը ան­­ճա­­­րակ դար­­ձած էր, ըն­­կա­­­լու­­չը ձե­­ռին։ Չէր կրնար խօ­­սիլ։ Մենք զմեզ «Ակօս»ին մուտքին գտանք։ Էօզ­­լեմ Տալ­­քը­­­րանի հետ ափ­­սո­­­սան­­քով իրար կը նա­­յէինք։ Այդ պա­­հէն մտքիս մէջ դրոշ­­մո­­­ւած է Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի վշտա­­հար հա­­յեաց­­քը։ Դեռ չէի անդրդար­­ձած թէ կեան­­քիս կա­­րեւա­­գոյն ան­­կիւնա­­դար­­ձին եմ։ Այդ բազ­­մութիւ­­նը կազ­­մող մար­­դոցմէ ոմանց յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն, ամիս­­նե­­­րուն կամ տա­­րինե­­րուն իմ կեան­­քին կի­­զակէ­­տին ըլ­­լալնին չէի կրնար գիտ­­նալ։ 29 տա­­րեկան էի։ Գի­­տէի երկրի չա­­րիք­­նե­­­րը։ Բայց բնաւ չէի յու­­սար որ «Ակօս»ի դրան առ­­ջեւ երկրի մը յոյս ներշնչող ապա­­գան զգետ­­նած պի­­տի ըլլլար։ Չէի յու­­սար, ինչպէս որ Սի­­րելի Ռա­­քէլ Տինք եր­­կու շա­­բաթ առաջ ին­­ծի ուղղեալ բաց նա­­մակին մէջ կ՚ընդգծէր։ Անի­­ծեալ հո­­ղերէն, անէծ­­քին վե­­րանա­­լը յու­­սա­­­լը հա­­ւանա­­կանու­­թիւն մըն էր եւ շատ քաղցր հա­­ւանա­­կանու­­թիւն մը։ Այդ հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը ոչ միայն զիս, այլ բազ­­մա­­­հազար մարդկանց վրայ ազ­­դեց։ Այդ ազ­­դե­­­ցու­­թեան վառ ապա­­ցոյ­­ցը այս պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րէն քեզ ճա­­նապար­­հելն էր։

Սի­­րելի Հրանդ Տինք, քու գո­­յու­­թիւնով ու բա­­ցակա­­յու­­թիւնով բա­­ցած դուռդ շատ ար­­ժէ­­­քաւոր է։ Անցնող 15 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին Թուրքիա, Հա­­յաս­­տան եւ նռան հա­­տիկ­­նե­­­րու նման աշ­­խարհի չորս ծա­­գերուն ցրո­­ւած հայ­­կա­­­կան սփիւռքէն հա­­զարա­­ւոր­­ներ ան­­ցան այդ դռնէն։ Ծա­­նօթա­­ցան, զրու­­ցե­­­ցին, լսե­­ցին, առե­­րեսո­­ւեցան, իմա­­ցան եւ միասին շա­­րու­­նա­­­կեցին եր­­թը։ Քու անու­­նով հիմ­­նո­­­ւած հիմ­­նարկը, որուն մաս­­նի­­­կը ըլ­­լա­­­լու պա­­տիւը կը զգամ միշտ, քու իսկ երե­­ւակա­­յու­­թեան սահ­­մաննե­­րէն վեր գոր­­ծեր իրա­­կանա­­ցուց։ Ընդմիշտ յի­­շեցուց հա­­յելիին եւ ապա իրա­­րու նա­­յելուն ար­­ժէ­­­քը։ Թուրքիոյ, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ սփիւռքի տար­­բեր ան­­կիւննե­­րէն երի­­տասարդներ շար­­ժանկա­­րով, արո­­ւես­­տով, պատ­­մութիւ­­նով եւ ծա­­նօթա­­նալով ու­­րիշ տե­­սակ հա­­րեւա­­նու­­թեան մըն ալ կա­­րելիու­­թիւնը փաս­­տե­­­ցին։

Ինչ լաւ է որ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկը առան­­ձին չէ։ Թուրքիայէն, Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ սփիւռքէն բազ­­մա­­­թիւ ան­­հատներ, հաս­­տա­­­տու­­թիւններ, նա­­խաձեռ­­նութիւններ անցնող 15 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն ստանձնե­­ցին։ Այդ հա­­ւանա­­կանու­­թեան հա­­մար ջանք վատ­­նե­­­ցին։ Մի նա­­յիր որ այսքան հան­­գիստ կը գրեմ բնաւ դիւ­­րին չէր եւ տա­­կաւին ալ չէ։

Թէ եր­­կի­­­րը եւ թէ աշ­­խարհ օրըս­­տօ­­­րէ կը դժո­­ւարա­­նայ։ Եթէ մէկ քայլ առաջ կ՚անցնինք, եր­­կու քայլ ետ կը մղո­­ւինք։ Պահ մը կը յու­­սադրո­­ւինք եւ ապա ամէն ինչ դար­­ձեալ մեր վրայ կը փլի։ Ինչպէս կ՚ըսէ Ռա­­քէլ Տինք. «Բռնա­­կալու­­թիւնը չէ փո­­խուած, այլ բռնա­­կալ­­նե­­­րը»։ Նոյ­­նիսկ անոնք չեն փո­­խուած։ Նոյն խա­­ւար դէմ­­քե­­­րը մեր դի­­մաց։ Ան­­շուշտ որ այս ան­­վերջա­­նալի բռնու­­թե­­­նէն բո­­լորս ալ մեր բա­­ժինը կը քա­­ղենք։ Սի­­րելի Օս­­ման Քա­­ւալա հա­­մարեա 5 տա­­րի է որ Սի­­լիվ­­րի բան­­տարկո­­ւած է։ Մեր 15 տա­­րուայ գոր­­ծընկեր Պիր­­ճան Սին­­ճա­­­նի մէջ երկրորդ տա­­րին կը լրաց­­նէ շու­­տով։ Մենք Պա­­քըր­­գիւղ եւ Սի­­լիվ­­րիի մէջ 5 ամի­­սը կը բո­­լորենք։ Թուրքիոյ զա­­նազան բան­­տե­­­րուն մէջ ծա­­նօթ, ան­­ծա­­­նօթ բա­­րեկամ­­ներ ու­­նինք։ Այս 15 տա­­րինե­­րուն միասին քա­­լած ըն­­կերներ­­նէս ոմանք բան­­տարկո­­ւեցան, դուրս եկան, աք­­սո­­­րուե­­ցան, ոմանք բա­­ցայայտ սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու տակ Խորհրդա­­րանի մէջ ձայն բարձրաց­­նել կը շա­­րու­­նա­­­կեն։

Գի­­տեմ յո­­ռետես եղան գրած­­ներս՝ բայց երկրի վի­­ճակը լա­­ւատե­­սու­­թիւն չար­­տօ­­­նէր։ Դար­­ձեալ յի­­շեմ Ռա­­քէլ Տին­­քը. «Մեր հա­­յեաց­­քը ուղղո­­ւած է երկրի լու­­սա­­­ւոր երե­­սին»։

Ճիշդ է յոյ­­սերնիս կա­­պած ենք այդ լու­­սա­­­ւոր ապա­­գային։ Եւ գիտ­­նաս որ­­քան շատ կա­­րօտ­­ցած ենք քեզ, այդ ապա­­գայի կա­­րօտին մէջ։ Որ­­քան կա­­րօտած ենք ամե­­նու­­րէք ամէն պայ­­մա­­­նի տակ, ամէ­­նու հետ խօ­­սելու, պատ­­մե­­­լու, լսե­­լու յա­­մառու­­թիւնը։ Ամե­­նուն հետ իր հասկցած լե­­զուով խօ­­սելու կա­­րողու­­թիւնդ, եռանդդ ու խինդդ…։

Ինչ լաւ է որ մե­­զի փո­­խան­­ցե­­­ցիր լռու­­թեան դա­­տապար­­տո­­­ւածի մա­­սին խօ­­սելու, մո­­ռացո­­ւածը վեր­­յի­­­շելու, իրար լսե­­լու ար­­ժէ­­­քը։ Խօս­­քերդ դեռ մեր ականջնե­­րուն է։ Ամէն կա­­րելին ի գործ կը դնենք քու բա­­ցած դու­­ռը բաց պա­­հելու հա­­մար։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար բազ­­մութիւն ենք տա­­կաւին։

Ծնունդդ շնոր­­հա­­­ւոր Հրանդ Տինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ